«Ես Խա­րիսխ Ե­մ»

Տա­րուան վեր­ջին գի­րը պի­տի թա­կէ սպա­սում­նե­րու պա­րիս­պին վեր­ջըն­թեր դու­ռը: Վեր­ջըն­թեր, ո­րով­հե­տեւ սպա­սու­մը եւ յոյ­սը ի­րա­րու հետ պի­տի քա­լեն եր­կար ճա­նա­պար­հով:

Տա­րին ա­րիւն­նե­րու տա­րի էր, մեծ՝ տա­րա­ժամ­նե­րու, Ա­րե­ւել­քի ա­ղօ­թող գմբէթ­նե­րէն բարձ­րա­ցող խոստմ­նադ­րուժ ծու­խին պէ՛ս, ո­րուն գա­լա­րուած գու­լա­նե­րուն հա­մար երկր­պա­գե­ցինք:

Շատ ճիչ կար մեր մէջ:

Կ­­՚ու­զէինք պո­ռալ աշ­խար­հի ե­րե­սին:

Կ­­՚ու­զէինք պատ­ռել սպա­սուած օ­րագ­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր եւ մեր քեր­թո­ղա­կան աս­պետ­նե­րու սրտով սի­րել այս վի­րա­ւոր աշ­խար­հը:

Մինչ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը իր տա­րաբ­նոյթ հո­րի­զոն­նե­րուն վրայ կը նշէր տխուր դէպ­քե­րուն հա­րիւ­րա­մեայ յու­շը, մենք այդ ո­գե­կո­չում­նե­րուն մէջ կը փնտռէինք ա­ռա­ւե­լա­բար ու­ղի մը, ո­րուն սեւ աս­ֆալ­թէն պի­տի քա­լէինք՝ հաս­նե­լու հա­մար յոյ­սի մը ե­րա­զին:

Ե­րա­զը պի­տի կա­մե­նար աշ­խար­հիս խա­ղա­ղու­թիւն, բա­րիք՝ մարդ­կանց այս երկ­րի, եւ հաշտ աչ­քե­րով մտնե­լու պատ­մու­թեան լայ­նոտ ամ­րոց­նե­րէն ներս:

Ի­րօք, ի՞նչ էր մեր ո­րո­նա­ծը: Կամ ի՞նչ հան­դեր­ձան­քով մեր ձեռ­քի պսա­կը կը տա­նէին հե­ռու՝ մեզ գրկող լե­րան:

Կը սպա­սէինք, որ աշ­խար­հը իր ժա­մա­ցոյ­ցի սլաք­նե­րը դադ­րեց­նէ եւ լսէ մեզ:

Կը ցան­կա­յինք տես­նել մեր հրե­ղէն ձիուն պատ­րաս­տուի­լը:

Կը ցան­կա­յինք ըմբռ­նել այս ժա­մա­նա­կի բո­լոր ո­դի­սա­կան­նե­րուն լե­զուն:

Կը ցան­կա­յինք ստեղ­ծել խա­ղաղ ու ա­պա­հով եր­դիք:

Պի­տի հա­շուէինք բա­ռե­րը եւ ստեղ­նա­շա­րին վրայ թա­փուած գի­նիի կա­թիլ­նե­րը սրբե­լէ ետք միայն՝ շա­րու­նա­կէինք մեր բա­ռին ան­նա­հանջ եր­թը: Կազ­մէինք՝ նոր քար­տէ­սը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին: Ա­ռանց գա­րուն­նե­րու: Ա­ռանց մա­հուան: Ա­ռանց գե­րի­նե­րու վա­ճառ­քի: Ա­ռանց Տէր Զօ­րի «Սրբոց Նա­հա­տա­կա­ց» գմբէ­թին խո­նար­հե­լուն: Ա­ռանց Հա­լէ­պի հա­յա­թա­փու­մին: Ա­ռանց Դա­մաս­կո­սի ա­մա­յու­թեան: Ա­ռանց Մու­սու­լի հա­յե­րու ո­դի­սա­կա­նին, եւ ա­ռանց Եոզ­ղա­տի մէջ յայտ­նուե­լու անս­պա­սե­լի սար­սա­փով լե­ցուն հեւ­քին: Ա­ռանց մա­նա­ւա՛նդ հա­մա­տա­րած մա­հե­րուն, Հա­լէ­պի «Նոր գիւ­ղ­»ի մէջ սպաննուող մայ­րե­րուն ու որ­դի­նե­րուն կամ՝ մե­զի հա­մար ան­ծա­նօթ Իզ­մի­րի ա­փե­րուն մօտ հա­յոց նա­ւուն խոր­տա­կու­մին: Ա­ռանց մեծ տխրու­թեան խո­րա­գիր­նե­րու: Ա­ռանց ղա­րա­բա­ղեան սահ­մա­նին հայ­կա­կան հո­ղը ա­րիւ­նով պա­հող մեր զինուոր­նե­րու մեծ կո­րուստ­նե­րուն: Մեծ նա­հա­տա­կու­մին: Ա­ռա՜նց, ա­ռա՜նց, ա­ռա՜նց…

