2016-Ի ՏԱՐԵՄՏԵԱՆ ԽՈՀԵՐ​ - Ա -

Ե­րե­ւա­նեան մեղմ Դեկ­տեմ­բե­րը յու­շիկ քայ­լե­րով կը հե­ռա­նայ... Ան­ձիւն Ե­րե­ւա­նը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ է: Քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ջանք ը­րած են ի­րա­կան ձիւ­նի պա­կա­սը լրաց­նել ճեր­մակ ու նրբա­գեղ տօ­նա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մով: Հա­յու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ա­մէ­նուր ար­հես­տա­կան փա­թիլ­նե­րու, բամ­պա­կէ ծած­կե­րու, գոյ­նե­րու եւ փայ­լե­րու ա­ռա­տու­թիւն կայ: Ե­ղա­նա­կի կան­խա­տե­սում­ներ ի­րա­կա­նաց­նող պաշ­տօ­նեա­նե­րը Ե­րե­ւա­նի հա­մար միայն այ­սօր՝ 1 Յու­նուա­րին նա­խա­տե­սած են ձիւն: Տա­րին կը սկսի ձիւ­նի ճեր­մա­կով, մա­քուր զգա­ցո­ղու­թիւն հա­ղոր­դե­լով բո­լո­րիս սիր­տե­րուն եւ թար­մու­թիւն՝ քա­ղա­քին: Ան­համ­բեր են մա­նա­ւանդ մա­նուկ­նե­րը: Ա­նոնք կը սպա­սեն այս ձմրան գրե­թէ ա­ռա­ջին ձիւ­նին, որ Նոր տա­րուան մէջ պի­տի տե­ղայ...

Մարդ­կու­թիւ­նը պատ­մու­թեան գիր­կը կը ճամ­բէ 2015 թուա­կա­նը՝ քիչ մը նեղսր­տած, քիչ մը՝ լիա­ցած, բայց միշտ յոյ­սով, որ Նոր՝ ե­կող տա­րին ա՛լ ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լայ մարդ­կու­թեան հա­մար: Նոյն խո­հե­րու մէջ է նաեւ հա­յու­թիւ­նը: Ան­կախ ծանր եւ տխուր ա­ռիթ­նե­րէ՝ մար­դիկ կ­­՚ու­զեն բա­րի սրտով հրա­ժեշտ տալ հին տա­րուան, որ­պէս­զի Նոր տա­րին նոյն տրա­մադ­րու­թեամբ թա­կէ ա­մէն մար­դու դու­ռը: Մար­դիկ ի­րենց ար­դա­րա­ցի զայ­րոյ­թը կը յայտ­նեն անց­նող տա­րուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­նար­դա­րա­ցի ե­րե­ւոյթ­նե­րու, սպա­նու­թիւն­նե­րու, կո­տո­րած­նե­րու, մահ ու ա­ւե­րին դէմ, այն յոյ­սով, որ նման մար­դաս­պան ե­րե­ւոյթ­նե­րը չեն կրկնուիր Նոր ու գա­լիք տա­րի­նե­րուն: Յոյսն է, որ ա­ռաջ­նոր­դած է մարդ­կու­թիւ­նը, դա­րե­րէ ի վեր, եւ յոյսն է, որ ան­բա­ժան ե­ղած է մա­նա­ւանդ հա­յէն՝ իր ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին:

2015 թուա­կա­նը ծանր սկսաւ հա­յու­թեան հա­մար. իր տան մէջ Յու­նուար ամ­ի­սին դա­ժա­նօ­րէն սպա­ննուած ըն­տա­նի­քի մը ճա­կա­տա­գի­րը վա­խե­րու գիր­կը նե­տեց հայ մար­դը՝ շա­տեր կը մտա­հո­գուէին, որ նոյն ձա­խո­ղու­թեամբ պի­տի ըն­թա­նայ ամ­բողջ տա­րին, սա­կայն, 2015-ը այն­քան ալ վատ տա­րի մը չե­ղաւ հա­յու­թեան հա­մար: Այն, որ տա­րին 100-ա­մեա­կի տա­րի էր եւ հռչակուեա­ցաւ իբ­րեւ վե­րած­նուն­դի եւ հա­րիւր տա­րի ետք նոր կեան­քի սկսե­լու եւ նոր հանգ­րուան­ներ թե­ւա­կո­խե­լու շրջան, թափ հա­ղոր­դեց հա­յու­թեա­ն: Վե­րած­նուն­դի, ո­գե­կոչ­ման, նո­րո­վի նոր կեան­քի սկսե­լու եւ նոր շրջան մը թե­ւա­կո­խե­լու լից­քեր ա­ռած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը մտնէ 2016 թուա­կա­նը:

