ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան շրջանին տեղի ունեցան երկու փայլուն աւանդական հանդէսներ, որոնք տօնական տրամադրութիւն ստեղծեցին աշակերտութեան մօտ։ Դեկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին կազմակերպուած խրախճանքներուն ժամանակ տօնական շրջանի ոգեւորութեան մասնակից եւ իմաստին հաղորդակից դարձան մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաները։ Իւրաքանչիւր հանգրուանի աշակերտները իրականացուցին առանձին հանդէս մը՝ ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի եւ ուսուցչական կազմին, բնականաբար նաեւ ծնողներուն։
Դպրոցի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահը Ամանորի շրջանին յարդարուած էր պատշաճօրէն։ Կաղանդի բնորոշ զարդերով ու լոյսերով կերպարանափոխուած այս միջավայրին մէջ՝ վարժարանի սաներն ալ զգեստաւորուած էին համահունչ ձեւով։ Անոնք մեծ եռանդով ու յաջողութեամբ ներկայացուցին երգեր, պարեր, թատերակներ, մինչ ուշադրութեան արժանացան նաեւ զանազան պաստառի ցուցադրութիւնները։
Տատեան վարժարանի աշակերտութիւնը ոգեւորութեամբ դիմաւորեց նաեւ Կաղանդ պապուկը, որ իրենց բաժնեց նուէրներ։
Իւրաքանչիւր հանդէսին ժամանակ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ գնահատեց հանդէսներու կազմակերպիչ կրթական մշակները եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Տատեան վարժարանի ընտանիքին՝ Նոր տարուան առթիւ։ Տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ մաղթեց, որ 2016 թուականը համայն մարդկութեան համար բերէ խաղաղութիւն, առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն։