Բառեր… Նոր Բառեր… Նոր Եզրեր… Նո՞ր…
Բառերը, երբեմն նոյնիսկ գիր մը կամ շեշտ մը, բաւական ներուժ ունին, զօրեղ են, եթէ մանաւանդ ճիշդ տեղին եւ պատշաճ կերպով օգտագործուին: Արուեստագէտ գրողները, բանաստեղծները, նաեւ բառաստեղծ են, մանաւանդ երբ տուեալ լեզուին մէջ չեն գտներ իրենց ներքին ապրումը կամ միտքը լաւագոյնս արտայայտող բառը, կը ստեղծեն նորը, եւ եթէ այդ բառը մարդիկ ընդունին ու օգտագործեն, կը ներառուի բառարաններուն մէջ՝ հարստացնելով լեզուի բառապաշարը:
Բառերը նոյնպէս մարդոց նման տարիներով չարչարուած են, եւ հնադարեան, վիպապաշտական, իրապաշտական եւ գերիրապաշտական ժամանակաշրջաններէ անցնելով, այժմ եկած եւ ինկած են գործնապաշտական անորոշութեան մը մէջ (խօսքը անշուշտ կը վերաբերի բջիջայիններու, համակարգիչներու եւ այսպիսի այլ սարքերու մէջ օգտագործուող բառերու… «բառանշաննե՞ր»):
Ընկերային ցանցերուն հետեւողները դիւրաւ կրնան հաստատել, որ ինչե՜րու կ՚ենթարկուին խեղճ բառերը, անշուշտ նաեւ աղքատացնելով եւ խեղճացնելով լեզուն: Մանաւանդ գիրքի նուազ ընթերցումով եւ ընկերային ցանցերու առաւել օգտագործումով, պարզ է, միայն լեզուն չէ, որ կ՚աղքատանայ…
Մեր կենցաղին, առօրեային մաս կազմող վերջին արհեստագիտութիւնները աւելի գործնապաշտ բնոյթ կը կրեն. դիւրին, աժան, թեթեւ, արագ: Դասական վէպերը, գիրքերը, յօդուածները այս օրերուն աւելի նուազ ընթերցողներ ունին, իսկ իրարու հետ առցանց, գրաւոր յարաբերողները ժամանակ չունին, հաւանաբար նաեւ ատակ ալ չեն պարբերութիւն մը, նոյնիսկ նախադասութիւն մը գրելու, այն աստիճան, որ սէրը անգամ արտայայտելու համար կը դիմեն անհեթեթութեան, օրինակ՝ երբ անգլերէն պիտի գրէ «ես կը սիրեմ քեզ», հետեւեալը կ՚ուղարկէ.
ԲԱՌԱՐԱՆԱՅԻՆ ԲԱՌԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՀԱՄԱՑԱՆՑԷՆ «ԾՆԱԾ» ԵՆ
Տարիներ շարունակ Օքֆսորտ առցանց բառարանը (ODO) արդէն իր մասին խօսիլ կու տայ՝ ընդունելով բառեր, որոնք լայնօրէն կ՚օգտագործուին համացանցին մէջ, իբրեւ անգլերէնի բառապաշար, ատով այդ բառերը պաշտօնականացնելով լեզուին մէջ: Այս «նոր բառերէն» ոմանք կրնան միայն օգտագործուիլ ընդհանուր միտքի մը, բովանդակութեան մը կամ ալ համացանցին մէջ, իսկ գոյութիւն ունեցող այլ բառեր կը սկսին նոր ինքնութիւն եւ իմաստներ ունենալ, հետեւաբար՝ օգտագործում:
Յապաւումներու, կրճատումներու հետզհետէ աճող օգտագործումը, նոյնպէս փոխած են լեզուի, մանաւանդ անգլերէնի մեր օգտագործումը: Ստորեւ նշուած եզրերն ու իմաստները բաւարար ազդեցութիւն ձգած եւ հեղինակութիւն նուաճած են, որպէսզի պաշտօնապէս ընդունուին Օքսֆորտ բառարան, որ բացատրած է տուեալ բառերը: Սակայն ընդունելի՞ է արդեօք բառարանին մէջ ներառել այսպիսի «բառեր», որոնց ճակատագիրը վստահաբար ժամանակը պիտի որոշէ:
1. SELFIE (2013)