Բայց ին­չո՞վ ու ին­չի՞ն յե­նե­լով պի­տի բա­նա­յինք մեր ա­ռա­գաստ­նե­րը նա­ւար­կե­լու այս աշ­խար­հին մէջ: Նա­ւար­կէինք մեր խօս­քով, ա­ռա՛նց ող­բե­րու, ա­ռա՛նց սայ­թա­քում­նե­րու, ա­ռանց իս­լա­մը չհասկ­ցող Եւ­րո­պա­յի աղ­մու­կին:

Այս կա­պոյ­տին վրայ կա­մուր­ջի պէս բա­ցուած Հա­յաս­տա­նի ձեռ­քե­րը կ­­՚ե­րե­ւին կա­պոյ­տով մար­մին ստա­ցած մշուշ­նե­րուն մէջ:

Հա­յաս­տա­նի մի­նակ ու լուռ փո­ղոց­նե­րէն նոր հա­ւա­տամ­քի ա­ռա­ջին բա­ռե­րը պի­տի հո­սին ո՛չ միայն աշ­խար­հին խա­ղա­ղու­թիւն մաղ­թե­լու կամ ար­բե­նա­լու թա­ւիշ ձեռ­քե­րով բե­րուած բա­ժակ­նե­րով, ոչ ալ՝ խմե­լու կե­նա­ցը մեր ինք­նա­հաս­տատ­ման ՝ եր­բեմն օ­դին կրա­կուած, օ­թեկ բա­ռե­րով ու իւ­ղոտ կո­կորդ­նե­րով սպա­սու­մով:

Ու ժա­մա­նա­կը չէ՞ր, որ մենք ալ մտնէինք այս խա­ղին մէջ: Ո՛չ թէ մեր կա­շին փրկե­լու, ո՛չ թէ մեր ոս­կին ծա­խե­լու, ոչ թէ մեր քո­նիա­քը հրամց­նե­լու կամ փա­ռա­բա­նե­լու մեր հի­նա­ւուրց վանք­ներն ու թո­նի­րին մէջ պատ­րաս­տուող լա­ւա­շը, այլ ը­սե­լու, որ մեր Ա­րե­ւել­քի մար­մի­նը, ո­րուն մէջ հզօր սիրտ ու­նինք դրած, պի­տի խօ­սի կազ­մե­լու նոր ե­րա­նու­թեան մը շա­պի­կը՝ յա­նուն աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան:

Մենք կրնանք այդ լե­զուն ու­նե­նալ, այդ լե­զուով խօ­սիլ, այդ լե­զուով բա­ցատ­րել եւ ճա­նա­պարհ ցոյց տալ:

Պո­լիս ծնած ու աչ­քե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ փա­կած Լե­ւոն Ներ­սի­սեա­նի մա­սին շատ գրուած է: Ա­նոր ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն իւ­րաք­նա­չիւ­րը ե­ղած են բա­ռի ու բա­նի խոր­հուր­դի ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­ներ, ուր մտա­ւո­րա­կա­նը իր միս-ոս­կո­րով, իր երկ­րա­յին գո­յին ամ­բող­ջա­նուէր շա­ղա­խը եւ քրտին­քը դնե­լով կը խօ­սէր իր ու­սա­նող­նե­րուն:

Ա­ռի­թով մը, շատ հա­ւա­նա­բար իր վեր­ջին օ­րե­րուն, Ներ­սի­սեան ի­րեն հա­րա­զատ ու­սա­նող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լով, խօ­սած էր ազ­գի նե­րու­ժին մա­սին: Ա­ռանց բա­ռե­րուն հետ խա­ղա­լու, այլ միշտ մեկ­նե­լով իր անձ­նա­կան փո­րա­ձա­ռու­թե­նէն իր սէրն ու հա­մա­րու­մը տա­լով այն դա­րա­ւոր ժո­ղո­վուր­դին մա­սին, որ դա­րիւ դա­րիւ ապ­րած է Մեծն Հայ­քի մէջ ու կեր­տած՝ իր Ես-ն ու ան­պար­փա­կե­լի մի­ջու­կը: Դա­րիւ դա­րիւ դի­մա­ցող ա­դա­մա­նա­դին պէս Լե­ւոն Ներ­սի­սեան կը բառ­բա­րէր ու կ­­՚ը­սէր. «Իմ Փա­րի­զից վե­րա­դար­ձիս, (այն­տեղ) աշ­խա­տանք ու­նէի, տուն ու­նէի, ա­մէն ինչ թո­ղե­ցի ե­կայ, ա­սա­ցի՝ Ես խա­րիսխ եմ: Նա­ւա­պե­տը կա­րող է սպան­նուել կամ փո­խուել, նա­ւաս­տի­նե­րը կա­րող են ընկղ­մուել ծո­վի մէջ, մկնե­րը կա­րող են փախ­չել նա­ւից, բայց նա­ւը պի­տի կան­գուն մնայ, կան­գուն մնա­լու հա­մար պէտք է որ նա խա­րիսխ ու­նե­նայ: Ո­չինչ, որ ես ժան­գո­տած խա­րիսխ եմ, բայց խա­րիսխ եմ: Ես ե­կել եմ այս­տեղ ա­սե­լու հա­մար, որ ոչ մի տեղ չեմ գնայ: Ոչ մի բնա­կա­րան­նե­րով եւ աշ­խա­տանք­նե­րով, «Սոր­պոն­նե­ր­»ով ինձ գայ­թակ­ղել հնա­րա­ւոր չի: Քա­նի որ ես դեռ Հա­յաս­տա­նում եմ, ու­րեմն նա­ւը դեռ ընկղ­մուած չէ, ո­րով­հե­տեւ՝ խա­րիսխ ու­նի: Ես խա­րիսխ ե­մ»:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ո­գե­ղէն նա­ւու նա­ւաս­տի­նե­րէն մէկն է Ներ­սի­սեան, ո­րուն մար­մի­նը չէին ար­տօ­նած տե­ղադ­րել Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յին դահ­լի­ճին մէջ, պարզ ա­նոր հա­մար, որ մտա­ւո­րա­կա­նը ա­կա­դե­մա­կան կո­չում մը չու­նէր: Իր նման­նե­րուն բա­ռը սլա­ցող նետ է ճշմար­տու­թեան ճա­նա­պար­հով, ո­րուն դի­մաց խո­նար­հու­մէն ու յար­գան­քէն կա­րե­ւո­րը՝ դաս քա­ղելն է:

Դաս՝ ա­ռանց քա­րո­զի: Խօսք օ­ծուն ի­մաս­տու­թեամբ եւ դա­րե­րուն դի­մա­ցող դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեամբ: Ներ­սի­սեան կը խօ­սէր նա­ւուն վրայ ե­ղող­նե­րուն ա­նու­նով, նա­ւուն վրայ դի­մա­ցող­նե­րուն հա­մար: Հայ­սա­տա­նի ա­մե­նէն հիւ­սի­սէն մին­չեւ  երկ­րի ա­մե­նէն խուլ տե­ղե­րը: Հա­ւա­քե­լու, կազ­մե­լու, իր մէջ կրե­լու, իր­մով ըլ­լա­լու նա­ւա­պետ էր Ներ­սի­սեան, ո­րուն հա­մար նա­ւա­պետ կամ նա­ւաս­տի ըլ­լա­լը ոչ մէկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր: Ցե­ղա­յին խոր­հուր­դին հա­մար իր Ես-ը զո­հա­բե­րող ու միաս­նու­թեան գա­ղա­փա­րին մէջ ա­ճող քուր­մին հա­մար կա­րե­ւո­րը տե­ղը չէր: Հա­յաս­տա­նը միայն Ե­րե­ւա­նը չէր: Հա­յաս­տա­նը իր մէջ էր: Իր խոր­քէն հո­սող բա­ռին պէս ու այդ բա­ռին մէջ թանձ­րաց­նե­լով մեր գո­յի բո­լոր ան­տե­սա­նե­լի ու բարդ յուզ­մունք­նե­րը:

