Հռոմի ՊապիՆ Առաջին Գիրքը Լոյս Պիտի Տեսնէ

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի ա­ռա­ջին գիր­քը, որ կը պա­րու­նա­կէ ի­տա­լա­ցի լրագ­րող Անտ­րէա Թոր­նիել­լիի հետ զրոյց­նե­րը, լոյս պի­տի տես­նէ Յու­նուա­րին:
Գիր­քը կը կրէ «Աս­տու­ծոյ ա­նունն է Բա­րեգ­թու­թիւն» խո­րա­գի­րը:
Գիր­քին խո­րա­գի­րը Սրբա­զան Պա­պը ա­ռա­ջին կազ­մին վրայ պի­տի գրէ իր ձե­ռա­գ­­րով՝ սպի­տակ ֆո­նին կար­միր տա­ռե­րով:
Գիր­քին հիմ­նա­կան թե­ման բա­րեգ­թու­թիւնն է, ինչ որ Սրբա­զան Պա­պի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նի եւ ո­րուն խորհըր-դա­նիշն ալ ինքն է: Գիր­քը վստա­հա­բար լոյս պի­տի տես­նէ բա­րեգ­թու­թեան տարո­ւան մէջ՝ 2016 թուա­կա­նին, որ յայ­տա­րա­րուած էր Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016