ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Աստուծոյ մարդեղութեան եւ մարդու բնութիւն ստանալու հրաշալի՜ եղելութիւնը, ամէն տարի Յունուար 6-ին՝ որպէս անշարժ տօն։ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան պատմութիւնը ծանօթ է բոլորիս։ Մանկութեան տարիներէն սկսեալ, գրեթէ ամէն Հայ քրիստոնեայ կը սորվի եւ գիտէ այս դէպքին գոնէ արտաքին ծալքերը։
Սակայն կ՚ուզենք քիչ մը աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններով ճոխացնել մեր աւանդական գիտելիքները։ Այս մտադրութեամբ կը դիմենք Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը. գիտելիքներ հաւատացեալներուն» մանրամասն ուսումնասիրութեան։ Այսպէսով թէ՛ կը վերյիշենք մեր գիտելիքները՝ կը նորոգենք զանոնք, եւ թէ՛, ինչու չէ՞, կը ճոխացնենք եւ կ՚ընդարձակենք զանոնք…։
Մի քանի մանրամասնութիւններ կարելի է աւելցնել մեր գիտելիքներուն վրայ, որպէսզի աւելի եւս ըմբռնելի ու հասկնալի ըլլայ հրաշալի՜ իրադարձութիւնը։
Գաբրիէլ հրեշտակ յայտնեց Մարիամի, Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան մասին, եւ զարմացած Մարիամ հարցուց հրեշտակին. «Ինչպէ՞ս կը կատարուի այդ ինծի, քանի որ ես տղամարդ չեմ ճանչցած»։
Եւ ահաւասիկ, այս հարցումին մէջ է պատճառը եւ իմաստը Մարիամի ընտրութեան եւ Ծննդեան խորհուրդին՝ թէ Աստուած ընտրած էր Մարիամը՝ ամենահեզը եւ ամենախոնարհը, ամենառաքինին եւ Տիրոջ ամենահաւատարիմը՝ որպէս «Մայր» Աստուծոյ, որ ապա կոչուեցաւ «Աստուածամայր» կամ «Տիրամայր»։ Թէ՛ ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, հրեշտակին յայտնութիւնը հպարտութեան առիթ չսեպեց Մարիամ, կատարեալ ինքնաճանաչութեամբ, պարզեց իրականութիւնը։ Սա համեստութեան ու խոնարհութեան նշան մը չէ՞։ Սա առաքինութիւն չէ՞…։
Մինչդեռ մարդիկ, իրենց ընծայուած ամէն յարգ ու պատիւ կ՚ընդունին՝ ընդհանրապէս առանց խորհելու, թէ՝ արժանի՞ են կամ ո՛չ այդ պատիւին։
Շա՜տեր խորամանկութիւն, վարպետ հնարք կը սեպեն՝ անարժան կերպով արտաքին ստանալը։
Շատե՜ր նենգամտօրէն եւ նոյնիսկ խարդախութեամբ եւ խաբէութեամբ տիրանալ կը փորձեն այն պատիւներուն, դիրք ու աստիճաններուն, որուն երբեք արժանի չեն, եւ մանաւանդ, իրենք ալ գիտեն ասիկա եւ դարձեալ կը ձգտին բարձր դիրքերու ու աստիճաններու՝ անիրաւ ու անարդար ճամբաներու դիմելով։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութեան մէջ, եւ պատմութեան վկայութիւնները դիտելով կը տեսնուի, թէ այս «անիրաւութեան» ու «անարդարութեան» օրինակները շա՜տ են թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայի իրողութիւններու ընթացքին, եւ թէ երբեք անպակաս պիտի չըլլան ապագայի ընկերային կեանքի մէջ։ Խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը միշտ բացառութիւն համարուած է, ե՛ւ առաքինութիւն, գովեստի արժանի, գնահատելի. մինչդեռ մարդուս բնական ու հարազատ վարմունքը, վարուելակերպը պէտք է ըլլայ խոնարհ ու հեզ կեցուածքը։
Եւ ահաւասի՛կ, Ս. Ծննդեան «խոնարհութեան» դասը կը սկսի Մարիամէն՝ որ հրեշտակին յայտարարութենէն անմիջապէս չի հպարտանար, այլ՝ խոնարհաբար կը յայտնէ իր անարժանութիւնը։
Ուստի Մարիամին՝ Սուրբ Կոյսին այս ընթացքը ո՛չ թէ թերհաւատութեան հետեւանք էր, այլ՝ ինքնաճանաչութեան, ճշմարտութիւնը իմանալու եւ իրատես ըլլալու ապացոյց մը, նշա՛ն մը։ Ուստի Մարիամ, հրեշտակի բացատրութիւնը լսելէ յետոյ, հաւատարմութեամբ եւ հաստատամիտ կ՚ըսէ.
