ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քե­րով են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին խո­շոր ներդ­րում­նա­յին ծրագ­րե­րը կեան­քի կը կո­չուին աս­տի­ճա­նա­բար։ Հետզ­հե­տէ կ՚ամ­բող­ջա­նան նոր ցա­մա­քու­ղի­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այս ա­ռու­մով, ե­րէկ ապրուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Նո­րա­կա­ռոյց ճա­նա­պար­հի մը պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Ա­րա­րա­տի մար­զը, ուր ներ­կայ գտնուե­ցաւ «Հիւ­սիս-հա­րաւ» մայ­րու­ղիի ա­ռա­ջին նո­րա­կա­ռոյց հա­տուա­ծի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի մի­ջեւ կա­ռու­ցուած է այս նոր հա­տուա­ծը, ո­րու բաց­ման հան­դի­սու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը նոյ­նա­ժա­մա­նակ ու­ղիղ հե­ռար­ձա­կու­մով հե­տե­ւե­ցան նաեւ մայ­րու­ղիի Ե­րե­ւան-Աշ­տա­րակ հա­տուա­ծի զու­գա­հեռ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

«Հիւ­սիս-հա­րաւ» ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանց­քի են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին խո­շոր ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րը նպա­տակ ու­նի մի­ջազ­գա­յին բարձր չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան 556 քի­լօ­մեթր ընդ­հա­նուր եր­կա­րու­թեամբ Մեղ­րի-Ե­րե­ւան-Պաւ­րա ցա­մա­քու­ղիի մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին եւ հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րը միաց­նել ի­րա­րու հետ՝ շուրջ 85 քի­լօ­մեթ­րով կրճա­տե­լով ճա­նա­պար­հին եր­կա­րու­թիւ­նը։ Նշուած տա­րա­ծու­թիւ­նը աց­նի­լը փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու հա­մար ներ­կա­յիս կը տե­ւէ շուրջ 10 ժամ եւ շնոր­հիւ այս ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան պի­տի նուա­զի շուրջ 4.5 ժա­մով։ Նա­խագ­ծի ի­րա­կա­նաց­ման շնոր­հիւ պի­տի բարձ­րա­նայ եր­թե­ւե­կու­թեան յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը՝ ա­պա­հո­վե­լով նաեւ ա­րե­ւել­քէն ա­րեւ­մուտք ի­րա­կա­նա­ցուող փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու շար­ժի եւ բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու տա­րան­ցիկ ճա­նա­պարհ դառ­նա­լու նպա­տա­կի ի­րա­գոր­ծու­մը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, այս մայ­րու­ղին զար­գաց­ման լուրջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ըն­ձե­ռէ այն բնա­կա­վայ­րե­րուն հա­մար, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւէն մին­չեւ հիւ­սի­սը եր­կա­րող ա­ռանց­քին վրայ կը գտնուին։

Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս կա­րե­ւոր ճա­նա­պար­հը, ո­րով երկ­կող­մա­նի եր­թե­ւե­կու­թիւն պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի։ Ե­րէկ, ա­նոր ա­ռա­ջին հա­տուա­ծի բա­ցու­մէն վերջ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը Սերժ Սարգ­սեա­նին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին կա­ռուց­ման ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին եւ շի­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015