ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

2016-ին հա­մայն հա­յու­թիւ­նը պի­տի նշէ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։ Տա­րին յո­բե­լե­նա­կան է այս ա­ռու­մով։ Սեպ­տեմ­բե­րի 21-ին պատ­շաճ շու­քով պի­տի նշուի այս յո­բե­լեա­նը։ 25 տա­րի­ներ ա­ռաջ դժուա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ ձեռք բե­րուած ան­կա­խու­թիւ­նով հիմնուած Հա­յաս­տա­ն այ­սօր կը հա­մախմ­բէ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը եւ գլխա­ւոր ե­րաշ­խի­քը կը հա­մա­րուի՝ հա­մա­հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան, հայ մշա­կոյ­թի եւ ինք­նու­թեան, ար­ժէք­նե­րուն պահ­պա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015