ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան Կա­ղան­դի խան­դա­վառ խրախ­ճանք­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ այս հա­ւա­քոյթ­նե­րը  պա­տեհ ա­ռիթ­ներ հան­դի­սա­ցան միաս­նա­բար ող­ջու­նե­լու հա­մար Նոր տա­րին։

Ա­ռա­ջին հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած էր ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին ճոխ յայ­տա­գիր մը։ «Թափթ­փած Կա­ղանդ պա­պու­կը» խո­րագ­րեալ թա­տե­րա­կը ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռըն­թեր տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ խմբերգ­նե­րով։ Ա­մա­նո­րի բնո­րոշ եր­գե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Կա­ղանդ պա­պուկն ալ փու­թաց ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան եւ բաժ­նեց ա­նոնց նուէր­նե­րը։

Եր­կորդ հան­դէ­սը նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար էր։ Այս փու­լին եւս գոր­ծադ­րուած յայ­տա­գի­րը կը բաղ­կա­նար զա­ւեշտ­նե­րէ, պա­րե­րէ եւ խմբերգ­նե­րէ, զորս տղա­քը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին։ Ձեռ­նար­կին հե­տե­ւե­ցան Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր, ո­րոնք Նոր տա­րուան առ­թիւ փո­խա­նա­կե­ցին ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016