ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ։
*
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. ամէն։
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»
(ՂՈՒԿ. 2։14)։
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Սուրբ Ծննդեան աւետիսը այսօր մեզ առաջնորդած է դէպի մեր եկեղեցիները, որպէսզի խնդութեամբ եւ հոգեւոր երկիւղածութեամբ խոնարհինք Մանուկ Յիսուսի՝ աշխարհի Փրկչի սնարին առջեւ։
Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնաւ Քրիստոս եւ Փրկչի աշխարհ գալով սկսաւ ճանապարհը Աստուծոյ հետ հաշտութեան, մեղքի պատճառով Անկէ հեռացած մարդկութեան դարձի եւ փրկութեան։ Իր Որդիի մարդեղութեան խորհուրդով Աստուած մարդիկը ժառանգորդ դարձուց երկնի արքայութեան եւ Իր միջոցաւ ցոյց տուաւ այդ փառքին արժանանալու ուղին՝ ըստ հրեշտակներու օրհնաձայն փառաբանութեան՝ «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։
Մարդեղացեալ Աստուածորդին Իր փրկչական առաքելութեամբ շրջափոխեց պատմութեան ընթացքը՝ մարդիկ կոչելով սիրոյ եւ խաղաղութեան սկզբունքի վրայ հաստատելու կեանքը։ Քրիստոս մարդոց կը պարգեւէ այս աշխարհի մեծագոյն բարիքը՝ Իր խաղաղութիւնը. «Խաղաղութիւն կը թողեմ ձեզի, իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի, ձեզի չեմ տար, ինչպէս այս աշխարհը կու տայ, ձեր սրտերը թող չխռովուին ու չվախնաք» (ՅՈՎ. 14։27)- կ՚ըսէ Տէրը։
Փրկչի խաղաղութեան կոչին ու հրաւէրին հանդիպման մեր ժամանակի մեծագոյն մարտահրաւէրն է անհատի, հասարակութեանց ու պետութեանց կեանքէն ներս խաղաղութեան խաթարումը։ Մարդկութիւնը 21-րդ դար թեւակոխած է մեծ տագնապներով։ Հակամարտութիւններ, աշխարհաքաղաքական շահերու մէջ բախում, ճգնաժամեր, մարդասիրական աղէտներ կը շարունակեն յուզել աշխարհը, սերմանել անհանդուրժողութիւն ու անվստահութիւն, սփռել աւերուածութիւն, աղքատութիւն, տառապանքներ։ Հասարակութիւններուն մէջ կը խաթարուին բարքերը, կը խեղաթիւրուին հոգեւոր-բարոյական արժէքները, առաւել տարածում կը գտնեն կեղծիք, մոլորութիւններ, սպանութիւններ, կը սասանուին ընկերային կեանքի, ընտանիքի հիմքերը։ Ծայրայեղական գաղափարներ քարոզող ահաբեկչական խմբաւորումները հաւատքի անունով մահ ու աւեր կը սփռեն յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր այլ ժողովուրդներու կողքին տառապում եւ զրկանքներ կը կրեն նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները։
Կործանարար ու կորստաբեր այս իրավիճակներէն մարդկութիւնը կը փնտռէ ելք եւ կարգաւորման ուղիներ, որոնց անորոշութեան մէջ բարձրացող հարցականներուն առջեւ այսօր քաղցրօրէն կը հնչէ մեր հոգիներուն Բեթղեհէմի մէջ աշխարհ եկած Փրկչի յուսադրող խօսքը. «Խաղաղութիւն կը թողեմ ձեզի, իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի, ձեզի չեմ տար ինչպէս կու տայ այս աշխարհը»։ Քրիստոսի պարգեւածը չէ այս աշխարհի խաղաղութիւնը, որ անհաստատ է եւ անկայուն։ Քրիստոսի խաղաղութիւնն է հոգիի խաղաղութիւնը, որ խարսխուած առ Աստուած հաւատքի, Աստուծոյ խօսքի պատուիրաններու վրայ՝ կը վերափոխէ կեանքը։ Ան կը բնակի անաչառ սրտի մէջ, ճշմարտութեան, արդարութեան մէջ, կը զօրանայ յաւիտենական կեանքի յոյսով ապրող հոգիներու մէջ։ Այս իմաստով առաքեալը կ՚ըսէ. «Եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ վեր է քան ամենայն միտք, պիտի պահէ ձեր սրտերը եւ մտածումները Յիսուս Քրիստոսով», (ՓԻԼ. 4։7)։ Արդարեւ, կեանքը կանգուն է Աստուծոյ սիրով լեցուն հոգիի խաղաղութեամբ։ Ամէն բան անհաստատ է, երբ մարդոց մէջ կը տկարանայ Աստուծոյ ներկայութեան