ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Ուք­րայ­նոյ ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ընդգ­ծած են Մինս­քի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ա­նոնց կա­տար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Պա­րաք Օ­պա­մա նշած է, որ Տոն­պա­սի մէջ տե­ղա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը պի­տի դառ­նայ հան­գու­ցա­յին քայլ մը։

Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Օ­պա­մա եւ Փու­թին քննար­կած են ռազ­մա­կան գծով երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րը, ո­րոնք նպա­տա­կամ­ղուած են Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով ջան­քե­րու հա­մախմբ­ման։ Փու­թին կրկնած է «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան միւս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար լայն հա­մա­խո­հու­թեան մը ստեղծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Օ­պա­մա եւ Փու­թին յոր­դո­րած են նաեւ մեղ­մաց­նել Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ Ի­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ծայր տուած լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016