ՊՈԼՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի տարածքաշրջանի ներկայացուցչական ժողովը վերջերս ընդլայնուած կազմով տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։ Սա իր տեսակին մէջ կազմակերպուած առաջին հաւաքն էր, որուն նախագահեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր պատասխանատուն է։ Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր։ Պոլոնիայի «Սենթր Կրոսս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցան աշխատանքները, որոնց շրջագծով ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Աշխատանքները եզրափակուեցան խաղաղական ժամերգութիւնով մը։
Հաւաքէն վերջ ժողովականները ուխտագնացութիւն մը իրականացուցին դէպի Վենետիկ, ուր այցելեցին Ս. Խաչ եկեղեցին եւ Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար մայրավանքը։ Աւելի վերջ երիտասարդները ուղեւորուեցան դէպի Միլանօ, ուր մասնակցութիւն բերին տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին։