ԿԱՐԷՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Կարէն Անդրէասեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներու համատեղ աշխատանքին համար ու միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի պետութեան եւ հասարակութեան առաջնահերթութիւնը։ Կարէն Անդրէասեան տեղեկացուց, թէ այլ մեկնաբանութիւններ պիտի չընէ իր հրաժարականին շուրջ։
Կարէն Անդրէասեան հրաժարականը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովին, որ ըստ երկրի օրէնսդրութեան կ՚ընտրէ Մարդու իրաւանց պաշտպանը։ Յառաջիկայ տասն օրուան ընթացքին Կարէն Անդրէասեան պէտք է կրկնէ իր հրաժարականը ու միայն այդ քայլէն վերջ իր լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրած պիտի ըլլան։ Աւելի վերջ ամսուան մը ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանը պաշտօնի պիտի կոչէ երկրի նոր մարդու իրաւանց պաշտպանը։