ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԶՈՒՄԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ ԿԸ ՋԱՆԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԹԵՐԶԻԼԻ ԳԻՒՂԻ ՄԱՏՐԱՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ
Եոզղատ-պուրունքըշլացի հայերու հայրենակցական միութեան նախագահ Յովսէփ Արզուման եւ իր ընկերակիցները նախընթաց օր Կեսարիոյ մէջ մասնակցեցան Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած հայ գաղթականներուն համար մատուցուած Ս. Ծննդեան տաղաւարի Ս. Պատարագին։ Ծանօթ է, որ արարողութեան մասնակից գաղթականներուն կարեւոր մէկ մասը ներկայիս կ՚ապրին Եոզղատի մէջ։ Յովսէփ Արզուման եւ իր ընկերները՝ Աւետիս Արզուման եւ Մելքոն Սահակօղլու Կեսարիա մեկնելէ առաջ այցելեցին Եոզղատ։ Պուրունքըշլայի մէջ, հայկական գերեզմանատունէն ներս անոնք աղօթեցին իրենց լուսահոգի նախնիներուն համար։ Յովսէփ Արզուման եւ իր ընկերակիցները աւելի վերջ անցան Թերզիլի գիւղը, ուր կը գտնուի հայկական մատուռ մը։ Հարկ է նշել, որ այդ մատրան տանիքը ներկայիս վնասուած է։ Այցելութեան ընթացքին Յովսէփ Արզուման եւ ընկերակիցները տեսակցեցան նաեւ Սարըքայայի գաւառապետ Եասին Էօզճանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք օրակարգի վրայ բերին Թերզիլի գիւղի մատրան վնասուած ըլլալու եւ նորոգութեան անհրաժեշտութեան խնդիրը։ Գաւառապետը դրական մօտեցումով մը ունկնդրեց բացատրութիւններուն ու շեշտեց, թէ պատկան մարմիններուն հետ կապ պիտի հաստատէ՝ այս հարցի լուծման համար։
Յովսէփ Արզուման եւ ընկերակիցները Եոզղատէն վերջ ուղեւորուեցան Կեսարիա։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024