ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդուս կեանքին մէջ ամենէն դժուար բանը՝ իր տկարութեան եւ թերութեան անդրադառնալն եւ գիտակցի՛լն է։
Եթէ մարդ գիտնայ իր թերութիւնը եւ տկարութիւնը՝ համոզուի եւ իրապէ՛ս հաւատայ անոնց գոյութեան իր մէջ, ասիկա առաջին քայլն է անոնցմէ փրկուելու՝ կատարելագործուելու եւ զօրանալու հետզհետէ։ Մարդ եթէ անդրադառնայ, որ «տկար» է եւ «թերի՛», եւ այդ տկարութեան ու թերութեան վնասակար ըլլալը հասկնայ, կրնայ թօթափել այդ բոլորը իր վրայէն։ Իսկ եթէ չանդրադառնայ իր վիճակին՝ ինքզինք կատարեալ, անթերի եւ զօրաւո՜ր կարծէ, այդ պարագային վիճակը իրապէս ողբալի՜ է, քանի որ ո՛չ միայն գերին դարձած է իր տկարութեան ու թերութեան, այլ եւ անոնց տիրապետութեան տակ կը գտնուի եւ հետզհետէ կ՚աւելնայ իր դժբախտութիւնը։
Արդարեւ մարդկային տկարութիւններն ու թերութիւնները հետզհետէ կը բարդանան եւ «նկարագի՛ր» կը դառնան։ Այս կը նմանի բնութեան սա երեւոյթին, թէ երբ արեւամուտ ըլլայ, մթնոլորտը անմիջապէս չի մթննար, հապա յար եւ յար, հետզհետէ՝ մինչեւ որ սեւ խաւարը պատէ ամէն կողմ։ Մարդկային զանազան վատ ունակութիւններ ալ հետզհետէ շատնալով, կը բարդուին եւ «մեղաւոր» վիճակ մը կը ստեղծեն եւ այնուհետեւ ենթակային կամքին ուղղութիւն ցոյց կու տան, ան բնական կը սեպէ շարժիլ տկարութիւններով ու թերութիւններով։ Եւ ցաւալին այն է, որ ինքզինք կատարեա՛լ կը նկատէ մարդ։
Սխալը՝ շիտակ, սուտը ճշմարտութիւն կը համարէ եւ երբեք չի սրբագրեր մարդ ինքզինք այդ պարագային։
Սխալը եւ սուտը, մարդուս աչքին բնական կ՚երեւին, գեղեցիկ ծաղիկի մը երեւոյթը կը պարզէ եւ չ՚անդրադառնար անոնց վնասարար ազդեցութեան։
Մարդ քանի մօտենայ՝ անոնց բուրումէն կ՚արբշռի եւ յետոյ անոնց զօրաւոր ու թունաւոր, վնասարար ազդեցութեան ներքեւ կը մարի, կ՚ոչնչանայ։
Եւ այս բոլորը կ՚իրագործուի՝ մարդուս ներքին աշխարհի պարապութեան պատճառաւ։ Ուստի ամէն պարապութիւն կը գրաւուի ուրիշէն եւ ամէն լիութիւն կը մերժէ եկուորը, արգելք կ՚ըլլայ ուրիշին մուտքին։
Այսպէս է ահաւասիկ մարդկային մտաւոր աշխարհը՝ որեւէ գաղափար երբ կը ծաւալի ու կը տարածուի մարդուս մտքին՝ կեանքի կը վերածուի, նկարագիր ու գործունէութիւն կ՚ըլլայ, եւ յետոյ հետզհետէ կը սկսի իր շրջապատին մէջ աւերներ գործել…։
Եւ այս պարագային մարդուս մտաւոր աշխարհը աւելի վատ կ՚ըլլայ քան նախապէս էր։ Ուստի ամէն պիղծ ոգի, մարդուս չար խորհուրդները կը կազմեն եւ կը դառնան մտածելակերպ։ Բարի մտածումներ, օգտակար, իմաստուն խորհուրդներ՝ մարդուս լուսաւոր մտքին, բարիի, ճշմարիտի եւ գեղեցիկի բաց մտային կալուածին մէջ կը յայտնուին՝ սիրով զեղուն, բարութեամբ տոգորուած եւ սրբութեամբ օժտուած սրտի մը ընկերակցութեամբ լուսաւոր մտքի մը մէջ։
Գաղափարներ ֆիզիքական երեւոյթներով չեն յայտնուիր, այլ՝ հոգեկան ազդեցութեա՛մբ…։
Արդարեւ շինելը դժուար է, բայց քանդելը՝ դիւրի՛ն։
Շինել եւ շինուածը պահպանել զոհողութիւն եւ ժամանակ կը պահանջէ։ Իսկ քանդելը դիւրին է՝ ժամանակի չի կարօտիր ոչ ալ զոհողութիւն կ՚ուզէ, այլ մանաւանդ փառասիրական է։ Քանդելը լոկ ուժի հարց մըն է եւ իր գործունէութիւնը՝ գոհացում կը պատճառէ ենթակային իր չար մտադրութիւններուն հետեւանքով, եւ փառասիրական յաղթանակնե՛ր կը համարէ զայն։
