ԿԱՐՕՏՈՎ ՆԱՅԻԼ
Դեկտեմբերի վերջին օրերն են. տան մէջ արդէն կամաց-կամաց կը սկսին Կաղանդի պատրաստութեանց։ Մեծմայրիկը իր նստած անկիւնէն կը հետեւի աղջկանը աշխատութեան։ Պահուած տեղէն հիւրանոց բերուած է Կաղանդի ծառը եւ զարդեղէններու տուփերը։ Հակառակ արուեստական եղեւին մը ըլլալուն, երբ ծառին ծալուած թեւերը կը բացուին, սենեակին մէջ հաճելի տեսք մը կը պարզուի։ Մեծմայրիկը, որ չափազանց կը սիրէ ծառերը, հիացումով եւ կարօտով կը նայի այդ կեղծ ծառին, որովհետեւ աչքերուն առջեւ կը պատկերանան այն սքանչելի իրական եղեւինները, որոնք թաւշանման կանաչ գոյներով հրաշալի պատկեր մը կը կազմեն, մանաւանդ կղզիներու մէջ։ Պահ մը երեւակայեց ամրան գեղեցիկ օրերը, երբ մայրամուտի ժամերուն որքա՜ն հաճոյքով կը դիտէր անոնց ծովու կապոյտին հետ ունեցած ներդաշնակ տեսքը։
Կարգը եկաւ զարդերը տեղաւորելու։ Ծառի գագաթին իր տեղը գրաւեց աչքառու աստղը։ Յետոյ կարգաւ զանազան գոյներով զարդեր եկան փայլը աւելցնելու ծառին, որ կարծես յոգնաբեկ շունչ մը առաւ, երբ ելեկտրական փոքր լամբերու ցանցն ալ տեղաւորուեցաւ։ Գեղեցիկ զարդարուն հաստ մոմեր եւ Յիսուսի մսուրը ներկայացնող արձանիկ մը եկան տօնածառին փայլը աւելցնելու։ Ամէն ինչ աւարտած էր։ Ծառը եւ յաւելեալ զարդերը արդէն պատրաստ էին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան խորհրդանիշները ըլլալու։
* * *
Երեկոյեան ժամերուն հասաւ լուրերու պահը։ Ահա հաղորդավարը սկսաւ օրուան լուրերը յայտարարել։ Տնեցիները ուշադրութեամբ կը հետեւէին անցուդարձներուն։
Միջին Արեւելքը, մանաւանդ Սուրիան կրակի մէջ է, հազարաւոր մարդիկ, այր, կին, երախայ, ձգած տուն-տեղ, գործատեղի, դպրոց, աղօթավայր, խուճապահար կը փախչին իրենց հողերէն, նոյնիսկ անվստահելի լաստանաւերու մէջ կը նետուին խուժելու նման եւ մահը աչք առնելով ճամբայ կ՚ելլեն դէպի անծանօթ վայրեր։ Շատ անգամ այդ վտանգաւոր ճամբորդութիւնը լաստանաւի փճացմամբ աղէտի մը կը վերածուի եւ այդ խեղճ փախստականները խեղդամահ կ՚ըլլան ծովու ջուրերուն մէջ։ Քիչ չէ նաեւ թիւը այն մանուկներուն, որոնք զոհը կը դառնան այդ քստմնելի արկածներուն։ Քանի-քանի մանուկներու անշարժացած մարմինները գտնուեցան ծովափներու վրայ։
Ռումբերու պայթումներով քաղաքներ կը քանդուին։ Աղօթատեղիներ, պատմական վայրեր, թանգարաններ կը կողոպտուին, կ՚ոչնչացուին։ Ո՞ր մէկուն համար կարելի է ողբալ… այնքան շատ է քանակը։
Մեծմաման յիշեց իր երիտասարդական տարիները, երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը կը շարունակուէր։ Այդ տարիներուն ալ դժուար օրեր ապրուեցան… բայց միշտ կար «օր մը պիտի անցնի ամէն ինչ եւ լաւ օրեր պիտի գան»ի յոյսը։
Այսօր նման յոյս մը կը պակսէր իր մօտ, որովհետեւ դէպի լաւ ընթացող դէպքի մը նշոյլը չէր տեսներ անցնող օրերու ընթացքին։ Ամէն օր, ամէն տեղ, կրնար անախորժ, նոյնիսկ սարսափազդու դէպք մը պատահիլ եւ տեւական այդ հոգեվիճակի մէջ ապրիլը դիւրին չէր։
Պահ մը նայեցաւ զարդարուած ծառին, սիրով եւ գուրգուրանքով դիտեց զայն, յետոյ տեսաւ Յիսուս Մանուկին մսուրի մէջի փոքր արձանը եւ սիրտը լեցուեցաւ յուզումով։ Կարճ աղօթք մը փսփսաց շրթներով, խնդրելով «Ան»կէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն եւ բարի օրեր ողջ մարդկութեան։
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։
Զ. ՍՕՆԱ