ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՔՍԻՄ ՍՈՔՈԼՈՎԻ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շա­բա­թա­վեր­ջին տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար Մաք­սիմ Սո­քո­լո­վի հետ, որ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ Մաք­սիմ Սո­քո­լով միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մա­նա­խա­գահն է Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Մաք­սիմ Սո­քո­լով քննար­կե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Այս ա­ռու­մով կող­մե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին Հայ-ռու­սա­կան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին աշ­խա­տան­քը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին յանձ­նա­ժո­ղո­վի 16-րդ նիս­տի յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րու կա­տար­ման բարձր մա­կար­դա­կը եւ պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան՝ յանձ­նա­ժո­ղո­վի յա­ջորդ նիս­տը կազ­մա­կեր­պել այս տա­րուան Յու­լի­սին, Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։

Ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու սեր­տաց­ման ամ­բող­ջին մէջ կող­մե­րը քննար­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Ռու­սա­կան կող­մը կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յեց Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման նկատ­մամբ եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար իր հա­ւա­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեան հար­ցե­րը։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Մաք­սիմ Սո­քո­լով անդ­րա­դար­ձան նաեւ Վե­րին Լար­սի մօտ ան­ցա­կէ­տին վրայ բե­ռնե­րու եւ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու մաք­սա­յին ձե­ւա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցի ա­րա­գաց­ման շուրջ խնդիր­նե­րու եւ քննար­կե­ցին այս հար­ցի լուծ­ման հա­ւա­նա­կան տար­բե­րակ­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ստեղ­ծուած միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը շատ կա­րե­ւոր օ­ղակ մըն է եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ այդ մա­կար­դա­կին վրայ ըստ էու­թեան կ՚ո­րո­շուին տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016