ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՍՆՎԵՑ ԺԱՊԱՒԷՆ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒԱԾ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը 2015 թուականին սկսած է հայկական շարժանկարներու թուայնացման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արթուր Պօղոսեան:
Ըստ փոխ-նախարարին, արդէն տասնվեց հայկական շարժանկար ամբողջովին թուայնացուած է: «Մեզի համար շատ կարեւոր է պահպանել այդ ժառանգութիւնը, ու մենք 2016 թուականին կը շարունակենք թուայնացումը», շեշտած է Արթուր Պօղոսեան: Հայաստանի կառավարութիւնը, ըստ Պօղոսեանի, կը փորձէ արտօնեալ պայմաններ ապահովել շարժանկարի արտադրութեան համար: «Մենք կը խրախուսենք համատեղ շարժանկարի արտադրութիւնը», աւելցուցած է Արթուր Պօղոսեան: Ան նշած է, որ ընդհանուր առմամբ 2015 թուականին իրականացուած է շարժանկարի տասնհինգ նախագիծ, չորսը դեռ ընթացքի մէջ է, որոնց ծիրէն ներս նկարահանուած է տասհինգ լիամեթրաժ ու տասն կարճամեթրաժ ժապաւէն, մէկ նախափորձ շարժանկար, մէկ ուսանողական: «Հայաստանի մարզերուն ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած են «Հայկական էսքիզներ» ընդհանուր անուանումով կարճամեթրաժ ժապաւէններու նկարահանման աշխատանքներ, նաեւ կայացած է «Անահիտ» մանկական ժապաւէինին շնորհանդէսը», շեշտած է Արթուր Պօղոսեան: