ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ԿՕՇԻԿՆԵՐՍ
Կաղանդի օրերը տարօրինակ թախիծով մը կը պատեն հոգիս եւ սիրտս. մանկութիւնս կը վերապրիմ, ումպ առ ումպ կ՚ըմպեմ յուշերուս վառ բաժակէն:
Վերադարձ յիշողութիւններու գիրկը. վաղամեռիկ հօրս մշուշապատ դէմքը կը փորձեմ պայծառացնել, իր քաղցր ժպիտը կենդանացնել... հոգւովս կը գրկեմ զինք, կը տարուբերիմ անոր տիրական ձայնին ելեւէջներով եւ իր յիշատակովը գինովցած կաղանդս կ՚ապրիմ:
Օրերու քաղցրն ու սպիտակը ճաշակած հայրս, տառապանքին ընտելացած ժպիտով մը կը հեգնէր իր ձախողութիւնները. լաւատես ըլլալով հանդերձ՝ իր մռայլութիւնը չէր յաջողեր թաքցնել խուզարկու աչքերէս, որոնք կը հետեւէի իր շարժումներուն եւ աննշան արտայայտութիւններուն... Աւետիս Ահարոնեանի այս մէջբերումը լաւագոյնս կը բնորոշէր հայրս եւ իր ճչացող լռութիւնը...
«Երանի՜ թէ մեր այս դժբախտ աշխարհում ճչալ կարողանան բոլոր զոհերը, որոնք տառապում են լռութեան մէջ, ծածուկ տնքում են ցաւերի բեռի տակ, տրորուած են ոտների տակ եւ լալիս են իրենց սրտերի խորքում…»:
-Մամա՛, այս տարի կաղանդը ո՞ւր պիտի անցնենք:
Հարցումս կը դիմաւորուէր ծանր լռութեամբ. մայրս չլսել կը ձեւացնէր, իսկ հայրս, որ անկողնին գամուած էր եւ գրեթէ կիսով անդամալուծուած՝ կուլ կու տար հարցումիս դառնութիւնը եւ արցունքի կաթիլ մը կը քարանար այտին վրայ:
Պատանեակի սիրտս կը ծաւալէր եւ անհասկնալի կեանքը կը փորձէր ըմբռնել իր անըմբռնելի չափանիշներով, հարցադրումներ եւ ինչուներ կը չարչրկէին միտքս, մտածումներս թաւագլոր օրերուն հետ արագասոյր կը խորասուզուէին իրենց անծանօթ ոլորտներու մէջ. ուրախութիւնս գիրքերս էին, որոնց հետ զրուցելով եւ թափառելով ՝ կը փորձէի ինքզինքս դրսեւորել եւ կազմաւորել:
-Հայրի՛կ, այս կաղանդին ինծի գիրք պիտի առնե՞ս:
-Կ՚առնեմ, անշուշտ կ՚առնեմ. միայն թէ ոտքի ելլեմ:
* * *
Կաղանդի օրուան ծանրութիւնը լախտի պէս կը հարուածէր հոգիս. եղբայրս, որ ինձմէ հինգ տարի փոքր էր, մանկական ուրախութեամբ կը սահեցնէր իր խաղալիքէ ինքնաշարժը եւ անհո՜գ կը թաւալէր գորգին վրայ: Մայրս ճաշի սեղանը կը փորձէր իր երեւակայութեամբ եւ հոգածու վերաբերմունքով ճոխացնել. զիս ոչ մէկ բան կը հետաքրքրէր, որովհետեւ հայրս տակաւին չէր կազդուրուած. կանխահաս արթնութեամբ կ՚արժեւորէին մթնոլորտը. արդէն դժուար չէր ծանր ու թեթեւ ընել իրերը եւ եզրակացութիւններու յանգիլ. «Կեանքը ինչպէս որ է» պատգամին ընտելացած էր հոգիս: Անանձնական ուրախութեամբ մը կ՚ուրախանայի, օրեր առաջ զոյգ մը նուէր ստացած կօշիկներովս տաքցուցած էի որբուկի մը հոգին, որ մեր դուռը ծակած էր կտոր մը հացի ակնկալիքով. զգացած էի անոր դառնութիւնն ու տառապանքը եւ գիտակից մղումով մը անոր նուիրած էի կօշիկներս, որոնք կեանքիս գեղեցկագոյն եւ իմաստալից կօշիկները դարձան...: Այդ կօշիկներով Մեծարենցի տողերը դաջուեցան նկարագրիս երկնակամարին վրայ...:
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:
Որքա՜ն փոխուած են արժեչափերն ու ըմբռնումները. այդ օրերուն իմ տարիքիս պատանիները տարին քանի մը առիթներով միայն նոր հագուստ եւ կօշիկ ունենալու իսկական հաճոյքը կը վայելէին: Կը յիշեմ թէ ինչպէս գուրգուրանքով աչքերովս երկարօրէն կը գրկէի կօշիկներս, մօրմէս գաղտնի պտոյտ մը կ՚ընէի սենեակի երկայնքին, որմէ ետք՝ զգուշութեամբ կը մաքրէի փոշիի հետքերը. չըլլար որ մայրս գիտնար... է՜հ, ի՛նչ անմեղութիւն եւ մանկական զգացում:
Առանց նոր կօշիկներու պիտի դիմաւորէի կաղանդը. մայրս կրկնակի կ՚անհանգստանար, որ կարելիութիւն չունէր զոյգ մը կօշիկ գնելու ինծի: Արարքս հակասական ապրումներ ստեղծած էր իր մէջ. արդար զայրոյթը կրնայի ըմբռնել, իսկ երբ հօրս կը բողոքէր եւ կը բարկանար՝ վերջինս յուզախառն ժպիտով մը կը փափաքէր, որ կրկին պատմէի «կեանքիս վէպը», իսկ ես կը զգայի դէպի ներս ծորող արցունքներու հեղեղը, ձայնը կը խռպոտէր, իսկ հայեացքը լռելեայն կը պատգամէր արդար հպարտութեամբ մը. «Այս է Արաքսիս»...:
Այդ պատգամով ուռճացած էութիւնս կը թռչկոտի, աչքերս կը փակեմ, ձայնին ստեղնաշարը կը պղտորի. հօրս ձայնին ելեւէջները կը թնդացնեն հոգիիս խռովքն ու կ՚արձագանգեն.
-Գիտե՞ս աղջի՛կս, շնորհակալութիւն պէտք է գիտնանք յայտնել, որ այսօր ունինք տուն, ընտանիք եւ ուտելիք. մարդիկ կան, որոնք այս պահուն անօթի են եւ անօթեւան. կեանքիդ մէջ շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ ամէն ինչի համար եւ ունեցածովդ միշտ գոհացիր:
Որքա՜ն խորութիւն եւ լիարժէք պատգամ մըն էր հօրս փոխանցածը. ցայսօր կը փայփայեմ անոր գոյութիւնը, իտէալական պատգամ՝ որուն հաւատաց, ապրեցաւ, պայքարեցաւ եւ անհեթեթ ճակատագրով մը մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ հայրս...:
ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ
Պէյրութ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024