ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ փայլուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուած այս ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ամբողջ դպրոցին մէջ լիուլի ապրուեցաւ տօնական հրճուանքը։
Գործադրուած յայտագրի առաջին փուլը վերապահուած էր մանկապարտէզի փոքրիկներուն։ Մանկապարտէզի երեք դասարաններու փոքրիկները հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։ Իրենց յաջող ելոյթներուն համազօր անոնք ուշադրութիւն կը գրաւէին նաեւ ճաշակաւոր տարազներով։ Կաղանդ պապուկին ներկայութիւնը բազմապատկեց փոքրիկ սաներուն ուրախութիւնը եւ անոնք մանկական իրենց անմեղ երեւակայութիւնը ապրեցան ստանալով Կաղանդ պապուկին ձեռամբ նուէրներ։
Հանդէսի վերապահուած օրուան երկրորդ կէսին նախակրթարանի դասարանները գործադրեցին իրենց ծրագիրը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորական խօսքէն վերջ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, հանդիսավարութեամբ Քորէլ Արըքի եւ Գարուն Քիւլէկէչի։ Դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան Ամանորին բնորոշ զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Երաժշտական յայտագիր մը գործադրեցին՝ Արեգ Պէրպէրօղլու, Արաս Հեմենկիւլ, Նիքոլ Թէզճան, Սարին Նեւրուզ, Գլոտիա Քէօրօղլուեան եւ Մելանի Քոշուն։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ ընկերները, Արամեան-Ունճաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, ուսուցչաց կազմի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Վերջաւորութեան Հայր Սուրբը հանդէս եկաւ խօսքով մը, որու ընթացքին սրտագին բարեմաղթութիւններ յղեց բոլորին, շնորհաւորելով Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024