ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

«Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր Ու­մուր Ե­տի­քար­տէ­շի ստո­րագ­րու­թեամբ ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցին վե­րա­բե­րեալ լու­րի մը, որ խոր­քին մէջ կը հե­տաքրք­րէ նաեւ ամ­բողջ փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րը։ Այս­պէս, Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցը 75 տա­րի վերջ ան­գամ մը եւս դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րի­չի մը (kayyum) կող­մէ ղե­կա­վա­րուե­լու վտան­գին հետ։ Ար­դա­րեւ, 23 տա­րիէ ի վեր յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցի վա­քը­ֆի մա­տա­կա­րար մարմ­նին կազ­մը չի վե­րա­նո­րո­գուիր ընտ­րու­թեան մը մի­ջո­ցաւ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րի­չի մը նշա­նակ­ման պա­հան­ջով բա­ցուած է դատ մը։ Ե­թէ այս դա­տի ար­դիւն­քին բա­ւա­րա­րուի վե­րո­յի­շեալ պա­հան­ջը, ա­պա գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րի­չի նշա­նակ­ման ճա­նա­պարհ մը բացուած պի­տի ըլ­լայ նաեւ միւս բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րոնք չեն կրնար ընտ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել։

Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցի պա­րա­գա­յին խնդրոյ ա­ռար­կայ դա­տա­կան դի­մու­մը կա­տա­րուած է Յու­նաս­տա­նի բնա­կիչ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի Է­վան­կե­լոս Մի­խա­յի­լի­տի­սի կող­մէ։ Այս վեր­ջի­նը գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րի­չի մը նշա­նակ­ման պա­հան­ջով դա­տա­րան դի­մած է՝ քա­նի որ 23 տա­րիէ ի վեր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն տե­ղի չ՚ու­նե­նար այդ հաս­տա­տու­թեան պա­րա­գա­յին։ Որ­պէս հիմ­նա­ւո­րում Է­վան­կե­լոս Մի­խա­յի­լի­տիս դա­տա­րա­նի նկա­տառ­ման յանձ­նած է 23 տա­րիէ ի վեր ընտ­րու­թեան չկա­տա­րուի­լը, վար­չու­թեան 91-ա­մեայ ա­տե­նա­պետ Տի­միթ­րի Քա­րաեա­նիի տա­րի­քի եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան խնդի­րը եւ ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր կա­լուած­ներ տնօ­րի­նող այս վա­քը­ֆի հա­շիւ­նե­րուն թա­փան­ցիկ չըլ­լա­լը։

Մեր կող­մէ նշենք, թէ Տի­միթ­րի Քա­րաեա­նի ար­դէն մա­հա­ցած է, սա­կայն «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղորդ­ման մէջ այս պա­րա­գան ստոյգ ու բա­ցա­յայտ ձե­ւով հասկ­նա­լի չի դառ­նար։

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը 2013 թուա­կա­նին ջնջած է փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րու ընտ­րա­կան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը եւ ցայ­սօր չէ պատ­րաս­տուած նոր կա­նո­նադ­րու­թիւն մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձած է հեր­թա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կախ­ման։ Յու­նա­րէն «Ա­փոեւ­մա­թի­նի» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Մի­խա­յիլ Վա­սի­լիա­տիս յի­շեալ թեր­թի թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին մատ­նան­շած է, որ ե­թէ Պա­լըք­լըի հի­ւան­դա­նո­ցին հա­մար գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րիչ մը նշա­նա­կուի, ա­պա միւս բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ ինք­նա­բե­րա­բար խնդրոյ ա­ռար­կայ պի­տի դառ­նայ նման վտանգ մը։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ գոր­ծա­կա­տար-կա­ռա­վա­րի­չի մը նշա­նակ­ման ճա­նա­պար­հը բա­ցուի, ա­պա փոք­րա­մաս­նա­կան բո­լոր վա­քըֆ­նե­րու պա­րա­գա­յին նման պա­հան­ջով մը դա­տա­րան կրնայ դի­մել ո՛վ որ ու­զէ։ Հե­տե­ւա­բար, ժամ ա­ռաջ ընտ­րա­կան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը պէտք է պատ­րաս­տուի։ «Իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք իր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ նա­խըն­թաց­նե­րուն հա­մա­ձայն պէտք է պատ­րաս­տէ կա­նո­նադ­րու­թիւն մը եւ այդ մէ­կը որ­պէս նա­խա­գիծ յղէ Ան­գա­րա­յի վա­ւե­րաց­ման։ Ան­գա­րան ալ Սահ­մա­նադ­րու­թեան յա­րիր ձե­ւով պէտք է ըն­դու­նի այդ կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րը», ը­սած է Վա­սի­լիա­տիս։

Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կոտ­տա­ցող վէր­քի մը վե­րա­ծուած է Թուր­քիոյ յոյն հա­մայն­քի կեան­քէն ներս։ Ան­պաշ­տօն հար­թու­թեան վրայ նոյ­նիսկ շրջա­գա­յու­թեան մէջ կը գտնուէին լսում­ներ, ըստ ո­րոնց Տի­միթ­րի Քա­րաեա­նի ինք­զին­քին հա­մար ա­պա­հո­ված էր ցկեանս հաս­տա­տու­թեան գլու­խը մնա­լու ե­րաշ­խիք­նե­րը եւ այդ պատ­ճա­ռով կը կա­ղար նաեւ միւս բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Յա­մե­նայն­դէպս, Քա­րաեա­նիի մա­հա­նա­լէն վերջ ալ յստակ փո­փո­խու­թիւն­ներ չեն ապ­րուած այս նիւ­թին շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016