Ներ­սի­սեան կը շտա­պէր ճիշդ ժա­մա­նա­կին հասց­նե­լու իր վա­ւե­րա­կան խօս­քին նե­տը:

Ու հի­մա այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ այս ա­մե­հի տա­տա­նում­նե­րուն ու մեծ խլրտում­նե­րուն դի­մաց, մեր կեր­տուած­քին ու մե­զի հա­մար բա­ցուե­լիք ճա­նա­պարհ­նե­րուն հա­մար վա­ւե­րա­կան պա­կաս էր խա­րիս­խը:

Խա­րիս­խը, որ պի­տի կանգ­նեց­նէր ա­փուն­քի մը ծայ­րը մեր ա­զա­տու­թեան ո­գիին ճամ­բոր­դող նա­ւը, որ­մէ նո­րէն պի­տի վե­րա­դառ­նա­յինք դէ­պի մեր էու­թեան ար­մատ­նե­րը:

Եւ­րո­պա­յի ա­փե­րուն նստած մեր մտա­ւո­րակն­նե­րուն հա­մար այ­սօր լե­զուն է գերխն­դի­րը: Ա­նոնք մտա­գա­րուած են՝ լե­զուն կը մեռ­նի՞: Կամ հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն կ­­՚ը­սեն՝ մեր լե­զուն կը մեռ­նի: Հա­յաս­տա­նի մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ու­րիշ շրջա­գի­ծով կը հասկ­նան մեր բա­ռի ու բա­նի աշ­խար­հը: Ա­նոնք կ­­՚ապ­րին ի­րենց փոքր Ես-ե­րու շուրջ­պա­րին մէջ ու մտա­հոգ աչ­քե­րով կը դի­մա­ւո­րեն նոր գա­լիք տա­րին Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն հա­մար պա­հը կա­րե­ւոր է հե­ռա­նա­լու այդ ա­րիւ­նոտ թա­ղան­թով պա­րու­րուած շրջան­նե­րէն դէ­պի ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ: Ի­րա­ւա­ցի են թե­րեւս: Ինչ խօսք: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր խա­րիս­խը այլ ա­փեր պի­տի նե­տէ ու փոր­ձէ նա­ւար­կող նա­ւէն ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­կայ­նու­թեան ճի­չեր ար­ձա­կել:

Ե­րեք տե­սակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մէջ ալ սա­կայն չկայ մէ­կը, որ Լե­ւոն Ներ­սի­սեա­նի նման կանգ­նի ու ը­սէ. «Ա­հա ես եմ խա­րիս­խը»: Պի­տի հա­ւա­քեմ ձեզ իմ օ­ճա­խին շուրջ: Պի­տի խօ­սիմ ձե­զի նոր լե­զուով մը, պի­տի սոր­վեց­նեմ նա­ւար­կել ու գծեմ նոր քար­տէս մը գա­լիք տաս­նա­մեակ­նե­րուն հա­մար:

Ինչ խօսք որ հա­յաշ­խար­հը իր բա­զում տագ­նապ­նե­րով, իր բա­զում վէր­քե­րով, տա­տա­նում­նե­րով եւ վէր­քին հա­սած այս ժա­մա­նակ­նե­րուն կորսն­ցու­ցած է իր ու­ղին:

Ու­ղին մթագ­նած է ա­րեան թա­ղան­թին տակ ու տա­կա­ւին կը սպա­սէ, որ մեր ո­գին ու ո­գե­ղէ­նի նա­ւը իր­մէ դուրս նե­տէ ժա­մա­նա­կի խա­րիս­խը:

Ու բա­ցա­գան­չէ.

-Ես խա­րիսխ եմ:

Հա­յաշ­խար­հը կը սպա­սէ այդ խա­րիս­խին ա­նու­նով խօ­սո­ղին, որ պի­տի բա­նայ ջու­րի, հո­ղի եւ ո­գիի նոր ճամ­բա­ներ մե­զի պէ­սե­րուն հա­մար, ո­րոնք պատ­րաստ են ի­րենց թե­ւե­րը սոթ­տել եւ ջու­րին, հո­ղին ու ո­գիին մէջ բա­ցուած նոր ճամ­բա­նե­րէն քա­լել:

«Ես խա­րիսխ ե­մ», կ՚ը­սէր Լե­ւոն Ներ­սի­սեա­ն:

Այ­սօ՛ր նոյն խօս­քին կը սպա­սենք բո­լորս:

Շնոր­հա­ւոր Ա­մա­նոր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015