ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՏՕՆԱԾԱՌԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Եւ ահաւասի՛կ տարի մը եւս կը բոլորենք՝ բայց խնդրական է, թէ՝ տարի մը կը շահի՞նք, թէ տարի մը եւս կը կորսնցնենք։ Ուրախանալո՞ւ է որ տարի մը եւս կը շահինք մեր կեանքէն, թէ ոչ՝ տրտմելու ենք որ տարի մը եւս կորսնցուցինք մեր կեանքէն։ Բայց մարդիկ ընդհանրապէս կ՚ուրախանան, երբ կը դիմաւորեն «նոր տարի»ն, ուրեմն կարելի է հարցնել, թէ՝ անոնք կ՚ուրախանան «նո՞ր» մը ունենալու զգացումով, թէ՝ «հին»ը թողած ըլլալու մտածումով։
Իրականութիւն մըն է սա, թէ «հին»էն մա՛րդ չ՚ախորժիր, միշտ «նոր»ը՝ նորոգուածը կը հրապուրէ մարդկային միտքը, քանի որ ամէն ապրող էակ նախ ի՛նք նորոգուիլ, առոյգ, կորովի մնալ կ՚ուզէ, եւ այս պատճառով ալ կ՚ուզէ, որ իր ամբողջ շուրջը, միջավայրը, շրջապատը նոր ըլլայ, նորոգուած մնայ։
Եւ կարծեմ մարդիկ, ամանորին կ՚ուրախանան, քանի որ հինը կը հեռանայ, հինցածը կը բոլորէ իր շրջանը եւ նորը կու գայ նո՜ր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով, նոր ուժով, նոր դիմագիծով։ Եւ մարդիկ կ՚ուզեն հաւատալ, որ այդ «նոր»ով պիտի նորոգուի ամբողջ կեանքը՝ ամբողջ «հին»երը, ամբողջ անցեալը։
Բայց մարդիկ միայն «կը կարծեն» այն՝ ի՛նչ որ կ՚ուզեն որ պատահի։ Բայց չեն ուզեր իմանալ, թէ անցեալը այլեւս կրկին չի՛ ներկայանար՝ ետ չի դառնար, ինչպէս որ գետի մը յորդ ընթացքը ետ դարձնել, դէպի սկզբնակէտը հոսեցնել կարելի չէ, եւ հոսած ջուրի կաթիլը անգամ մը եւս նոյն կէտէն չի՛ հոսիր։ Կեանքն ալ՝ գետ մը՝ ծով թափուող ջուրի յորդ ընթացք մըն է, միշտ դէպի յառաջ, եւ երբեք դարձ, վերադարձ չունի՛։ Ապա ուրեմն, ամանորը՝ նոր տարին, տարեգլուխը դէպի յառաջ, հերթական, յաջորդական ընթացքի մը մէկ հանգրուանը, փուլն է։ Ո՛չ թէ նորոգութիւն, այլ բոլորովին «նոր»ն է, եւ կարծեմ այդ «նոր»ը, մարդիկ ոգեւորութեամբ, ուրախութեամբ, խանդավառ կերպով կը դիմաւորեն, քանի որ այդ «նոր»էն ակնկալութիւններ ունին…։
Ինչպէս մանկութեան շրջաններուն եւ նաեւ մեր օրերուն ամանորի, կաղանդի անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, կաղանդի ծառը։ Քրիստոնեայ աշխարհը տօնածառի խորհուրդը ընդելուզած է Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան հետ։ Ուրիշ խօսքով՝ ամանորի տօնածառը Սուրբ Ծննդեան տօնածառ է նաեւ։ Ուստի պատմական վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ տօնածառի զարդարման աւանդութիւնը սկսած է Գերմանիա՝ 16-րդ դարուն, երբ հաւատաւոր քրիստոնեաներ զարդարուած ծառեր սկսան բերել իրենց տուները։
Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով եւ մոմերով։ Հետզհետէ եւ աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներուն մէջ։ Անգլիայի Վիքթորիա թագուհիին ամուսինը՝ իշխան Ալպերտ, տօնածառը աւելի նորաձեւ դարձուց, 1841 թուականին՝ անգլիական առաջին տօնածառը Ուինձորի դղեակին մէջ զարդարելով մոմերով, զանազան պաճուճանք եւ զարդարանքներով, մրգանուշներով, մեղրահացերով։