Հա­յեացք մը նե­տե­լով անց­նող տա­րուն, կը տես­նենք, որ տա­րին գեր­յա­գե­ցած ե­ղած է մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նէն դուրս, ե­րե­սուն­հինք երկ­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է չորս հա­րիւր մի­ջո­ցա­ռում, ո­րոնց բո­լո­րի նիւ­թը ե­ղած է հայ ժո­ղո­վուր­դը, հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւնն ու ան­ցած ու­ղին: Հա­յաս­տան ե­կած են բա­զում աշ­խար­հահռ­չակ ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մշա­կու­թա­յին, քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նէն ի­րենց եր­կի­րը դրա­կան տե­ղե­կա­տուու­թիւն եւ դրա­կան լից­քեր տա­րած են՝ դառ­նա­լով մեր երկ­րի իւ­րօ­րի­նակ դես­պան­նե­րը՝ աշ­խար­հի մէջ:

Տօ­նա­կան սե­ղան­նե­րու շուրջ, տօ­նա­կան բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու տա­րա­փին տակ, մար­դիկ այս պա­հե­րուն, այս ժա­մե­րուն միշտ սրտապն­դող, դէ­պի բա­րին ու գե­ղե­ցի­կը ուղ­ղոր­դող խօս­քի կը սպա­սեն: Պա­տա­հա­կան չէ, որ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­նու­նէն հնչող խօս­քը միշտ այլ ար­ժէք մը ու­նե­ցած է հայ մար­դուն հա­մար, քա­նի որ հայ մար­դը միշտ իր գրա­գէ­տի, իր ու­սուց­չի, իր հո­գե­ւո­րա­կա­նի, իր հրա­պա­րա­կա­խօ­սի գրչին եւ խօս­քին հա­ւա­տա­ցած է:

Ի՞նչ յոյ­սեր ու­նի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը այ­սօր Նոր տա­րուան շե­մին, եւ ի՞նչ բա­րե­մաղ­թանք­ներ կը յղէ հա­մայն հա­յու­թեա­ն: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խնդրան­քով հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին անց­նող տա­րուան, ամ­փո­փե­ցին անց­նող լաւ ու վատ տա­րին, ծան­ր ու թե­թեւ ը­րին սեւ-ճեր­մակ օ­րե­րը, եւ այդ ա­մէ­նուն մէ­ջէն զա­տե­լով դրա­կա­նը, հա­յաշ­խար­հին յղե­ցին ջերմ ու սրտա­ռուչ բա­րե­մաղ­թանք­ներ:

Ա­ՐԱ ՍԱՆ­ՃԵԱՆ (պատ­մաբան, Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նի Տիր­պոռն քա­ղա­քի մաս­նա­ճիւ­ղի Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի վա­րիչ).-

Գնա­հա­տե­լով անց­նող տա­րին, պէտք է ը­սեմ, որ յետե­ղեռ­նեան հայ Սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մեծ մա­սը 2015-ին գրե­թէ ի­րենց ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռած էին հա­րիւ­րա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Քա­նի որ այդ հան­դի­սու­թիւն­նե­րը կազ­մա­կեր­պած տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն վերջ­նա­կան ակն­կա­լիք­նե­րը ի սկզբա­նէ տար­բեր էին, դժուար է կարճ պա­տաս­խան մը տալ, թէ ո­գե­կոչ­ման այդ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հա­սա՞ն ի­րենց ամ­բող­ջա­կան նպա­տա­կին թէ՝ ոչ։ (…)

Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, սա­կայն, 2015-ը ան­գամ մը եւս մտա­հո­գիչ տա­րի էր։ Եր­կի­րը շա­րու­նա­կեց մնալ տնտե­սա­կան տեղ­քայ­լի մէջ, շա­րու­նա­կուե­ցան ար­տա­գաղթն ու բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր թուա­քա­նա­կի նուա­զու­մը։ Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քուէն ա­մէն գնով, նոյ­նիսկ՝ բա­ցա­յայտ ա­նօ­րի­նա­կան մի­ջոց­նե­րով ան­ցը­նել տա­լու մար­մա­ջը ան­գամ մը եւս ա­պա­ցու­ցեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ոս­տի­կա­նու­թեան եւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գե­րը ար­մա­տա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու կա­րիք ու­նին։ Ընդ­դի­մու­թիւ­նը դար­ձեալ չյա­ջո­ղե­ցաւ ի­րա­վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու մի­տող քա­ղա­քա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու հա­մո­զիչ ծրա­գիր ներ­կա­յաց­նել։ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ սահ­մա­նա­գի­ծը շատ ա­ւե­լի լա­րուած էր՝ քան նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, եւ ո­րե­ւէ կողմ չի փորձեր լուրջ, փոխ­զի­ջու­մա­յին լուծ­ման մը յան­գե­լու։ Վեր­ջին ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն սրու­մը՝ ե­թէ շա­րու­նա­կուի, կրնայ ա­ւե­լի բար­դաց­նել Ար­ցա­խի շուրջ ի­րա­վի­ճա­կը։ Ին­ծի հա­մար, տա­րուան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­ռաջ ե­կած դրա­կան կէ­տե­րէն գլխա­ւո­րը հան­րա­քուէի օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը վե­րահս­կե­լու հա­մար ստեղ­ծուած «Քա­ղա­քա­ցի դի­տոր­դ» նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն էր, որ ծնունդ առ­նե­լով երկ­րի ներ­սէն, մեծ մա­սամբ բաղ­կա­ցած ըլ­լա­լով զար­գա­ցած ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ, կըր-ցաւ յոյս ներշն­չող մաս­նա­կի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ։

