ԵԽԽՎ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 2016 թուականին իր տարեկան նստաշրջանը պիտի իրականացնէ Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովները տեղի պիտի ունենան 1-5 Յուլիս 2016 թուականին։ Սա պիտի ըլլայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 700 քաղաքական գործիչներ՝ աշխարհի 57 երկիրներէն։
Վրաստանի ղեկավարութիւնը այս միջոցառումը աննախադէպ կը համարէ իր քաղաքական մակարդակով եւ ընդգրկումով։ Խորհրդարանական վեհաժողովը Եւրոխորհուրդի երկու գլխաւոր կանոնադրական մարմիններէն մին է ու կը ներկայացնէ շահերը այն հիմնական քաղաքական կուսակցութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն մօտ։