ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ սարքուած աւանդական ընդունելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան մամլոյ սպասաւորներուն փոխանցեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ շեշտեց, թէ 2015 թուականը բուռն եւ ծանրաբեռնուած էր աշխատանքի առումով։ Անցեալ տարին իւրայատուկ եւ շրջադարձային էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան տեսակէտէ։ Սերժ Սարգսեան լրագրողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց 2015-ի ոգեկոչումներու ընթացքին ներդրուած ջանքերուն եւ կատարուած մեծածաւալ աշխատանքին համար։ «Դուք եւ արտերկրի ձեր գործընկերները արհեստավարժ աշխատանքի շնորհիւ կարողացաք միջազգային հանրութեան համար առաւել տեսանելի դարձնել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման գործին մէջ։ Ցոյց տուիք մեր պայքարի համամարդկային բնոյթը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Ընդունելութեան ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն շուրջ։ Այս ուղղութեամբ լրագրողներուն կողմէ կատարուած բարեխիղճ եւ աշխոյժ աշխատանքին համար եւս Սերժ Սարգսեան արտայայտեց իր երախտագիտական զգացումները։ Ան շարունակեց.
«Ձեզմէ շատեր տարուան ընթացքին իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու ժամանակ երբեմն դէմ յանդիման մնացած են դժուարութիւններու եւ զանոնք յաղթահարած պատուով։ Առանձին դրուագի մը մէջ, անշուշտ, գործ ունեցած ենք նաեւ այն իրողութեան հետ, որ չի տեղաւորուիր լրագրական գործունէութեան ազատութեան այն պատկերացումներուն մէջ, որոնց վերաբերեալ մեր հասարակութեան եւ իշխանութիւններուն մօտ վաղուց արդէն կայ կատարեալ քոնսենսիւս մը։ Գոհացուցիչ է, որ տուեալ պարագային արձագանգն ալ համահունչ էր բոլորին կողմէ։ Իսկ ընդհանուր առմամբ, այսօր մենք հաստատապէս կրնանք արձանագրել, որ լրագրական ազատութիւնները Հայաստանի մէջ շատ մօտ են ժամանակակից յառաջադէմ պահանջներուն եւ սա համատեղ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է եւ մեծ ձեռքբերում։ Մենք, ի հարկէ, կրնանք տարբեր կարծիքներ ունենալ այսօրուան մեր լրագրութեան բովանդակութեան, խորութեան, անաչառութեան մասին, կրնանք համաձայնութեան գալ կամ չգալ կարելիի եւ անթոյլատրելիի սահմաններուն մասին, կրնանք մերժել որեւէ սահմանի գոյութիւն ընդհանրապէս։ Կան, չէ՞, նաեւ մարդիկ, որոնք այսպէս կը կարծեն, բայց սա արդէն քննարկման այլ նիւթ մըն է։ Նիւթի մը շուրջ սակայն չենք կրնար համակարծիք չըլլալ. ազատ մամուլը արժէք է եւ մենք այդ հարցին մէջ ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք»։
Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ 2016 թուական մուտք կը գործեն մեծ յոյսերով եւ ծրագրերով։ «Միաժամանակ բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ մեր խնդիրները տակաւին լուծուած չեն եւ շատ ընելիքներ ունինք, որպէսզի մեր երկիրը դարձնենք մեր երազածին նման։ Մեր փորձառութիւնը կը յուշէ, որ այդ նպատակին կարելի է հասնիլ միայն համատեղ աշխատանքով, որմէ անմասն պէտք չէ մնան լրագրական համայնքն ու լրատուամիջոցները։
«Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ։ Կը մաղթեմ, որ յաջորդ տարի եւս ձեր գործունէութիւնը իրականացնէք մասնագիտական պարտքի բարձր զգացումով, ըլլաք սկզբունքային եւ հետեւողական։ Ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն կը մաղթենք երջանկութիւն, իսկ ձեր ձեռնարկներուն յաջողութիւններ։ Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ», եզրափակեց Սերժ Սարգսեան իր խօսքը։