ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայ­տա­րա­րեց, որ  2016 թուա­կա­նին երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը պի­տի կրճա­տուի։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, տա­րե­մու­տի առ­թիւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայտ­նեց, թէ սա շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց մըն է ու միշտ հնա­րա­ւոր են փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Ըստ ի­րեն, 2016 թը-ւա­կա­նին նոր մօ­տե­ցում­ներ պի­տի ըլ­լան, նոր պա­հանջ­ներ խնդրոյ ա­ռար­կայ պի­տի դառ­նան, նաեւ պի­տի կրճա­տուին ա­ւե­լորդ ծախ­սե­րը։ «Մենք պէտք է ելմ­տա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը ուղ­ղենք ար­դիւ­նա­ւէտ ծախ­սե­րու, ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ Եւ մենք պի­տի ըլ­լանք հե­տե­ւո­ղա­կան։ Մենք քայ­լեր պի­տի առ­նենք, որ­պէս­զի նաեւ կրճա­տենք կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը», ը­սաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, որ սա­կայն ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չհա­ղոր­դեց, թէ ո՛ր նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, ի՛նչ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ապ­րուին։ Լրագ­րող­ներ փոր­ձե­ցին հասկ­նալ, թէ ար­դեօք որ­շուա՞ծ են յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այ­լեւս չաշ­խա­տե­լիք նա­խա­րար­նե­րը։ Վար­չա­պե­տը այս հանգ­րուա­նին չնա­խընտ­րեց խո­րա­նալ այդ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան տա­րին կը փա­կէ շուրջ 3 տո­կոս տնտե­սա­կան ա­ճով։ Տա­րե­մու­տին թէեւ պե­տա­կան պիւտ­ճէով նա­խա­տե­սուած էր ա­պա­հո­վել 4.1 հա­մե­մա­տու­թեամբ տնտե­սա­կան աճ մը, այ­սինքն՝ ներ­կա­յիս ա­պա­հո­վուա­ծէն մէկ եր­րորդ ա­ւե­լին։ Նա­խա­տե­սուա­ծէն ա­ւե­լի պա­կաս տնտե­սա­կան ա­ճի ա­պա­հով­ման հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, ըստ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը կը հա­մա­րուին։ Լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը կը յի­շեց­նեն, թէ ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւե­լի լա­ւա­տես կան­խա­տե­սում­ներ ու­նէր տա­րե­մու­տի ցու­ցա­նիշ­նե­րու պա­րա­գա­յին։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորական մը ուղարկեց  Վրաստանի իր նորանշանակ պաշ-տօնակցին՝ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիին՝ յաջողութիւններ մաղթելով իր պատասխանատու առաքելութեան մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016