Հարկաւ, շուտով անգլիացի ուրիշ հարուստներ հետեւեցան իշխան Ալպերտի օրինակին՝ տօնածառերը զարդարելու նպատակով օգտագործելով զանազան խենթուխելառ իրեր։ Չարլզ Տիգընս տօնածառը նկարագրած է՝ որպէս զարդարուած տիկիններ, խաղալիք փոքրիկ կահոյք, երաժըշ-տական գործիքներ, հրացան եւ թուրեր ու սուրեր, միրգ եւ պտուղներ եւ անուշեղէն։
19-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն չէին ընդունուած տօնածառերը։ Տօնածառի առաջին ցուցադրութիւնը, 1830-ական թուականներուն կատարեցին Փենսիլվանիայի գերմանացի նորաբնակները։
Անոնք ցուցադրեցին տօնածառ մը՝ տեղւոյն եկեղեցիին համար դրամ հանգանակելու նպատակով։ Իսկ 1851-ին եկեղեցիներէն մէկուն բակին մէջ տօնածառ դրուեցաւ, սակայն ծխականները զայն հեթանոսութեան վերադարձ համարեցին եւ եկեղեցիի սպասաւորին խնդրեցին վերցնել զայն եկեղեցիի բակէն։
Մինչեւ 1880-ական թուականները տօնածառի զարդարանքներու սովորութիւնը կու գար գերմանացիներէ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ տօնածառը երթալով, հետզհետէ աւելի եւ աւելի ժողովրդական կը դառնար։
Եւրոպացիներ կ՚օգտագործէին փոքր տօնածառեր՝ մօտաւորապէս 122 սանթիմեթր բարձրութեամբ, մինչդեռ ամերիկացիներ կը գերադասէին յատակէն մինչեւ առաստաղ հասնող տօնածառերը։
Տօնածառի ծագման մասին շատ աւանդազրոյցներ կան։ Անոնցմէ մէկն է՝ անգլիացի վանական Սուրբ Բոնիֆացիոսի մասին ըսուածը, որ քրիստոնէական հաւատքը տարածած է Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ։
Օր մը երբ կը շրջէր ան, կը հանդիպի հեթանոսներու խումբի մը, որոնք հսկայ կաղնի մը շրջապատած՝ կը պատրաստը-ւէին մանուկ մը զոհել՝ զոհաբերել Թոր չաստուածին։ Զոհաբերութիւնը կանխելու եւ մանուկը փրկելու նպատակով, Բոնիֆացիոս, բռունցքի հուժկու հարուածով մը կը տապալէ ծառը՝ որուն տեղը իսկո՛յն կը բուսնի եւ կ՚աճի փոքրիկ եղեւին մը։
Սուրբը հեթանոսներուն կը յայտնէ, թէ այդ փոքրիկ եղեւինը «Կենաց Ծառ»ն է, եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յաւիտենական կեանքը։
Կը պատմուի ուրիշ առասպել մը եւս աղքատ անտառապահի մը մասին։ Այս անտառաբնակ աղքատը շատ հին ժամանակներուն, Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին կը հանդիպի կորսուած եւ անօթի մանուկի մը։ Անտառապահը, չնայելով իր ծայրայեղ աղքատ վիճակին՝ մանուկը կը կերակրէ եւ ապահով կերպով կ՚օթեւանէ։
Անտառապահը երբ առաւօտուն կ՚ար-թըննայ՝ դրան առջեւ գեղեցիկ եւ շքեղ տօնածառ մը կը տեսնէ։
Այդ անօթի մանուկը՝ իրականութեան մէջ, ծպտուած Քրիստոսն էր։ Ան դրած էր տօնածառը՝ որպէս այդ բարի մարդուն փոխ-հատուցում իր բարեգործութեանը համար։
Տօնածառի մասին կայ նաեւ առասպել մը՝ թէ Միջնադարուն մարդոց մեծամասնութիւնը գրագէտ չէր եւ չէր կրնար կարդալ, եւ ներկայացումները կը վերածուէին Աստուածաշունչի ուսուցման դասերու՝ Եւրոպայի մէջ։ Այդ դասերուն մէջ կը պատմուէր մարդուն ստեղծագործութեան մասին եւ Ադամի ու Եւայի՝ եդեմի պարտէզէն արտաքսման, որ կը բեմադրուէր ամէն տարի ձմեռնային շրջանին՝ Դեկտեմբեր 24-ին։