Selfie (գոյական) Լուսանկար մը, որ անհատը ինքնիրեն կը նկարէ, յատկապէս նկարուած «սմարթֆոն»ով կամ ցանցի լուսանկարչական մեքենայով (webcam), եւ վերբեռնուած՝ (uploaded) ընկերային ցանցի մէջ: Հայերէն օգտա-գործուող տարբերակը՝ ինքնանը-կար: «Նայիրի» առցանց բառարանը չունի այս բառը:
Ծագումը.- Ինքնանկարը (լուսանկարչական աւանդական գործիքով) աւելի քան դարէ մը ի վեր գոյութիւն ունի, բայց «սելֆի»ներու ժողովրդականութիւնը միայն վերջին քանի մը տարիներուն աճեցաւ, երբ «սմարթֆոն»ներու միջոցով անհատը կարելիութիւն ունեցաւ ինքնիրեն դիւրաւ լուսանկարելու եւ այդ նկարները հրապարակելու ընկերային զանազան ցանցերու մէջ:
2. PHABLET (2013)
Phablet (գոյական) «Սմարթֆոն» մը, որուն պաստառը տիպար «սմարթֆոն»էն խոշոր եւ tablet computer-էն փոքր է:
Ծագումը.- «Ֆապլէթ» կը կոչուի այն սարքը, որուն պաստառը տիպար «սմարթֆոն»էն խոշոր եւ tablet computer-էն փոքր է՝ 12.5-17.5 սմ.-ի միջեւ: Թէեւ առաջինը՝ AT & T EO 440 հնարուած է 1993-ին, «ֆապլէթ» եզրը սկսած է օգտագործուիլ 2010-ին:
3. UNLIKE (2013)
Unlike (բայ) Ջնջել մէկու մը արձանագրած հաւնելու նշումը՝ «լայք»ը, որ ան նախապէս յղած է կայքէջի մը կամ ընկերային ցանցի մը:
Ծագումը.- «Լայք» կոճակը Դիմատետրի վրայ ստեղծած է նոր նշանակութիւն, իմաստ մը, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող «անլայք»ին: Կոճակը արդէն մատչելի էր ընկերային ցանցերու, համացանցային ֆորումներու եւ կայքերու վրայ, նոյնիսկ նախքան Դիմատետրի կողմէ ատոր որդեգրումը, բայց անկասկած Դիմատետրն է, որ ատիկա աշխարհի տարածքին հանրամատչելի եւ գործածական դարձուց, այնքան, որ այժմ համացանցը օգտագործողներուն մեծամասնութիւնը գիտէ ինչ կը նշանակէ «անլայք» ընել բան մը, որ իրենք նախապէս «լայք» ըրած էին:
4. TWEET (2013)
Tweet (գոյական) Հասցէագրում կամ յղում մը արձանագրուած՝ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ:
Ծագումը.– Օքսֆորտ բառարանը «թուիթ»ը պաշտօնապէս ներառած է Յունիսին՝ շրջանցելով, խախտելով նոր բառի (եւ նշանակութեան) համար իրենց ճշդած պայմանները. բառերը պէտք է նուազագոյնը տասը տարի օգտագործուած ըլլան, որպէսզի բառարան կարենան մտնել: Այդուհանդերձ, անհաւատալի ոստումը «թուիթ» բառի օգտագործման՝ 2006 թուականէն մինչեւ 2012 թուական, կը կարծէ՞ք, թէ կ՚արդարացնէ այդ խախտումը:
5. INBOX (2012)
Inbox (բայ) Ուղարկել անձնական հաղորդագիր կամ ելեկտրոնային նամակ մը (անձի մը՝ սովորաբար ընկերային ցանցի այլ անդամի կամ համացանցի հաղորդագրութեան սարքին):
Ծագումը.- Եթէ կը կարծէք, թէ «ինպոքս»ը գոյութիւն ունէր այն ժամանակ, երբ ելեկտրոնային նամակներ ժողովրդական կը դառնային, ճիշդ էք՝ 50 առ հարիւրով: Թէեւ այն ատեն աւելի գոյական, քան բայ էր: Սակայն ինչ կը վերաբերի 2012 թուականին, բառը կրնայ նաեւ օգտագործուիլ իբրեւ բայ. «Inbox me»ն հիմնականին մէջ՝ «ինծի անձնական հաղորդագիր, նամակ ղրկէ» խնդրանքն է, թէեւ մենք այժմ ատոր աւելի կարճ տարբերակը ունինք. PM.
