Զ. Խաչատուրը եւ Մենք

Ե­թէ ա­շա­կերտ ըլ­լա­յի այ­սօր, 21-րդ դա­րուն, ճար­տա­րա­րուես­տի ա­հա­ւոր ա­ռա­տու­թեան մէջ ին­կած, ստի­պուած լո­ղա­լու կամ եր­բեմն ալ ա­ռա­տա­խեղդ ըլ­լա­լու, ժա­մա­նակ պի­տի ու­զէի՞ տրա­մադ­րել հա­յե­րէն սոր­վե­լու. աս­կէ ա­ռաջ սա­կայն՝ դա­սա­րա­նին մէջ պի­տի ու­զէի՞ մտիկ ը­նել ժա­մա­նա­կավ­րէպ ու­սուց­չու­հի­նե­րու ժա­մա­նա­կավ­րէպ դա­սա­ւան­դում­նե­րը, ու­զէի իսկ, պի­տի կա­րե­նա­յի՞ դի­մադ­րել ձանձ­րոյ­թիս եւ ա­նոր հե­տե­ւող ան­խու­սա­փե­լի «քունս կու գա՜յ…­»ին: Ան­շուշտ, այ­սօր մեր դա­սա­գիր­քերն ալ, դա­սա­տու­ներն ալ հե­ռու են ժա­մա­նա­կավ­րէպ ըլ­լա­լէ, սա­կայն տա­կա­ւին չեն կրնար մրցակ­ցիլ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի դա­սա­ւան­դու­մի կեր­պե­րուն եւ մի­ջոց­նե­րուն հետ:

Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի «Վէրք Հա­յաս­տա­նի»ի ա՛յս ան­գա­մուան ըն­թեր­ցումս այլ տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց վրաս: Ուղ­ղա­կի, մոր­թիս վրայ զգա­ցի Ա­բո­վեա­նի ա­րիւ­նող վէր­քը, որ «լաց ու սուգ» կը պատ­ճա­ռէր ի­րեն եւ մա­զե­րը «պո­կել» կու տար, ո­րով­հե­տեւ ա­շա­կերտ­նե­րը «էս օ­տար լե­զու­քը ա­ւե­լի էին սի­րում, քանց մե­րը»: Ու­րեմն այն հե­ռո՜ւ օ­րե­րէն իսկ, հա­յե­րը ի­րենց աշ­խա­տա­սի­րու­թեան կող­քին ու­նէին նաեւ հռչա­կը, թէ մեր «ազ­գը ու­սում­նա­սէր չի, կար­դա­լը նրա հա­մար շատ բան չի ար­ժի», ըստ Եւ­րո­պա­յին:

«… ք­սան-ե­րե­սուն տա­րուց ա­ւե­լի է որ սիրտս կրակ է ըն­կել, այր­ւում է …»: Հի­մա, 21-րդ դա­րուն, այս ան­հա­ւա­տա­լի ա­րա­գու­թեան դա­րուն կրկի՞ն քսան-ե­րե­սուն տա­րի պէտք է սպա­սել, որ մեր այս կա­ցու­թեան, կամ մեր լե­զուի կա­ցու­թեան դար­ման մը գտնուի: Բայց մեր տղոց օ­տար լե­զու սի­րե­լը շատ բնա­կան կը գտնէ մեր սի­րե­լի Խա­չա­տու­րը, ո­րով­հե­տեւ, կ՚ը­սէ «նրանք կար­դում էին … է՛ն բա­նե­րը, որ մար­դի սիր­տը կա­րող էին գրա­ւել. սրտի բա­ներ էին. ո՞վ չի սի­րի: Բայց մեր լեզ­ւու­մը թէ էս­պէս բա­ներ ը­լին՝ թող աչքս հա­նեն: Է՛լ ին­չո՞վ է­րե­խին քո լե­զուն սի­րել տաս …»:

