Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՊԱՂՏԱՏԻՆ
Թուրքիոյ եւ Իրաքի տարաձայնութիւնները այս շրջանին կը շարունակեն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Առկայ մթնոլորտին մէջ Արաբական պետութիւններու լիկան աջակցութիւն յայտնեց Իրաքին՝ Թուրքիոյ հետ տարաձայնութիւններուն շրջագծով։
Ծանօթ է, որ Իրաքի հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ մարզման նպատակով կուտակուած զօրքերը լարուածութիւն յառաջացուցած էին երկու երկիրներուն միջեւ։ Այդ ճգնաժամը ունէր նաեւ Անգարա-Մոսկուա լարուածութեան վրայ երեսակներ։ Խնդիրը եկած էր ՄԱԿ-ի օրակարգին վրայ։ Ներկայ պայմաններով Թուրքիա արդէն ետ կը քաշէ խնդրոյ առարկայ իր զօրքերը։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015