Կը մաղ­թեմ, որ յա­ջորդ տա­րուան հա­մար հա­մայն հա­յու­թեան կի­զա­կէ­տը ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը ար­մա­տա­պէս վե­րա­փո­խե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը, եւ սփիւռ­քի քա­ղա­քա­կան ու մտա­ւոր վեր­նա­խա­ւե­րը լրջօ­րէն ներգ­րա­ւուին այդ գոր­ծան­թա­ցին մէջ։ Ի վեր­ջոյ, ան­կախ թէ ուր­կէ՛ կը սե­րին մեր նա­խա­հայ­րե­րը, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու բար­գա­ւա­ճու­մը կա­րե­ւոր գրա­ւա­կանն է իբ­րեւ հայ մեր ա­պա­հով ու հպարտ ապ­րե­լուն՝ աշ­խար­հի վրայ ո՛ւր որ ալ գտնուին­ք։

ԱՍՏ­ՂԻԿ Ա­ՒԵ­ՏԻ­ՍԵԱՆ (Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ռա­տիօ­հե­ռուս­տա­տե­սա­յին լրագ­րու­թեան ամ­պիո­նի տո­ցենդ, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու, «Հայ­կա­կան Փի Ար» ըն­կե­րու­թեան գի­տա­տե­ղե­կա­տուա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ).-

2015 թուա­կա­նը հա­յե­րուս հա­մար թէ՛ կո­րուստ­նե­րու եւ թէ ձեռք­բե­րում­նե­րու տա­րի էր: Կո­րուստ­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նին ու­նե­ցանք զո­հեր, Կիւմ­րիի մէջ՝ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի դժբախ­տու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան այլ կո­րուստ­ներ, ո­րոնք կը վշտա­հա­րեն իւ­րա­քան­չիւ­րս: Ձեռք­բե­րում­ներ՝ Հա­յաս­տան երկ­րի դրա­կան կեր­պա­րի տե­սան­կիւ­նէն ու­նե­ցանք դրա­կան դրսե­ւո­րում­ներ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին դէմ­քե­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ Հա­յաս­տան, եւ հա­մաշ­խար­հա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու մէջ բազ­մա­թիւ անդ­րա­դարձ­ներ մեր երկ­րի մա­սին: Յա­ւուր պատ­շա­ճի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ եւ հա­մա­կար­գուե­ցաւ Ե­ղեռ­նի 100-ա­մեայ տա­րե­լի­ցի մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ: Մենք բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու­նինք ու զա­նոնք դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար խո­հե­մու­թիւն, հա­մախմ­բուա­ծու­թիւն, հա­մա­կար­գուած գոր­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն­ներ պէտք են: Տա­րին ամ­փո­փե­լով՝ մաղ­թանք­ներս շատ են, բայց նշեմ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր­նե­րը.

Թո՛ղ մեր զի­նուո­րի տո­կու­նու­թիւ­նը կրկնա­պատ­կուի, թո՛ղ ան զէն­քը գոր­ծա­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն այ­լեւս չու­նե­նայ: Թո՛ղ հայ մա­նուկ­նե­րը ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րը չնե­ղաց­նեն: Թո՛ղ հայ մայ­րե­րու աչ­քե­րուն մէջ միայն եր­ջան­կու­թեան ար­ցունք­ներ ե­րեւ­ին: Թո՛ղ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­գէտ աշ­խա­տի այն աս­պա­րէ­զին մէջ, ուր որ ը­նե­լիք ու­նի: Թո՛ղ հայ ըն­տա­նի­քի ամ­րու­թիւնն ու ջեր­մու­թիւ­նը վա­րա­կիչ դառ­նան այ­լոց հա­մար: Եւ թո՛ղ իւ­րա­քան­չիւր հայ վստա­հի մի­միայն իր ու­ժե­րուն եւ գոր­ծէ ի շահ մեր երկ­րի զար­գաց­ման:

Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ ապ­րող բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուս կը մաղ­թեմ ա­ռող­ջու­թիւն, անձ­նա­կան եւ գործ­նա­կան հար­թակ­նե­րու մէջ ալ՝ նո­րա­նոր ձեռք­բե­րում­ներ:

Թո՛ղ 2016 թուա­կա­նը դառ­նայ խա­ղա­ղու­թեան, եր­ջան­կու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեան ա­ւե­տա­բեր տա­րի:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016