«ԼԵԺԻՈՆ Տ՚ՕՆԷՕՐ»Ի ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ՉՈՐՍ ՀԱՅԵՐ
Ֆրանսահայ կարգ մը յայտնի անուններ վերջին օրերուն պարգեւատրուեցան «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ի շքանշանով։ Ֆրանսայի մէջ սովորութիւն է ամէն տարեսկիզբին զանազան բնագաւառներէ ներս կարեւոր ներդրում ունեցած արժանաւորներու պարգեւատրումը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, այս տարի շքանշանակիրներու ցանկին մաս կազմեցին պատմաբաններ՝ Անահիտ Տէր-Մինասեան եւ Ռայմոն Գէորգեան, որոնք ստացան ասպետի աստիճան։
Ինչպէս ծանօթ է, Անահիտ Տէր-Մինասեան եւ Ռայմոն Գէորգեան ֆրանսահայ մտաւորական շրջանակներու ամենածանօթ դէմքերու շարքրին կը դասուին։ Ֆրանսական եւ ընդհանրապէս միջազգային համալսարանական շրջանակներէ ներս անոնք ծաւալած են բեղուն գործունէութիւն եւ հեղինակութիւն կը համարուին նաեւ հայկական հարցի մեկնաբանման վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։ Զանազան լեզուներու թարգմանուած են իրենց գործերը։ Ռայմոն Գէորգեան երկար տարիներ եղած է նաեւ Փարիզի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ գործող Նուպարեան գրադարանի տնօրէնը, նաեւ շարք մը մեծ ցուցահանդէսներու կազմակերպիչը եւ այդ ցուցահանդէսներուն հիման վրայ հրա-տարակուած են կարեւոր շարք մը գիրքեր՝ վաւերագրական արժէքով։
Նոյն աստիճանին արժանացան նաեւ «Թալիս» ճեպընթացին մէջ ահաբեկչական արարք մը կանխած Մարք Մուկալեան եւ Հայկական ընկերային օգնութեան ընկերակցութեան նախկին նախագահ Անտրէ Ետիքարտաշեան, որ դեղագործ է մասնագիտութեամբ։