2016-Ի ՋԵՐՄ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը հերթական անգամ կը բնորոշուի արտասովոր խանդավառութեամբ։ Համայնքային մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնը այսպիսի հանգրուան ներուն միշտ կ՚արդարացնէ գթութեան յարկ մը ըլլալու հանգամանքը։ Այդ գթութիւնը միայն ֆիզիքական կամ նիւթական կարիքներ հոգալով չի սահմանափակուիր, այլ նաեւ կը բիւրեղանայ բարոյականութեան եւ զգացականութեան զանազան յագեցումներով։ Անցեալ տարուան նախավերջին երեկոյթը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս բնորոշուեցաւ անբացատրելի ոգեւորութեամբ։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին յատուկ խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ այս տարի միացուած էին մնայուն բնակիչներուն Կաղանդի խրախճանքը եւ մեր բժշկական դասուն համար կազմակերպուած մեծարանքի հաւաքոյթը, որոնք աւանդաբար իւրաքանչիւր տարեմուտին տեղի կ՚ունենային առանձին-առանձին։ Այս տարի միացեալ ձեւաչափի մը մէջ կազմակերպուած ամանորեան աւանդական հաւաքոյթին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Հայր Աբրահամ Ֆրատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայն քային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, բարերարներ եւ հիւրեր։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։ Ոչ միայն հիւրերը, այլ նաեւ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները եւ բժշկական կազմը, պաշտօնէութիւնը, նոյնպէս, համակուած էին տօնական զգացումներով։ Ընդհանուր քարտուղար Սիլվա Թրիքայի նուիրեալ ջանքերով կազմակերպուած երեկոյթը իսկապէս անթերի էր ու կատարեալ։ Սիլվա Թրիքա թէեւ վերահսկած է յոգնեցուցիչ նախապատրաստական աշխատանքները, սակայն բոլորը վկայեցին, թէ այդ զոհողութիւնները արդարացած էին, որովհետեւ բոլոր սեղանակիցներուն տեսակէտէ իսկապէս անբացատրելի հաճոյքի մը վերածուեցաւ այս հաւաքոյթին բերուած մասնակցութիւնը։

Ամանորեան այս ձեռնարկին ժամանակ 50-ամեայ եւ 40-ամեայ բժշկական ծառայութեան համար յուշանուէրներ պատրաստուած էին Փրոֆ. Մերի Ուրկանճըօղլուին եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանին։ Մերի Ուրկանճըօղլու յուշանուէրը ստացաւ ձեռամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արտաշէս Աքտաղի։ Երկար տարիներ բժշկական ասպարէզէ ներս բեղուն գործունէութիւն ծաւալած հեղինակաւոր ակնաբոյժը նոյն առթիւ ստացաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութիւնները։ Նորին Սրբազնութիւնը անձամբ յանձնեց նաեւ յուշանուէրը Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, որ մասնագիտական բեղուն գործունէութեան զուգահեռ վարչական պատասխանատուութիւններ ալ ստանձած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս։ 40-ամեայ փորձառութեամբ յուշանուէրի արժանացած Արմենակ Մեծատուրեան այս հանգրուանին ներկաներուն դիմեց սրտի խօսքով։ 50-ամեակի յուշանուէր մը պատրաստուած էր նաեւ Տքթ. Վարդուհի Քուրուօղլուի համար, որ սակայն կը բացակայէր երեկոյթէն։

Հանդիսութեան տեւողութեան ելոյթ մը ունեցաւ Հերման Պալեան, որ մասնաւորապէս կանգ առաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս յաջողութեամբ կեանքի կոչուած թեքնիկ վերազինման ծրագրերուն վրայ։ Արտայայտուեցան նաեւ Զէքիեան Գերապայծառ եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որոնք դրուատիքը հիւսեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգա յին հիւանդանոցին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ ընդգծեց, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգա յին հիւանդանոցը յաչս լայն հասարակութեան կը համարուի մեր համայնքին ցուցափեղկը, իսկ մեր հաւաքական կեանքէն ներս ան կը հանդիսանայ փարոս մը, որ երջանկութիւն կը պարգեւէ բոլորին։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, թէ մարդոց մաղթանքներուն մէջ միշտ անպակաս կ՚ըլլայ երջանկութիւնը, ուստի հետեւելով նոյն օրինակին ան մաղթեց, որ 2016 թուականը սրտի խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն պարգեւէ բոլորին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բարձր գնահատեց նաեւ հիւանդանոցէն ներս հոգաբարձութեան, բժշկական դասուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ յառաջ տարուած համակարգեալ գործունէութիւնը, նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքային, որ տարիներու իր փորձառութեամբ վերահսկած էր Ամանորի այս աւանդական հաւաքոյթին կազմակերպչական աշխատանքները։

Փակման խօսքը արտասանեց Ընդհանուր Փոխանորդը, որ մաղթեց, թէ 2016 թուականը դառնայ խաղաղութեան տարի մը եւ աշխարհի վրայ կանգ առնեն արիւնահեղութիւնները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հերթական անգամ կանգ առաւ Մերձաւոր Արեւելքի դժոխային պայմաններէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներու խնդիրներուն վրայ ու կրկնեց իր հայրական յորդորը, որպէսզի մեր համայնքը անոնց նկատմամբ չմնայ անտարբեր եւ երկարէ իր օգնութեան ձեռքը։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքն ու բարեխիղճ վերաբերմունքը։ Ան խօսքը եզրափակեց բոլորին փոխանցելով ամանորեան իր շնորհաւորանքը, բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնը։

Երկոյթի մասնակիցները հաճելի ժամանց ունեցան Վահան Յակոբեանի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016