Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻ ՊԱՐԶԵՑՈՒՄ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս յայտնեց, որ մուտքի արտօնութեան ընթացակարգերու պարզեցումով կը նախատեսեն զարգացնել զբօսաշրջութիւնը։ Փարիզի իշխանութիւններուն նպատակն է մինչեւ 2020 թուականը Ֆրանսա այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնել տարեկան 100 միլիոնի։
Ֆրանսացի նախարարը այս շրջագծով մատնանշեց, որ Թուրքիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Էնտոնեզիոյ եւ Վիեթնամի քաղաքացիները երկու օրուան ընթացքին պիտի կարենան զբօսաշրջական վիզա ապահովել։ Չինաստանի քաղաքացիներու պարագային ալ նախատեսուած է միայն մէկ օրուան ընթացակարգ մը։
Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016