զգացումը, երբ մարդկային առընչութիւններէն մինչեւ ազգերու ու պետութիւններու յարաբերութիւնները կը կառուցուին սոսկ սեփական շահերու ու ձգտումներու կամ՝ պարտադրանքի վրայ։ Գտնել, Քրիստոսի խաղաղութիւնը, կը նշանակէ ունենալ սէր եւ երջանկութիւն ընտանիքներու մէջ, համերաշխութիւն ու բարօրութիւն հասարակութեանց ու պետութեանց մէջ։ Մարդեղացեալ Աստուածորդին բոլոր դարերուն եւ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ կը պարգեւէ զօրութիւնը՝ իրագործելու Աստուծոյ հետ հաշտութեան եւ մարդոց մէջ հաճութեան պատգամը, կը պարգեւէ զօրութիւնը ընդունելու երկնային փրկարար շնորհները, որոնք կը բնակին մեր մէջ, երբ համախմբուած ենք խաղաղութիւն, արդարութիւն հաստատելու, աջակցութիւն եւ մխիթարութիւն բերելու։ «Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց համար, որոնք խաղաղութիւն կ՚ընեն», (ՅԱԿ. 3։17)։
Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ Մեր, հայրենական մեր կեանքին մէջ եւս ծառացած է խաղաղութեան պահպանման հրամայականը։ Տարիներէ ի վեր մեր երկիրը կը գտնուի շրջափակման մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Վերջինս մեր սահմաններուն վրայ սադրանքներու կը դիմէ՝ ձգտելով ոտնահարել Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը։ Կը հաւատանք, որ խաղաղութեան նախանձախնդրութեամբ եւ առ Քրիստոս հաւատքով զօրացեալ՝ մեր ժողովուրդը իր հոգիի խաղաղութիւնը պատուար պիտի դարձնէ ընդդէմ թշնամեաց յարձակումներու, անխորտակելի վահան՝ ընդդէմ հայրենեաց սահմաններու ոտնձգութիւններու՝ հերոսաբար պաշտպանելով մեր երկիրն ու սրբազան արժէքները եւ կուռ ու միասնական ոգիով դնելով իր ջանքերը դժուարութիւնները յաղթահարելու, շէնացնելու մեր հայրենիքը, աշխարհասփիւռ մեր կեանքը։ Սիրելիներ, Քրիստոս է մեր զօրութիւնը։ Աներկմիտ, անվարան հաւատքով հետեւինք մեր Տիրոջ պատգամներուն։ Մեր Փրկչի քաջալերող խօսքին համաձայն՝ թող մեր սրտերը չխռովուին եւ չվախնանք։ Ապաւինինք ոչ միայն մարդկային մեր տկար ուժերուն, այլեւ՝ Աստուծոյ օրհնութեան, որ կրնայ մեզի համար անհնարինը հնարաւոր դարձնել։ Պարտաւորուածութենէ առաւել թող մեզ առաջնորդէ ծառայութեան, սիրոյ ու նուիրումի ոգին, որով ծնունդ առած մեր գործերը հանապազօրեայ անհրաժեշտութիւն են՝ իրականացնելու համար ազգային զարթօնքի, լուսաւոր գալիքի մեր տեսիլքները։
Մեր Փրկչի Ծննդեան այս սուրբ օրը բերկրութեամբ լեցուն մեր հոգիներէն միասնաբար երկինք աղօթք բարձրացնենք, որ Քրիստոս մեր Տէրը երկնային շնորհներով, հաւատքով, յոյսով ու սիրով զօրացնէ մարդկանց հոգիները՝ կերտելով ապահով, խաղաղ ու բարօր աշխարհ։ Խաղաղ պահէ նաեւ մեր երկիրն ու ժողովուրդը, օրհնէ մեր կեանքը այս աշխարհի մէջ եւ առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանքի լոյսը։
Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ հանապազ աղօթքը եւ մաղթանքը, իբրեւ պատգամ կրկին կը հնչեցնենք՝ Խաղաղութիւն ամենեցուն։
Սուրբ Ծննդեան մեծասքանչ աւետիսով ողջոյն կը յղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին, Քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր Պետերուն եւ մեր Եկեղեցւոյ ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասուն։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը, ողջոյն կը յղենք Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանիին, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք աշխարհասփիւռ համայն մեր ժողովուրդին՝ հոգիի բերկրութեամբ զայն ողջունելով.
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։