ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԼՈՅՍԻ ՉԱՓՈՎ
Ամէն մարդ որոշ մտային կարողութիւն մը ունի եւ իր մտային կարողութեան չափին համեմատ իմացական լոյս կրնայ տալ՝ ո՛չ աւելի եւ ոչ ալ պակաս։ Մարդուս հոգեւոր զօրութիւնն ալ նո՛յնն է, չափ մը ունի եւ այդ չափին համեմատութեամբ սրբակեաց կեանք մը կրնայ ապրիլ։
Այս իմաստով, ամէն մարդու հոգեւոր եւ մտային «տարազ»ը իր ընդհանուր նկարագիրը կը կազմէ, ուրիշ խօսքով ամէն մէկը ա՛յն է՝ ի՛նչ որ է իր հոգեւոր եւ մտաւոր կազմուածքը։ Արդարեւ հոգեւոր լոյսին ակը կը բացուի մարդուն հոգիին մէջ եւ իմացական լոյսը կը բխի ուղեղէն՝ հոգիին զօրութեամբ։ Այս կը նշանակէ՝ որ հոգին եւ միտքը ներքին կապ մը ունին եւ կ՚ազդեն իրարու՝ դրական կամ ժխտական ազդեցութիւն գործելով՝ զիրար զօրացնելով կամ տկարացնելով։
Լոյսը աստուածային արարչագործութեան ծրագրին ամենէն տարրական եւ ամենէն ազնիւ յատկութի՛ւնն է եւ այդ իսկ պատճառաւ բոլոր արարածներ տեսանելի դարձան եւ կարողացան պատսպարուիլ աշխարհի վրայ եւ կեանքը շարունակել՝ հակառակ ամէն նեղութիւններու։
Ուրեմն «լոյս»ը Աստուծոյ հոգեւոր զօրութեան եւ իմաստութեան տեսանելի արտացոլո՛ւմն է։ «Ճշմարիտ լո՛յսնէր Քրիստոս, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ կու գար։ Աշխարհի մէ՛ջ էր եւ աշխարհ անով եղած էր, բայց աշխարհ չճանչցաւ զայն» (ՅՈՎՀ. Ա 9-10)։
Լոյսը տեսանելի կը դարձնէ ամէն ինչ՝ բնութեան մէջ, ան ուղղութիւն կու տայ նաեւ մարդոց, լուսաւորելով անոնց հոգին ու միտքը։ Լոյսը՝ կասկածը եւ տարակուսանքը որոշակի կը դարձնէ, անյայտը կը յայտնէ, ծածուկը երեւան կը բերէ, վտանգներէ հեռու կը պահէ մարդկութիւնը՝ չար մտադրութիւնները խափանելով իր լոյսի յատկութեամբ, լուսաւորելու զօրութեամբ։ Լոյսը կը գերազանցէամբողջ տիեզերքը, եւ կը հիւսէ Աստուծոյ փառքը, կը յայտնէ զայն, քանի որ Աստուած «Լո՛յս» է եւ կը լուսաւորէ ամբողջ տիեզերքը իր իմաստութեան լոյսո՛վ։
Աստուած լոյս է եւ իմաստութի՛ւն, ուրեմն իմաստութիւնը լո՛յս է եւ փոխադարձաբար՝ լոյսը իմաստութի՛ւն։ Լոյսը տեսանելի կը դարձնէ, յայտնի կ՚ընէ ամէն ինչ եւ նոյնիսկ ներքին աշխարհը մարդուս։
Ոմանք լոյսը կը դիտեն ու կ՚ըմբռնեն որպէս լոկ ֆիզիքական երեւոյթ, քանի որ զայն կը տեսնեն միայն մարմնական աչքով։ Գիտնականը՝ լոյսը կը դիտէ մտաւոր աչքով, աւելի՛ն կը տեսնէ անոր մէջ։ Իսկ հաւատացեալը՝ հոգեկան աչքով կը դիտէ լոյսը, եւ անոր մէջ կը տեսնէ ամէն ինչ, որ ստեղծագործութեամբ էութիւն ստացած է տիեզերքի մէջ։
Իսկ հոգեմտաւոր աչքով դիտել լոյսը՝ կը նշանակէ՝ ստեղծագործութեան ճարտարապետը՝ Արարիչը տեսնել, ճանչնալ ու ծանօթանալ Անո՛ր հետ…։
Ահաւասիկ այս պատճառով է որ ըսինք՝ թէ ամէն ոք իր մտային կարողութեան չափով եւ հոգեւոր զօրութեան համեմատութեամբ կ՚իմանայ, կը տեսնէ իմացական լոյսը։ Ո՛չ ոք նոյն ձեւով կրնայ մօտենալ լոյսի ճշմարտութեան։ Եւ հոս, ահաւասիկ, լոյսը ամբողջութեամբ տեսնողներու պատասխանատուութիւնն է՝ զայն տեսանելի եւ զգալի դարձնել նաեւ նուազ կարողութիւն ունեցողներու, օգնել եւ ամբողջացնել անոնց թերութիւնը եւ զօրացնել անոնց տկարութիւնները…։
