ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին վե­րա­միա­ւո­րուե­ցան ա­ւան­դա­կան ան­բա­ցատ­րե­լի ապ­րում­նե­րով, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ո­գե­կո­չե­ցին հաս­տա­տու­թեան ե­րախ­տա­շատ ու բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դի­րը։ Գա­րա­կէօ­զեա­նի շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը հա­մախմ­բեց զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ըն­թա­ցա­ւարտ­ներ, ո­րոնք ապ­րե­ցան զի­րար վե­րագտ­նե­լու եւ հեր­թա­կան ան­գամ ի­րենց վար­ժա­րա­նի մթնո­լոր­տը շնչե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան ծրա­գի­րը սկսաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, ուր մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը կա­տա­րուե­ցաւ հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նի շիր­մին վրայ։ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րուն Գո­վան, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ա­շա­կերտ­ներ եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ո­գե­կո­չու­մէն վերջ խում­բը գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ դէ­պի վար­ժա­րան, ուր միա­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին մաս­նա­կից ա­ւե­լի մեծ թի­ւով գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րու հետ։ Լու­բիա­յի օ­րուան շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի ճա­շա­րա­նին մէջ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան սե­ղան­նե­րուն շուրջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ «Վա­հան Գար­թալ­լըօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ սկսաւ օ­րուան յայ­տագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ո­րոնք ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին հաս­տա­տու­թեան այ­սօ­րուան վի­ճա­կին շուրջ։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րը, իր ամ­բող­ջին մէջ, այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած էր տար­բեր ձե­ւա­չա­փով մը, տար­բեր մտայ­նու­թիւ­նով մը՝ վար­ժա­րա­նի եւ ա­նոր սա­նե­րու վե­րա­բե­րեալ յի­շո­ղու­թեան թար­մաց­ման մի­տու­մով։ Սա հե­տաքրք­րա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած էր, ո­րով­հե­տեւ շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը վե­րա­ծուած էր ե­զա­կի ա­ռի­թի մը՝ Գա­րա­կէօ­զեան Տան պատ­մու­թեան հա­ղորդ դառ­նա­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Գա­րին Սուս­մա­քի մա­կա­նին ներ­քեւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած խմբերգ­նե­րը ձօ­նուե­ցան Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նի յի­շա­տա­կին։ Ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ու իս­կա­պէս յա­ջող տե­սաե­րիզ մը, ո­րու մէջ պաս­տա­ռի վրայ տո­ղան­ցե­ցին Գա­րա­կէօ­զեա­նի զա­նա­զան շրջա­նա­ւարտ­ներ, ո­րոնք պատ­մե­ցին ի­րենց յու­շե­րը եւ ներ­կա­նե­րը այդ յու­շե­րուն մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան պատ­կե­րաց­նե­լու հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան շրջան­նե­րու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ յա­րա­փո­փոխ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րած ե­լե­ւէջ­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տագ­րի սրա­հի մէջ գոր­ծադ­րուած բաժ­նէն վերջ, շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին մաս­նա­կից­նե­րը ար­դէն ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան դպրո­ցի շէն­քը, որ ինք­նին յար­դա­րուած էր մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը ձե­ւա­չա­փով։ Պա­տե­րուն վրայ կա­խուած էին մե­ծա­դիր խմբան­կար­ներ, ուր գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը կը գտնէին ինք­զինք­նին եւ ի­րենց ըն­կեր­նե­րը, հաս­տա­տու­թեան այդ շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն եւ պաշ­տօ­նէու­թե­նէն դէմ­քեր։ Շատ յատ­կան­շա­կան էր մա­նա­ւանդ վար­ժա­րա­նի պատ­մա­կան շէն­քէն ներս շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին շար­ժա­ռի­թով վե­րա­բա­ցուած բաղ­նի­քի բա­ժի­նը՝ եր­բեմ­նի մթնո­լոր­տին նման յար­դա­րան­քով։ Այն­տեղ եւս ներ­կա­յա­ցուած էին մե­ծա­դիր լու­սան­կար­ներ, մինչ այ­սօ­րուան ա­շա­կեր­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը «Նա­մակ­ներ ան­ցեա­լին» կար­գա­խօ­սով ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րուն ա­ռար­կայ կը դարձ­նէին հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նը։ Դար­ձեալ բաղ­նի­քի բաժ­նէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, որ թէեւ ամ­փոփ, բայց խօ­սուն դրուագ­ներ կը ցո­լաց­նէր հաս­տա­տու­թեան ան­ցեա­լէն ու կը կրկնուէր ա­նընդ­հատ։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր նաեւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու յու­շեր, ան­ցեա­լէ դրուագ­նե­րէ վեր­յի­շում­ներ եւ նախ­կին տնօ­րէն­նե­րու օ­րագ­րու­թիւն­նե­րէն է­ջեր։ Ա­մե­նա­կա­րե­ւոր­նե­րէն մին այն էր, որ հին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը վեր­յի­շէին հին խմբան­կար­նե­րու մէջ ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հա­մար ան­յայտ մնա­ցած զա­նա­զան դէմ­քե­րու ա­նուն­նե­րը եւ այս­պէ­սով կար­ծես Գա­րա­կէօ­զեա­նի պատ­մու­թիւ­նը, ան­ցեա­լը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նար՝ նոյ­նինքն շրջա­նա­ւարտ­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րով, յու­շե­րով։

Բո­լոր գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած էին այս ե­զա­կի մթնո­լոր­տին մէջ, ուս­տի ա­նոնց հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռուե­ցաւ, որ­պէս­զի ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ար­ձա­նագ­րեն մաս­նա­ւոր մա­տեա­նի մը մէջ։ Նկա­րա­հա­նում­նե­րու հա­մար ալ մաս­նա­ւոր ան­կիւն մը պատ­րաս­տուած էր եւ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը այն­տեղ նկա­րա­հա­նուե­ցան՝ տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ ի­րա­րու հետ միաս­նա­կա­նու­թիւն վա­յե­լե­լու մաղ­թան­քով։

Շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րենց մա­տու­ցած տուեալ­նե­րով կամ այդ բո­լո­րը մա­տու­ցե­լու ա­ռու­մով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած էին՝ Անդ­րա­նիկ Տու­փի­նեան, Թեքին Տե­միր­ճեան, Մու­րատ Պի­լիր, Ար­մե­նակ Էօզ­գա­լայ­ճը, Զա­քա­րիա Միլ­տա­նօղ­լու, Ար­թին Քի­լե­ճի, Մու­րատ Ճա­ւաք, Մի­նաս Օֆ­լազ եւ Աս­լը Շեքեր­ճի։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016