Շան գլու­խը հոն թա­ղուեր ու հոն ալ մնա­ցեր է կար­ծես, գրե­թէ եր­կու դա­րէ ի վեր: Ին­չո՞վ, ինչ­պէ՞ս սիրց­նել մեր լե­զուն: Այլ խօս­քով՝ լե­զուն սի­րե­լը տուեալ մը չէ, որ ե­րախա­յին հետ կը ծնի եւ բնա­կա­նա­բար, ա­նոր ֆի­զի­քա­կան ա­ճին հետ կ՚ա­ճի: Սի­րելն ու սիրց­նե­լը - ինչ­պէս է պա­րա­գան բո­լոր սէ­րե­րուն - աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տին, բոյ­սի մը պէս խնամ­քի կը կա­րօ­տին՝ ջրել, գուր­գու­րալ, հո­ղը դարձ­նել, ե­թէ պէտք է փո­խել եւ այլն: Եւ կը շա­րու­նա­կէ Ա­բո­վեան իր խօս­քը վէ­պին մա­սին. «Մէկ Բա­րե­կեն­դա­նի՝ ա­շա­կերտ­ներս որ բաց թո­ղի, սկսե­ցի՝ ինչ որ ե­րե­խու­թիւ­նիցս լսած-տե­սած բան գի­տէի, տակ ու գլուխ ա­նել: Վեր­ջը իմ ջի­ւան Ա­ղա­սին միտս ին­կաւ, նրա հետ հա­րիր քաջ հայ տղերք. շա­տը դեռ սաղ-սա­լա­մաթ, իսկ Ա­ղա­սին՝ աղ­քատ ու մե­ռած, նրա սուրբ գե­րեզ­մա­նին ղուր­բան … Ն­րան ընտ­րե­ցի»: Այդ թուա­կա­նին իսկ, գրա­կան նոր մօ­տե­ցում­նե­րէն շատ ա­ռաջ, Ա­բո­վեան կու տայ կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը (կեն­դա­նի՝ վէ­պին կեն­դա­նու­թեամբ) աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան, ներշն­չու­մէն ա­ւե­լի կամ ներշն­չու­մի կող­քին: Ա­բո­վեա­նի օ­րե­րուն խնդի­րը գրա­բարն էր. «… լե­զուս փակ էր, ձեռս պա­կաս … Մեր գրքե­րը գրա­բար էին … խնդ­րէի, ա­ղա­չէի էլ՝ լե­զուս մարդ չէր ի­մա­նայ»:

Այ­սօր ի՞նչ է մեր հար­ցը, ին­չո՞ւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը չեն սոր­վիր, լաւ, շատ լաւ չեն սոր­վիր ի­րենց լե­զուն, որ խոր­քին մէջ մայ­րե­նին պէտք էր ըլ­լար, բայց որ ար­դէն չէ, դժբախ­տա­բար: Իսկ ե­թէ փոր­ձենք այս հար­ցը չկեդ­րո­նաց­նել հա­յե­րէ­նի վրայ, փոր­ձենք դի­տել այ­սօ­րո­ւան ա­շա­կեր­տին, մա­նա­ւանդ հայ ա­շա­կեր­տին կե­ցուած­քը այլ նիւ­թե­րու հան­դէպ, կե­ցուած­քը ընդ­հան­րա­պէս դպրո­ցէն ներս, թե­րե՞ւս հոն գտնենք մեր հար­ցու­մին, մեր այ­սօ­րուան տագ­նա­պին պա­տաս­խա­նը: Այ­սօր ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ կայ ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թիւն մը, ո­րուն աղ­բիւ­րը դժուար չէ գտնել: Ժա­մա­նա­կին մեծմայ­րե­րուն հէ­քեաթ­նե­րը կա­յին: Յե­տոյ ե­կան Տիզ­նիի հէ­քեա­թա­յին ֆիլ­մե­րը, ի­րենց գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թեամբ, նոյ­նիսկ «Ֆան­թա­զիա»ն, որ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մօտ կը բե­րէր փոք­րե­րուն: Այ­սօր ի՞նչ կը դի­տեն մանր տղա­քը հե­ռա­տե­սի­լէն, երբ մայ­րե­րը կ՚ը­սեն՝ «գնա՛ թէ­լէ­վի­զիոն դի­տէ»: Երբ աչ­քի առ­ջեւ կ՚ու­նե­նանք թէ ի՛նչ կը դի­տեն ա­նոնք, կը զար­մա­նանք որ … չեն խեն­թա­նար ցու­ցադրուղ այդ­քան խեն­թու­թեան եւ բրտու­թեան մէջ: Այս՝ մէկ: Երկ­րոր­դին հա­մար փոք­րիկ ա­ռակ մը պի­տի պատ­մեմ միայն. Դա­տա­ւոր մը եւ իր զա­ւա­կը ոտ­քով կը ճամ­բոր­դեն: Ճամ­բուն վրայ կը տես­նեն այ­գե­պան մը, որ կաղ­նիի մատ­ղաշ ճիւղ մը կը կտրէ եւ հե­ռուն տեղ մը կը տնկէ: Դա­տա­ւո­րը կը բար­կա­նայ. -Ին­չո՞ւ կտրե­ցիր այդ թարմ ոս­տը: Եւ այ­գե­պա­նը կ՚ը­սէ. -Թո՛ղ անձ­րեւ իջ­նէ վրան, թո՛ղ դի­մա­նայ կար­կու­տի հա­րուած­նե­րուն, թո՛ղ հասկ­նայ թէ ի՛նչ են հովն ու փո­թո­րի­կը. ե­թէ այս բո­լո­րին դի­մա­նայ, տէ՛ր դա­տա­ւոր, կ՚ապ­րի եւ կ՚ա­ճի: Թէ ոչ, ու­րի­շի շու­քին տակ, ճիւ­ղը կաղ­նի չի դառ­նար … Եր­րոր­դը, որ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը թուի, այն է, որ մեր բո­լոր զա­ւակ­նե­րը ի­րենց բո­լոր ու­զած­նե­րը ՁՐԻ կը ստա­նան, ի­րենց բո­լոր ցան­կու­թիւն­նե­րը ան­մի­ջա­պէս կ՚ու­նե­նան, ի­րենց բո­լոր փա­փաք­նե­րը կը կա­տա­րուին: Բայց կեան­քի մէջ ձրի բան չկայ: Պի­տի վճա­րես ան­պայ­մա՛ն: Պի­տի վճա­րես դրա­մով, աշ­խա­տան­քով, հո­գիով. բայց պի­տի վճա­րես: Իսկ երբ ա­շա­կերտ ես, պի­տի վճա­րես սոր­վե­լով: Ե­թէ նոր բջի­ջա­յին կ՚ու­զես, պէտք է կի­սա­մեա­կին բարձր նի­շեր ու­նե­նաս: Ե­թէ կ՚ու­զես ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քին եր­թալ, նախ պէտք է սե­նեակդ կո­կես եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներդ գրես: Ե­թէ կ՚ու­զես ա­պա­գա­յին յա­ջող մարդ ըլ­լալ, ման­կուց պի­տի սոր­վիս դի­մա­ցինդ յար­գել, ո՛վ որ ալ ըլ­լայ ան: Ո­րով­հե­տեւ ը­սուած է՝ ե­րա­խա­նե­րուն սնունդ եւ ա­պա­հով տուն միայն պէտք է տալ. մնա­ցա­ծին հա­մար ի՛նք պէտք է աշ­խա­տի: Կրնա՞նք այս­քա­նը ը­նել իբ­րեւ ծնողք, մենք ալ մեր բա­ժի­նը վճա­րե­լով, ու­նե­նա­լու հա­մար կիրթ եւ աշ­խա­տա­սէր զա­ւակ­ներ, ո­րոնք ոչ միայն ի­րենց բո­լոր դա­սե­րը, այլ նաեւ հա­յե­րէ­նը սի­րով սոր­վին:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016