ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան յայտ­նեց, որ ան­ցեալ տա­րին լե­ցուն էր ձեռք­բե­րում­նե­րով, նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով։ Թե­մի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին անդ­րա­դառ­նա­լու ժա­մա­նակ ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­դար­ձի հար­ցին։ «Պի­տի հաս­նինք հայ­կա­կան բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Վի­րա­հա­յոց Թե­մի վե­րա­դարձ­ման նպա­տա­կին», ը­սաւ ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը այս առ­թիւ։ Ան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն վե­րագ­րեց Թիֆ­լի­զի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ւար­տին ու պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման նկատ­մամբ։ Բա­ցի Թիֆ­լի­զէն, Ջա­ւախ­քի մէջ նոյն­պէս ա­ռանձ­նա­կի կա­րե­ւո­րու­թեամբ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան եւ այդ ծի­րին մէջ ա­մե­նա­կա­րե­ւորն էր Նի­նոծ­մին­տա­յի շրջա­նի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգ­նումն ու օ­ծու­մը։ Սա մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ա­ռու­մով։ Պա­թու­մի մէջ Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շո­վի ա­նու­նին ձօ­նուած կրթամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի ձեռք­բե­րու­մը եւ Թիֆ­լի­զի մէջ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի տան մէկ հա­տուա­ծին ձեռք­բե­րու­մը նոյն­պէս ան­ցեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շար­քին էին։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Վրաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեան հար­ցին՝ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը շեշ­տեց, թէ խնդի­րը կը մնայ առ­կա­խուած։ Յա­մե­նայն­դէպս Վրաս­տա­նի նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նա­խա­ձեռ­նած են այս հար­ցի լուծ­ման։ Մահ­մե­տա­կան եւ հրեայ հա­մայնք­նե­րուն կա­մաց-կա­մաց կը վե­րա­դար­ձուին խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն բռնագ­րա­ւուած կա­լուած­նե­րը։ «Մենք ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք ցու­ցա­կը՝ սկիզ­բին ամ­բողջ ցան­կը՝ 442 կա­ռոյց, սա­կայն հի­մա կ՚աշ­խա­տինք խումբ-խումբ։ Քսան ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը վրա­ցե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցու­ցած ենք երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան։ Յու­նուա­րին մենք պի­տի սպա­սենք պա­տաս­խա­նի ու կը պատ­րաս­տուինք դի­մել եւս ե­րե­սուն­հին­գին հա­մար եւ այս­պէս, փուլ առ փուլ պի­տի դի­մենք ու պի­տի հաս­նինք՝ պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­դարձ­նե­լու նպա­տա­կին եւ հե­տե­ւո­ղա­կան պի­տի ըլ­լանք այս հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ», ը­սաւ ա­ռաջնորդ Սրբա­զան Հայ­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ 2016-ին ա­ռանց­քա­յին պի­տի ըլ­լայ Թու­մա­նեա­նի տան ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը, կա­հա­ւո­րու­մը եւ որ­պէս թու­մա­նեա­նա­կան վեր­նա­տան բա­ցու­մը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ այս ծրա­գի­րը ու­նի հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Սա նաեւ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ հայ-վրա­ցա­կան մշա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ «Պի­տի փոր­ձենք շրջան­նե­րէն ներս կա­տա­րել ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­նո­րո­գում­նե­րը, հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­ներ պի­տի ա­պա­հո­վենք հա­մայնք­նե­րուն հա­մար եւ ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք, որ­պէս­զի հա­մա­հունչ ըլ­լայ կեդ­րո­նի եւ հա­մայնք­նե­րուն զար­գա­ցու­մը», շա­րու­նա­կեց Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան, որ մատ­նան­շեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Վրաս­տա­նի Յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան եւ վե­րա­նո­րոգ­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան մի­ջեւ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Բաց աս­տի, ան­ցեալ տա­րի Վի­րա­հա­յոց Թե­մը Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն ստա­ցած է 600 հա­զար լա­րի՝ որ­պէս փոխ­հա­տու­ցում խորհր­դա­յին տար­նե­րուն կրած վնաս­նե­րուն։ Նոյն շրջագ­ծով նա­խորդ տա­րի ալ թե­մը ստա­ցած էր 300 հա­զար լա­րի։ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան ընդգ­ծեց, որ նիւ­թա­կան այս յատ­կա­ցում­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած են՝ որ­պէս­զի թե­մը ընդ­լայ­նէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան ո­լորտ­նե­րէն ներս։ Հե­տե­ւա­բար, այդ մի­ջոց­նե­րը նպաս­տած են թե­մի ա­ռա­քե­լու­թեան աշ­խու­ժաց­ման։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016