ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, թէ միջ­նորդ­նե­րը պի­տի փոր­ձեն երկ­խօ­սու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նել Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, APA գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք նշեց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը ծրագ­րեն այս տա­րի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նել՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շրջագ­ծով։ Ըստ Ո­ւոր­լի­քի, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հետ՝ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ տա­նե­լու եւ շփման գծին վրայ լար-ւա­ծու­թեան թու­լաց­ման հա­մար։

Բաց աս­տի, Ճէյմս Ո­ւոր­լիք հար­ցազ­րոյց մըն ալ տուաւ «tert.am» կայ­քէ­ջին։ Այս առ­թիւ ան յոյս յայտ­նեց, թէ 2016 թուա­կա­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րը պի­տի նստին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ՝ կար­գա­ւոր­ման գծով յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ։ Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը շեշ­տեց, թէ ի­րենք յոյս ու­նին, որ կող­մե­րը պի­տի դադ­րին բռնու­թիւն­ներ գոր­ծադ­րե­լէ ու պի­տի խու­սա­փին կիր­քեր բոր­բո­քող հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէն, ինչ որ հար­ցա­կա­նի տակ կը թո­ղու խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու ուղ­ղեալ նա­խա­գահ­նե­րու ընդ­հա­նուր նպա­տա­կը։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րով ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա-­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ։ Թէ՛ այդ հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ եւ թէ ան­կէ վերջ սահ­մա­նա­յին լա­րուա­ծու­թիւ­նը չնուա­զե­ցաւ, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ի՞նչ տուաւ սոյն հան­դի­պու­մը կող­մե­րուն։ Ի պա­տաս­խան այս հար­ցին Ո­ւոր­լիք ը­սաւ.

«Նա­խա­գահ Ա­լիեւ եւ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այն եր­կու ան­ձերն են, ո­րոնց ձեռ­քին մէջ կը գտնուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նա­լին։ Ա­նոնք պէտք է հնա­րա­ւո­րինս յա­ճա­խա­կիօ­րէն հան­դի­պին՝ խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղեալ յա­ռա­ջըն­թաց մը ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար։ Մենք նաեւ կ՚ա­ջակ­ցինք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին նա­խա­գահ­նե­րէն ցած մա­կար­դա­կով՝ քննար­կե­լու հա­մար հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման բազ­մա­թիւ տար­րե­րը։ Նման ջան­քե­րը վստա­հու­թիւն պի­տի կա­ռու­ցեն, պի­տի նուա­զեց­նեն լա­րուածու­թիւնն ու պի­տի բա­րե­լա­ւեն կար­գա­ւոր­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թեան մթնո­լոր­տը»։

­Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը, նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը կար­ծիք կը յայտ­նեն, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով հնա­րա­ւոր չէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րել խա­ղաղ ճամ­բով։ Ըստ այդ տե­սա­կէտ­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճան կը տես­նէ հա­կա­մար­տու­թեան ռազ­մա­կան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար, եւ այս հան­գա­ման­քի վկա­յու­թիւ­նը ա­նոր կող­մէ սահ­մա­նին վրայ կա­տա­րուող սադ­րանք­ներն են։ Կայ­քէ­ջի թղթա­կի­ցը Ո­ւոր­լի­քին հարց տուած է, թէ հա­մա­ձա՞յն է այդ հա­մո­զում­նե­րուն։ Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ հրա­սայ­լեր, խո­շոր տրա­մա­չա­փով ա­կա­նա­նե­տեր կը կի­րա­ռէ ու որ­պէս հե­տե­ւանք կ՚ըլ­լան զո­հեր։ Ատր­պէյ­ճա­նի այս վար­քա­գի­ծը ար­դեօք լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մի՞ մը սկսե­լու միտուած է։ Ի պա­տաս­խան Ո­ւոր­լիք ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.

«Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը յայտ­նած են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման նկատ­մամբ։ Մենք այս բա­նը կը հասկ­նանք ա­նոնց խօս­քէն։ Լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մը պի­տի ա­ւե­րէ տա­րած­քաշր­ջա­նը ու մենք հա­ւա­տա­ցած ենք, որ նա­խա­գահ­նե­րը կը հասկ­նան այս բա­նը»։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016