ՉԱՐՔԱՇ ՄԱՐԴՈՑ ՊԱՅՔԱՐԸ
Մերձաւոր Արեւելքի դժոխքէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականները այս շրջանին մեր համայնքի օրակարգը կը զբաղեցնեն առաջնահերթօրէն։ Պատրիարքարանի կողմէ կազմուած յանձնախումբով այս խնդիրը միշտ պաշտօնական տուեալներու մատուցմամբ ներկայացուեցաւ մեր համայնքին։ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր հայ գաղթականներուն համար մատուցուած Ս. Պատարագը բնորոշեց իսկապէս գագաթնային հանգրուան մը։ Սա եզակի հնարաւորութիւն մըն էր, որովհետեւ մեր համայնքին ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան պաշտօնական հաղորդագրութիւններու տուեալներէն դուրս՝ ուղղակի շփուելու մեր գաղթական հարազատներուն հետ եւ հաղորդ դառնալու անոնց իրականութեան։
Կեսարիոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան մեծաւ մասամբ Եոզղատի մէջ կայք հաստատած հայ գաղթականները։ Կային նաեւ քանի մը հատ եւս Ամասիայէն ու Կեսարիայէն։ Այս խումբը ընդհանրապէս կը բաղկանայ Իրաքէ խոյս տուած հայերէ։ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեան ներքեւ, անոնք Պաղտատի վրայով նախ հասած են Անգարա, ուրկէ ալ ուղարկուած Եոզղատ։ Ներկայիս անոնք կը բնակին Եոզղատի մէջ՝ քաղաքի կեդրոնին վարձուած բնակարաններու երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ անոնք ՄԱԿ-ի կողմէ հովանաւորուած գաղթականներ են, ունին մասնաւոր կարգավիճակ մը եւ այդ կարգավիճակին հիման վրայ կատարած են դիմումներ՝ ուղեւորուելու համար դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա։ Իրենց կարգավիճակին բերումով ունին կարգ մը պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ, որոնք առաջին հերթին անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ գաղթականները սպասեն, շարունակեն մնալ իրենց իսկ տեղակայուած վայրին վրայ։ Այս է պատճառը, որ անոնք Պատրիարքարանի առաջարկին ընդառաջ չեն փափաքած հաստատուիլ Իսթանպուլ։ Գաղթականները պարտաւոր են մնալու ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան ներքեւ իրենց հաստատուած կեցավայրերուն մէջ, որպէսզի երբ որ պաշտօնական գործողութիւններու գործընթացը աւարտի՝ կարենան ուղեւորուիլ դէպի ԱՄՆ, Գանատա եւ Աւստրալիա։ Ներկայիս անոնք կը սպասեն իրենց դիմումներու պատասխանին։
Գաղթականներու խումբին մէջ Եղիա Մարաշլեան ստանձնած է լուրջ պատասխանատուութիւն, որպէսզի ամէն ինչ կարելի դառնայ հնարաւորինս համակարգուած։ Ըստ իրեն, բոլոր գաղթականներուն յոյսն ու մաղթանքը այն է, որ շուտով պատրաստուին թուղթերը եւ վերջանայ իրենց այս միջանկեալ շրջանը։ Ըստ Մարաշլեանի, բոլոր գաղթականները շնորհապարտ են Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ այն քահանայ հայրերուն, որոնք հոգածութիւն ցոյց կու տան իրենց նկատմամբ։ Գաղթականները ներկայիս ընդհանրապէս կ՚ապրին վարձու բնակարաններու մէջ ու չեն աշխատիր։ Իրենց միջեւ կը գտնուին նաեւ պատանիներ, երիտասարդներ եւ երախաներ։ Ընդհանրապէս արհեստաւորներու ընտանիքներէ կը բաղկանայ խումբը։ Անոնց շարքին կը գտնուին ինքնաշարժներու ելեկտրագործներ, ոսկերիչներ, ատաղձագործներ, վարորդներ եւայլն։ Եոզղատի մէջ անոնք ջերմ յարաբերութիւններ մշակած են նաեւ իրենց տանտէրներուն հետ։ «Շատ ուրախ ենք այս օրուան համար, կ՚ուզենք յաճախ եկեղեցի այցելելու հնարաւորութիւն ունենալ։ Եթէ պայմանները ներեն, անշուշտ, ցանկալի է նաեւ Պոլիս այցելել», կ՚ըսէ Եղիա Մարաշլեան։
Գաղթականները չարքաշ մարդոց բնորոշ կեանքի պայքար մը կը մղեն ներկայիս։ Անոնք կը ջանան դիմագրաւել իրենց առջեւ ծառացած զանազան դժուարութիւնները։ Խումբի եզակի անդամուհիներէն մին է ուսուցչուհի Լենա Նալպանտեան։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ան կը ջանայ հաւատարիմ մնալ կրթական մշակի իր կոչումին։ Եոզղատի մէջ Լենա Նալպանտեան գաղթականաց խումբի դպրոցահասակ փոքրիկները սկսած է հաւաքել իր բնակարանին մէջ՝ որպէսզի անոնց կարենայ սորվեցնել գրել-կարդալ հայերէնով։ Իր այդ կամաւոր աշխատանքը, դժբախտաբար, տեղի տուած է վերապահութիւններու։ Ուստի, Լենա Նալպանտեան այլեւս այդ փոքրիկները չի կրնար խմբովին հիւրընկալել իր տան մէջ, այլ կը պարտաւորուի առանձնապէս այցելել իւրաքանչիւրին բնակարանը՝ որպէսզի չկաղայ փոքրիկներուն ուսումը։ Գաղթականները կը յուսան, թէ յառաջիկայ շրջանին ձեւով մը կարելի կրնայ ըլլալ այս խնդիրը յաղթահարել։ Նոյն շրջագծին մէջ Լենա Նալպանտեան կը պահանջէ նաեւ դասագիրքեր եւ մեր ստացած տեղեկութիւններով՝ Պատրիարքարանի կողմէ կազմուած յանձնախումբը շուտով պիտի ընդառաջէ այդ պահանջին։
Բոլորի մաղթանքն է, որ այս դժուարին ոդիսականը ունենայ դրական աւարտ մը եւ Մերձաւոր Արեւելքի դժոխքէն՝ իրենց օճախները լքելու հարկադրանքով դուրս եկած գաղթականները կարենան ողջունել իրենց նոր կեանքին այգաբացը։