Ազնիւ մղումը
Թրքահայ համայնքի մանաւա՛նդ Հանրապետական շրջանի տարեգրութիւնները կրնան համարուիլ, կարճ խօսքով, զօրակցութեան պատմութիւն մը։ Ազնիւ մղումի մը դրսեւորումները պայմանաւորած են մեր հաւաքականութեան յարատեւութիւնը։ Վիթխարի ժառանգութիւն մը կենսունակ պահելու ձգտումը գործնական գետնի վրայ միշտ բիւրեղացած է օրինակելի զօրակցութիւնով, հաւաքական ճիգով մը։
Տասնամեակներ շարունակ այս համայնքը կանգուն պահած է բարենը-պատակ ազգային հաստատութիւններու ցանց մը, առանց որեւէ հովանաւորութեան, քաջալերանքի, երբեմն նոյնիսկ յաղթահարելով խոչընդոտներ։ Ճիշդ է, որ ապրուած են բազում ելեւէջներ կամ արդիւնքները կրնան ըլլալ յարաբերական, սակայն առարկայական փաստը անհերքելի է։ Այս համայնքը ունեցած է ջիղ մը, որ կը սկսի բնազդային ձեւով բանիլ ամենադժուարին իրավիճակներու մէջ։ Խորհրդաւոր կանչով մը շարժման կ՚անցնի ան եւ արդիւնքը կրնայ ըլլալ հրաշքի համազօր։ Օրինակները սահ-մանափակ չեն միայն մեր հաստատութիւններու գոյութեամբ։ Զօրակցութեան բազում շարժումներ թրքահայ իրականութեան վրայ վառ հետքեր թողած են՝ իրենց պսակուած լուրջ յաջողութիւններով։
Եւ այսօր թրքահայ համայնքին այդ ազնիւ մղումը, ըստ երեւոյթին, միակ ապաւէնն է մեր այն ազգակիցներուն, որոնց կեանքը տակն ու վրայ եղած է Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի ոդիսականին հետեւանքով եւ որոնք Իրաքէն ու Սուրիայէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած են իրենց ընտանիքներուն հետ։
Անոնք մեր հարազատները չե՞ն։ Այդ ընտանիքները մեր ալ ընտանիքները չե՞ն։ Ո՞ր օրուան համար է ազգակցութիւնը։ Զօրակցութիւնը նաեւ դիմադրութի՞ւն չէ։ Ամէն տեսակ նախաձեռնութեան ճակատագիրը չե՞ն վճռեր սէրն ու նուիրումը։
Ուրեմն առանց ժամանակ վատնելու անցնինք գործի ու չկասկածինք մեր հաւաքական յաջողութենէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