Երանի՜ անոնց, որ կը տեսնեն լոյսը իր ամբողջ իսկութեամբ, կը հասկնան եւ կ՚ապրին զայն, բայց շա՜տ աւելի երանելի՜ են անոնք, որ իրենց տեսածը կը փոխանցեն լոյսի ճշմարտութենէն զրկուածներուն՝ լուսաւորելով ամէն խաւար։ Եւամենէն վտանգաւոր խաւարը՝ մտքի եւ հոգիի խաւա՛րն է, այնքան որքան մարմնական խաւարի մէջ գտնուող կոյրի մը դիմաւորուած վտանգները։
Մեղքը խաւար մըն է՝ որ կը ծածկէ մարդուս մաքուր կեանքը։ Եւ հոգեւոր աչքին տեսած լոյսն է, որ կը փարատէ, կը ցրուէ այդ մութը, այդ խաւարը։ Նոյնն է պարագան տգիտութեան՝ ան ալ խաւա՛ր մըն է, որ կը փարատի մտաւոր աչքով դիտուած լոյսով։ Շատ աւելի՜ դիւրին է փարատել նիւթական խաւարը, քան մտաւոր ու հոգեւոր խաւարը։ Երանի՜ այն մտաւոր ու հոգեւոր խաւարը փարատելու պատրաստակամութիւնը ունեցողներուն…։
Կը պատմուի, թէ բնութեան սիրահար բնախօս մը, օր մը դաշտ կ՚երթայ եւ միջատներ բռնելով զանոնք կը բանտարկէ խաւաքարտէ տուփիկներումէջ՝ զորս գրպաններուն մէջ կը զետեղէ։ Քիչ յետոյ օդը կը փոխուի, որոտում, կայծակ եւ վերջապէս տեղատարափ անձրեւ մը կը սկսի տեղալ։
Բնախօսը, վերադարձի ճամբուն վրայ պատսպարուելու համար, տեսած առաջին տան դուռը կը զարնէ։ Դուռը կը բանայ կին մը։ Տանտիրուհին երբ կը տեսնէ անոր վիճակը, կը խղճայ եւ անմիջապէս ներս կ՚առնէ զայն։ Իրապէս, թրջուած բնախօսին վիճակը խղճալի կ՚երեւի։ Ուստի խղճամիտ տանտիրուհին իրեն կը պատուիրէ, որ վրայի հագուստները հանէ եւ հանգչի՝ խոնաւութենէ զերծ մնալու եւ չհիւանդանալու համար։
Ճիշդ այդ պահուն, բնախօսին գրպաններուն տուփիկները ջուրէն կազմալուծուելով հաւաքած բոլոր միջատները դուրս կը խուժեն։
Տանտիկինը, խոհանոցէն վերադառնալով երբ ականատես կ՚ըլլայ այս տեսարանին՝ կ՚առնէ աւելը եւ աւելով թէ՛ բնախօսը եւ թէ միջատները քաշելով դուրս կ՚աւլէ։ Բնախօսը դարձեալ անձրեւին տակ՝ միջատները կը ցրուին դէպի բնութիւն, դէպի ազատութի՛ւն։
Թէ՛ ինչ կը սորվեցնէ այս դէպքը մեզի։
Եթէ բնախօսին գրպաններուն մէջ ծածկուած ու պահուած միջատները նմանցնենք մարդկային մեղքերու, ապա ուրեմն, որքան ալ ծածկուած ըլլան անոնք եւ զանազան վատ արարքներ, օր մը, պատճառով մը հրապարակ կու գան ճշմարտութեան եւ արդարութեան արեւին լոյսին տակ։
«Չկա՛յ ծածուկ բան որ չյայտնուի, եւ կամ գաղտնի բան որ չգիտցուի» կ՚ըսէ Յիսուս, կը շարունակէ նաեւ. «Ի՛նչ որ մութին մէջ կ՚ըսեմ ձեզի՝ օր ցերեկով յայտարարեցէք, եւ ի՛նչ որ ձեզի առանձնութեան մէջ կ՚ըսեմ՝ տանիքներէն բարձրաձայն քարոզեցէ՛ք։ Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել» (ՄԱՏԹ. Ժ 26-28)։
Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնա՛յ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։
«Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (ՅՈՎՀ. Ը 12)։
Ըսինք որ լոյսը կարելի չէ տեսնել իսկութեանը մէջ մարմնաւոր աչքով, այլ հոգեւոր աչքով պէտք է դիտել լոյսը ըմբռնելու համար, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդուս մարմինը բան մը չի՛ կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գայ եւ կեանք կու տան» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։
Հոգին լո՛յս է եւ կեանք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 26, 2015, Իսթանպուլ