ՏԻԼՏԻԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳԸ

Բան­կալ­թիի «Նոս­թալ­ժի քիւլ­թիւր» կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ գիր­քի շնոր­հան­դէս մը ու զու­գա­հե­ռա­բար բա­ցուե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Birzamanlar» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը այս շրջա­նին լոյս ըն­ծա­յած է «Հա­յազ­գի լու­սան­կա­րիչ Տիլ­տի­լեան եղ­բայր­ներ» գիր­քը, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սի մը հի­ման վրայ կազ­մուած է։ Տիլ­տի­լեան­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին եւ բա­ւա­կան լայն ար­ձա­գանգ կը ստեղ­ծեն, կը ցո­լաց­նեն ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռա­ջուան հա­յոց կեան­քէն դրուագ­ներ։ Տիլ­տի­լեան­նե­րու ժա­ռան­գը կ՚ար­ժե­ւո­րուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սին բե­րու­մով, որ ցարդ Ե­րե­ւա­նի եւ Իս­թան­պու­լի ա­ռըն­թեր կազ­մա­կեր­պուած է Թուր­քիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ, իսկ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կը նա­խա­տե­սուի նաեւ ցու­ցա­հան­դէ­սին կրկնուի­լը Իզ­մի­րի մէջ։ «Birzamanlar» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը այս ցու­ցա­հան­դէ­սով եւ զու­գա­հե­ռա­բար հրա­տա­րա­կուած գիր­քով կեան­քի կո­չած է հեր­թա­կան ծրա­գի­րը, որ լոյս կը սփռէ Ա­նա­տո­լուի մէջ հա­յոց պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան վրայ։

Ե­րէ­կուան շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Տիլ­տի­լեան ըն­տա­նի­քի մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րէն Փրոֆ. Ար­մէն Ցո­լակ Մար­սու­պեան, որ ներ­կա­յիս կը բնա­կի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր մաս­նա­գի­տա­ցած է փի­լի­սո­փա­յու­թեան վրայ։ Ան ը­սաւ, թէ ինք Տիլ­տի­լեան­նե­րու թոռն է եւ կը պա­հէ ըն­տա­նի­քին ար­խի­ւը։ Եր­կու տա­րի ա­ռաջ Իս­թան­պու­լի մէջ բա­ցուած ցու­ցա­հան­դէ­սը կրկնուած էր Մեր­զի­ֆո­նի, Տիար­պա­քը­րի, Ան­գա­րա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ներ­կա­յիս ցու­ցա­հան­դէ­սը Իս­թան­պու­լի մէջ վե­րա­բա­ցուած է՝ ա­նոր հի­ման վրայ լոյս ըն­ծա­յուած գիր­քին շար­ժա­ռի­թով։ Ար­մէն Ցո­լակ Մար­սու­պեան մատ­նան­շեց, թէ իր ըն­տա­նի­քի նախ­նի­նե­րուն նկատ­մամբ կը կա­տա­րէ իր բա­րո­յա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ սե­րունդ­նե­րուն հետ կը բաժ­նէ ա­նոնց ժա­ռան­գը՝ Ա­նա­տո­լուի մէջ հա­յոց ան­ցեա­լի ներ­կա­յու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հա­մար։ Մար­սու­պեան խօս­քին մէջ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի ղե­կա­վար Օս­ման Քա­ւա­լա­յին եւ «Birzamanlar» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն Օս­ման Քէօ­քէ­րին եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք այս ծրագ­րին հա­մար բե­րին ի­րենց նպաս­տը։

Հարկ է նշել, որ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կա­րե­լի է շրջիլ մին­չեւ Փետ­րուա­րի 13-ը։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016