Քանի որ ներկայացման համար պէտք էր խնձորենի, իսկ ձմեռ ատեն խնձորենին բերք չի տար, հարկ եղաւ խնձորենիի փոխարէն մշտադալար ծառեր օգտագործել՝ զանոնք զարդարել խնձորներով…։
Այսօր տօնածառի զարդարանքներ, շողշողուն զարդաշղթաներ եւ առկայծող լուսաշղթաներ կարելի է օգտագործել։ Այն որ պարզ ընտանեկան աւանդութիւն մըն էր, այժմ վերածուած է բազմամիլիոն արտադրութեան՝ հետզհետէ դառնալով աւելի եւ աւելի՛ կատարելագործուած եւ մատչելի՝ առեւտրային առումով։
Քրիստոնեաներու շատ մը աւանդութիւններու նման՝ այդ աւանդոյթն ալ յառաջացած է հին հռոմէական հաւատալիքներու եւ քրիստոնէութեան տարածման միահիւսման արդիւնքով։ Հին շրջանի քրիստոնեաները կը հաւատային, թէ որոշ ծառեր անժամանակ կը ծաղկին Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին՝ որպէս Յիսուսի ծննդեան եւ յայտնութեան հանդէպ յարգանք եւ մեծարանք։ Այդ հաւատալիքով պայմանաւորուած էր տուներ, ընտանեկան օճախներ, Յիսուսի ծննդեան եւ ամանորի առիթով բուսականութեամբ զարդարելու հռոմէական աւանդութիւնը, ի՛նչ որ դարձած է՝ տօնածառը զարդարելու արդի պատկերացման հիմքը։
Հին ժամանակներու մէջ մարդիկ ծառերը կը զարդարէին՝ հաւատալով, թէ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, անոնց մէջ կ՚ապրին բարի հոգիներ։
Ծառերու նկարներ կախելով՝ մարդիկ կ՚աշխատէին գոհացնել «բարի հոգի»ները։ Ծառերը զարդարող խնձորները կը խորհըր-դանշէին պտղաբերութիւն, ընկուզեղէնը՝ աստուածային նախախնամութեան անիմանալիութիւն, ձուերը՝ զարգացող կեանք՝ այն ի՛նչ որ նոր կեանք կ՚ելլէ հաւկիթէն, եւ այս նոր կեանքին առընթեր՝ ներդաշնակութիւն եւ լիակատար բարեկեցութիւն։
Եղեւին զարդարելու սովորութիւնը առաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ։ Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերու մէջ։ Ան կը խորհրդանշէ կեանքը եւ կեանքի վերա-ծընունդը՝ մութէն ու խաւարէն։ Շատեր կը կարծեն, թէ՝ մշտադալար եղեւինը դրախտի մէջ աճող անմահութեան ծա՛ռն է, վառուող մոմերը եւ կամ լոյսերը՝ մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները՝ խորհրդանշական նուիրատուութիւնները։
Ամանորի տօնին համաշխարհային աւանդութեան մէջ կ՚օգտագործուին ծառեր, ճիւղեր կամ տերեւներ, որպէս կեանքի հնագոյն խորհրդանիշներ։ Իսկ եւրոպական Սուրբ Ծննդեան ծառը ունի իր անմիջական նախորդը։ Ան փայտէ կառոյց էր նախապէս՝ բուրգի տեսքով, որուն վրայ կախուած էին բուսականութիւն եւ զանազան զարդարանքներ։ Նուէրներ եւ անուշեղէններ կը դրուէին բուրգի դարակներուն մէջ։
Առաջին տօնածառերը զարդարուած էին բնական ծաղիկներով եւ միրգերով, պտուղներով…։
Շնորհաւոր Նոր տարի սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. սէ՛րը, խաղաղութի՛ւնը անպակաս ըլլայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 22, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024