«ԱՐԱՐԱՏ» ՔՈՆԻԱՔՆ ՈՒ ՈՒԻՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼ
Լոնտոնի «Սոթպի՚զ» հանրածանօթ ընկերութիւնը Մոնաքոյի արքայազն Ալպէռ իշխանի հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ վերջերս կազմակերպած էր աճուրդ մը՝ նուիրուած Ուիսթըն Չըրչիլի մահուան 50-րդ տարելիցին։ Աճուրդի գլխաւոր կազմակերպիչներն էին արքայազն Ալպէռ, Մոնաքոյի մօտ Անգլիոյ դեսպան Էվէլին Չենթա եւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան։ Հանգանակուած ամբողջ գումարը յատկացուեցաւ իշխան Ալպէռի բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն. օրինակ՝ կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութեան նուազեցում, պիօբազմազանութեան պահպանում եւ անապատացման դէմ պայքար։
Աճուրդի հանուած էին Չըրչիլի սիրած խմիչքները, սիկառները, յայտնի վաճառանիշով հագուստները եւ բազմաթիւ այլ իրեր։
Աճուրդի ընթացքին ամենէն շատ ուշադրութեան արժանացան ծանօթ քանդակագործ Օսքար Նեմոնի քանդակած Չըրչիլի կիսանդրին եւ տասնամեակներու հնութիւն ունեցող շիշ մը «Արարատ» հայկական քոնիաքը, որուն պատմութիւնը բաւական ուշագրաւ է եւ հետաքրքրական։ Տարիներ առաջ, եօթանասուն տարուան այդ եզակի քոնիաքը վաճառքի հանուած էր «Քրիսթի՚զ» աճուրդատան կողմէ եւ վաճառուած՝ աւելի քան 15 հազար անգլիական սթերլինով։ Ըստ փաստաթուղթերու, այդ շիշը լեցուած էր նոյն տակառներէն, որոնցմէ ժամանակին Սթալինի կարգադրութեամբ կանոնաւոր յաջորդականութեամբ երկար տարիներ քոնիաք մատակարարուած էր Չըրչիլին։ Այդ բացառիկ քոնիաքը աճուրդին տրամադրած էր Արմէն Սարգսեան։
Աճուրդասրահին մէջ հաւաքուած էին արիսթոքրասիի վերնախաւի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Այն ինչ որ կատարուեցաւ աճուրդի ընթացքին՝ գերազանցեց բոլորին ակնկալութիւնը. եօթանասուն տարուան կախարդական հեղուկը վաճառուեցաւ 80 հազար անգլիական սթերլինի, որ կը համապատասխանէ 120 հազար ամերիկեան տոլարի։ Մասնակիցները աճուրդի տեւողութեան զարմանքով եւ հիացումով կը խօսէին Հայաստանի մասին։ Մառախլապատ Ալպիոնի մէջ հայկական քոնիաքի այս աննախընթաց յաջողութիւնը, յոյս ունինք, կը նպաստէ «Արարատ» վաճառանիշի համբաւի տարածման։
ՉԸՐՉԻԼ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔՈՆԻԱՔԸ
Տիկինս, Վիվիէն եւ ես երկար տարիներ, տակաւին 70 թուականներու սկիզբէն, վայելած ենք Չըրչիլի դստեր՝ Սարայի բարեկամութիւնը։ Երբ ան առաջին անգամ ընթրիքի հրաւիրուած էր մեր տունը, հիւրասենեակին մէջ, դաշնամուրին վրայ նկատեց «Արարատ» մակնիշով քոնիաքը։ Ապշահար նայեցաւ շիշին եւ ըսաւ. «1945-էն մինչեւ իր մահը՝ հայրս այս քոնիաքը կը խմէր»։
Սարան ապա պատմեց, թէ Չըրչիլ ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ խմած էր «Արարատ» քոնիաքը։
1945-ի Փետրուարին, Եալթայի խորհրդաժողովին ժամանակ, ընթրիքէն յետոյ Սթալին Չըրչիլին կը հարցնէ, թէ կը փափաքի՞ խմել որեւէ ոգելից ըմպելի։ «Սիկառի հետ սովորութիւն ունիմ քոնիաք խմելու», կը պատասխանէ Անգլիոյ վարչապետը։ Չըրչըլին կը հրամցնեն լաւագոյն հայկական քոնիաքը՝ «Արարատ»ը։ Չըրչիլ կը սիրահարի հայկական քոնիաքին, կը հարցնէ իր հիւրընկալին. «Ուրկէ՞ կրնամ քանի մը շիշ գնել այս քոնիաքէն»։ Մոսկուայի մօտ Անգլիոյ դեսպանութիւնը ամէն ամիս արկղ մը (տասներկու շիշ) քոնիաք կը ղրկէ Չըրչիլի տունը, Սթալինի կարգադրութեամբ։
«Հայրս մահացաւ, կ՚ըսէ Սարան, բայց մենք շարունակեցինք արկղ մը նոյն հայկական քոնիաքէն ստանալ ամէն ամիս։ Տարիներ անց՝ պաշտօնեաներէն մէկը կ՚անդրադառնայ, որ դեսպանատունը ամբողջ տասնամեակ մը քոնիաք ուղարկած է մահացած Չըրչիլին… Դժբախտաբար այդ օրէն ի վեր մեր հայկական քոնիաքի աղբիւրը ցամքեցաւ։ Ի միջի այլոց, աւելցուց Սարան, ես ալ հօրս չափ կը սիրէի «Արարատ» հայկական քոնիաքը»։
Յաւարտ ընթրիքի, քոնիաքէն «Արարատ» մակնիշով դատարկ շիշ մը միայն մնացած էր սեղանին վրայ։
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ
Լոնտոն
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024