ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Ե­շիլ­գիւ­ղի հա­յոց վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի մաս­նա­ւոր հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ հրճուանք։ Տղա­քը բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րե­ցին այս առ­թիւ՝ զա­նա­զան լե­զու­նե­րով եր­գե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ թա­տե­րակ­նե­րով։ Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ալ ներ­կա­յու­թիւն բե­րին այս հան­դէ­սին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ ծնող­ներ։ Մինչ տղա­քը ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու, Կա­ղանդ պա­պուկն ալ բաժ­նեց ա­նոնց նուէր­նե­րը։ Փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րուն ապ­րած ու­րա­խու­թիւ­նը ար­դէն հա­մա­կած էր բո­լո­րին էու­թիւ­նը եւ այս մթնո­լոր­տին մէջ հան­դէ­սը ա­ւար­տին հա­սաւ ա­մա­նո­րեան ջերմ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով։ 

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016