Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Հայերէն լեզուի անցեալին, ներկային ու ապագային վերաբերեալ դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։
Շաբաթ, Յունուար 9, 2016