6. OMG (2011)
OMG (բացագանչութիւն) Կ՚օգտագործուի զարմանք, յուզմունք, տարակուսանք, եւ այլն արտայայտելու համար:
Ծագումը.- Կրճատուած ձեւը՝ «Oh my god» (Աստուած իմ) արտայայտութեան: «OMG» ժողովըր-դային կրճատումը պատմութեան մէջ արձանագրուած է՝ նախկին ծովակալ Ճոն Ֆիշըրի նամակին մէջ, զոր ան 1917-ին յղած է Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի: Այսօր «OMG»ն մեծապէս կ՚օգտագործուի՝ զարմանք, անա-կընկալ արտայայտելու ատեն:
7. LOL (2011)
LOL (կրճատում) Բարձրաձայն խնդալ (laugh out loud): Գլխաւորաբար կ՚օգտագործուի ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մէջ, ուշադրութիւն հրաւիրելու «անեքթոտ»ի մը կամ զուարճալի արտայայտութեան մը վրայ:
Ծագումը.- Մեծապէս օգտագոր-ծըւած է համացանցի առաջին տարիներուն (1990-ականներու սկիզ-բը), «ԼՕԼ» ձեւով մը փոխարինած է բնագրային, բառերով հաղորդակցութիւնը: Օգտագործուելով դէմքի արտայայտութիւններու (իմոթիքոն) ոճով, «ԼՕԼ» այժմ տեղադրուած է առօրեայ խօսակցութիւններու, գրաւոր նամակներու, ելեկտրոնային զրոյցներու, բառերով հաղորդագիրներու եւ ընկերային ցանցերու կայքերուն վրայ:
8. NOOB (2009)
Noob (գոյական) Անհատ մը, որ անփորձ է որոշ մարզի կամ գործունէութեան, յատկապէս համակարգիչի կամ համացանցի օգտագործման մէջ:
Ծագումը.- Սովորաբար կը գրուի «n00b» երկու զերոյով: Բառը եկած է «newb» կամ «newbie» բառէն, որ կը վերաբերի մէկու մը, որ նոր կը սկսի համացանց օգտագործել: Զուարճալի իրողութիւնը այն է, որ այս բառը 2009 թուականին գրեթէ եղաւ անգլերէնի երկումիլիոներորդ բառը, տիտղոս մը, որ փոխարէնը տրուեցաւ «Web 2.0»-ին:
9. HASHTAG (2009)
Hashtag (գոյական) Բառ կամ նախադասութիւն մը, որուն կը նախորդէ «հաշ» նշանը (#), որ կ՚օգտագործուի ընկերային ցանցերու, ինչպէս «Թուիթըր»ի մէջ, շեշտելու, հաստատելու համար հաղորդագիրներ կամ յատուկ նիւթեր:
Ծագումը.- Թէեւ «հաշթակ»ը առցանց չէ ստեղծուած, յստակօրէն վերամշակուած է առցանց օգտագործման համար:
10. UNFRIEND (2009)
Unfriend (բայ) Վերցնել, հեռացնել (անձ մը) ընկերային ցանցին վրայ ընկերներու կամ հաղորդակցողներու ցանկէն:
Ծագումը.- «Անլայք» բառին նման, «անֆրէնտ»ը հակառակն է մէկը «ընկեր» (friend) ընելուն, երբ անձի մը անունը կ՚աւելցնես ընկերային ցանցի միջոցով քեզի հետ հաղորդակցողներու կամ քու ընկերներուդ ցանկին վրայ: Սակայն ի տարբերութիւն «անլայք» բառին, «անֆրէնտ»ը իբրեւ տարուան բառը թագադրուած է 2009-ին, այն տարին, երբ Դիմատետրը կը տարածուէր թափով:
11. TROLL (2006)
Troll (բայ) Միտումնաւոր վիրաւորական առցանց արտայայտութիւն մը, մարդիկ տակնուվրայ ընելու կամ անոնցմէ զայրացկոտ պատասխանը հրահրելու:
Ծագումը.- «Թրոլ»ները օգտագործուած են 1600-ական թուականներուն, նկարագրելու համար տգեղ գաճաճներ կամ հսկաներ, բայց ժամանակակից անգլերէնի մէջ այդ բառը կը նկարագրէ ձկնորսութեան ձեւ մը, որ զգուշութեամբ կարթը կ՚իջեցնէ ջուր հրապուրելու համար որսը: Բազմաթիւ առումներով ասիկա նման է, անոր, թէ ինչպէս որոշ մարդիկ առցանց կը հրահրեն կամ կը զայրացնեն ուրիշները անտեղի եւ վիրաւորական արձանագրութիւններով, փորձելով զգացական արձագանգ հրահրել: Այդ ատենէն ի վեր «troll»ը կ՚օգտագործուի նկարագրելու համար առցանց քննարկումներուն կործանարար ընթացք տալու արարքը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