Սակայն ամէն չար ու վնասակար գաղափար, որ կերպով մը մուտք կը գործէ մտքին մէջ՝ ուր պարապութիւն մը գտած է, ի վերջոյ լոյսին մէջ ի յայտ պիտի գան եւ մաքրուին բարի եւ օգտակար գաղափարներու շնորհիւ։ Չարին հատուցումը՝ պատի՛ժ է, իսկ բարիինը՝ վարձատրութի՛ւն։
Ուստի, քանի որ չարը կերպով մը գոյութիւն ստացած է, ան պարտաւոր է ապրիլ՝ բարիին հետ, բարիին կողքին, վնասելով անոր։ Կարեւորը՝ չարը եւ բարին կարենալ ներդաշնակելն է ժամանակի մը համար, մինչեւ որ չարը ու բարիին իրարմէ զատուելու ատենը հասնի։ Աստուածային ընդհանուր ստեղծագործութեան մեծ ծրագիրը որոշած է ամէն իրողութեան համար պատշաճ ժամանակ մը, եւ բնութիւնը կը կարգաւորէ այդ ընթացքը։
Ուշ կամ կանուխ դատաստանը կը վճռէ իւրաքանչիւրին նկարագիրը եւ յատկութիւնը։
Արդարեւ, ոմանք չեն ընդունիր ապրիլ չարին հետ եւ անհաւատ կը դառնան, ըսելով, թէ՝ եթէ Աստուած գոյութիւն ունենար, չարին արգելք կը հանդիսանար, արգելք կ՚ըլլար անոր գոյութեան ու գործունէութեան։ Բայց անոնք չեն խորհիր «ժամանակ»ի եւ «միջոց»ի եզրը կեանքի մէջ. չեն հասկնար, որ ամէն ինչ ժամանակի եւ միջոցի կը կարօտի իր գործունէութիւնը շարժման անցընելու համար։
Ստեղծագործութիւնը անմիջապէս չկատարուեցաւ։ Աստուած եթէ կամենար, մէկ անգամէն չէ՞ր կրնար ստեղծել ամէն ինչ, բայց ան կատարուեցաւ վեց երկար շրջաններու տեւողութեան մը մէջ եւ աւելին՝ ստեղծագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր ընթացքը՝ չէ՛ վերջացած, չէ կատարելագործուած ան։ Ուրեմն այս կը նշանակէ՝ որ ժամանակի կը կարօտի ամէն կատարելութիւն, եւ նաեւ՝ չարին ոչնչացո՛ւմը։
Բարիին տառապանքը անխուսափելի՛ է այս ընթացքին մէջ, բայց նաեւ՝ ժամանակաւո՛ր, իսկ չարին տանջանքը՝ մշտատե՛ւ։
Պահ մը խորհինք. եթէ «չար»ը չըլլար, «բարի»ն գոյութիւն պիտի ունենա՞ր որպէս արժէք։
Կամ ըսենք՝ չարն է որ բարիին գոյութեան կ՚անդրադարձնէ մարդս, ինչպէս սեւն է որ ճերմակին գոյութիւնը յայտնի կը դարձնէ, կամ խաւար մո՛ւթն է որ լոյսին գոյութիւնը կ՚ապահովէ։
Մարդ պիտի տանջուի, պիտի տառապի չարէն՝ որպէսզի յարգն ու արժէքը գիտնայ բարիին։ Անոնք որ թերահաւատ են եւ նոյնիսկ անհաւատ այս մասին՝ անգամ մը եւս պէտք է խորհին, անգամ մը եւս վերլուծեն ճշմարտութիւնը։
Պարագաներու համեմատ փոփոխութեան ենթարկուող հաւատքը «հաւատք» չէ՛. իրական հաւատքը ամէն պարագայի մէջ անայլայլելի եւ մշտնջենական հաստատ համազո՛ւմն է, ի՛նչ որ վե՜հ հոգիներու, բարձր միտքերու վերապահուած յատկութիւն մը, զօրաւոր նկարագրի գործ մըն է։ Երբ ամէն ինչ բարի է, ամէն ինչ կարգին է՝ դիւրին է հաւատալ, կամ ըսենք, դիւրին է քաջ երեւիլ, նոյնիսկ հերոս ըլլալ, բայց իրական քաջը եւ իրաւ հերոսը՝ չարին չարութիւններուն տոկալու հաստատակամութիւնը ունեցո՛ղն է՝ տառապանքներու եւ տանջանքներու մէջ իսկ յարատեւող զօրաւոր նկարագրի տէր վեհա՜նձն հոգիներու տէր եղո՛ղն է։
Ուստի բարին միշտ կա՛յ, անժամանակ է անոր էութիւնը, իսկ չարը՝ ժամանակաւո՛ր։
Խաւարին միշտ կը յաջորդէ լո՛յսը, ո՜վ կրնայ ըսել, որ խաւարը միշտ եւ տեւական մնացած է, ի վերջոյ լոյսին զօրութիւնը՝ խաւարն ալ լուսաւորած, լոյսի վերածած է։ Չարին ազդեցութեամբ հաւատքը թողուլ չարին յաղթանակն է՝ սո՛ւտ եւ խաբէակա՛ն յաղթանակ մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