«Ահաւասի՛կ Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (ՂՈՒԿ. Ա 38)։
Այսօր կարելի է հանդիպիլ մարդոց, դժբախտաբար, որոնք թերահաւատութեամբ, եւ ցաւալի՜ է, երբեմն ալ ծաղրանքով կը մօտենան այս ճշմարտութեան, եւ նենգամտօրէն կը հարցնեն.
«Ինչպէ՞ս կարելի է որ կոյսը որդի ունենայ»։
Մարդկային սահմանափակ եւ նեղ մտածողութեամբ, կարգ մը երեւոյթներ անկարելի կ՚երեւին մարդ էակին։ Մինչդեռ խորհուրդները հասկնալ կարելի է մտապէս խորը թափանցելով, վեր բարձրանալով եւ լայն ու ծաւալուն մտածելով, ինչ որ հմտութիւն եւ զօրաւոր հաւատք կը պահանջէ։
Մարդ կրնայ բնութեան կարգ մը երեւոյթներուն իմաստը չհասկնալ, չկարենալ ըմբռնել, բայց այս՝ այդ ճշմարտութեան անգոյ, անիրական ըլլալուն մէկ փաստը, ապացոյցը չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ որեւէ ճշմարտութիւն իր ճշմարտութիւնը եւ գոյութիւնը մարդուս չի՛ պարտիր, արտաքին միջամտութիւններէ՝ հաստատում կամ ուրացումներէ կախում չ՚ունենար, այլ՝ ի՛նքն իր մէջ կայ՝ ճշմարտութիւն կամ ստութիւն, խաբէութի՛ւն, եւ չի՛ փոխուիր ըստ մարդուս գնահատութեան, արժեւորութեան կամ որակաւորութեան։
Արդարեւ Աստուած միշտ մարդս նախապատրաստած է այսպիսի մեծ իրադարձութիւններու եւ հրաշքներու՝ որպէսզի երբ անոնք տեղի ունենան եւ իրականանան, չգայթակղին եւ չտարակուսին։
Շա՜տ դէպքեր, որ կատարուած է Հին Կտակարանին մէջ, նախօրինակը եւ ստուերն էին այն մեծ իրադարձութիւններուն՝ որոնք պիտի կատարուէին Նոր Կտակարանի մէջ։ Աշխարհի ստեղծման ժամանակ առանց սերմի, առանց հունտի եւ աշխատանքի, միա՛յն Աստուծոյ խօսքով երկրի վրայ բոյսեր աճեցուց եւ երկիրը պտղաբերեց (ԾՆՆԴ. Ա 11)։ Ճիշդ նոյն կերպով ալ՝ Քրիստոսի ծնունդն ալ կատարուեցաւ առանց մարդկային սերմի, միա՛յն Աստուծոյ զօրութեամբ կոյսը յղիացաւ եւ Որդին ծնաւ։
Որոշ եկեղեցիներ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնեն Դեկտեմբեր 25-ին։ Թուականներու տարբերութեան պատճառը այն է, որ նախապէս Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները միասին կը տօնուէին՝ Յունուար 6-ին, բայց յետոյ այս փոխուեցաւ՝ Բեթղեհէմ քաղաքի եւ Յորդանանի իրարմէ հեռու ըլլալուն պատճառով։ Յունուար 6-ին մարդիկ ուխտի կ՚երթային Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան վայրերը, սակայն շատեր ի վիճակի չէին ըլլար իրենց ուխտը կատարելու՝ նոյն օրը երկու վայրերն ալ այցելել չկարողանալով։ Ասոր համար երուսաղէմացիներ Ծննդեան տօնը փոխեցին Դեկտեմբեր 25-ի։
Նաեւ հեթանոսական ժամանակներու մէջ արեւին նուիրուած տօն կար Դեկտեմբեր 25-ին, եւ մարդիկ այդ օրը, ըստ հաստատուած սովորութեան, տօնախմբութիւն կ՚ընէին։ Եւ հեթանոսական այդ տօնը՝ քրիստոնէականով փոխարինելու համար Սուրբ Ծննդեան տօնը տեղափոխուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ի։ Իսկ Հայ քրիստոնեաներ, պահեցին աւանդականը՝ շարունակելով Փրկչի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները տօնել ճշգրիտ օրը, այսինքն Յունուար 6-ին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 29, 2015, Իսթանպուլ