Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՆՈՒԷՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ զանազան ծրագրեր, որոնք առիթ կ՚ընձեռեն տօնական օրերուն հասարակութեան համեստ խաւերու գօտեպնդման։ Այս շրջագծով, ՀԲԸՄ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերն ալ չի թողուր աննկատ։ Կը հաղորդուի, որ տարեմուտի առթիւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ նուէրներ բաժնուած է 1200 սուրիահայ երախաներու, որոնք իրենց ընտանիքներուն հետ հաստատուած են Հայաստան։
ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուներն ու կամաւորները բեղուն աշխատանք կը տանին, որպէսզի նուէրներով լեցուն տոպրակները հասնին սուրիահայ երախաներուն։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015