ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ հեր­թա­կան ան­գամ զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած է սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, որ կը դի­մագ­րա­ւէ մեծ ող­բեր­գու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար փո­խան­ցած է Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մին՝ Սու­րիոյ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն հա­մար։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­նո­նա­ւոր պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն կը հասց­նէ սու­րիա­հա­յու­թեան՝ Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մին մի­ջո­ցաւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015