ՀՈԳԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հայազգի տաղանդաշատ արձանագործ Գագոյին (Գագիկ Գէորգեան) ծանօթ եմ տակաւին Պէյրութէն, երբ Գագօ, Հայաստանէն որոշ ժամանակով մը Լիբանան տեղափոխուելով, կը ստեղծագործէր այնտեղ իր ինքնատիպ ոճով, ցուցահանդէսներ կ՚ունենար՝ այդպէս ճանչցուած անուն դառնալով Լիբանանի մէջ թէ՛ հայ, թէ՛ օտար շրջանակներէն ներս: Ան Լիբանանի մէջ կարգ մը արձաններու հեղինակ է. ինչպէս՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ դրուած Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողը, «Հաբթուր» խոշոր առեւտրային կեդրոնի մուտքին տեղադրուած արձանը, Նիկոլ Դումանի կիսանդրին՝ Նիկոլ Դումանի անուան ակումբի մէջ եւ այլ գործեր: Գագօ Լիբանանի մէջ հեղինակած է հարիւրաւոր մեծ ու փոքր արուեստի ստեղծագործութիւններ, որոնք կը գտնուին ցուցասրահներու եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ:
Լիբանանի մէջ Գագոն ունեցած է հինգ անհատական ցուցահանդէս, իսկ անցեալ տարի անհատական ցուցահանդէսով մը եւս հանդէս եկած է Ապու Տապիի մէջ: Լիբանան մօտ տասը տարի աշխատելէ ետք Գագօ հանդիպած է ինչ-ինչ հիասթափութիւններու: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին արուեստագէտը նշեց, որ հիասթափութիւնը առաւելապէս առընչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն. արուեստի բնագաւառի մէջ անուն ունեցող կարգ մը մարդիկ փորձած են խոչընդոտել արուեստագէտի յառաջընթացը, եւ կանխազգալով այդ ամէն ինչը, քանդակագործը չէ շարունակած իր ստեղծագործական կեանքը այնտեղ ու վերադարձած է Հայաստան:
Այսօր Գագոն նոր ստեղծագործական ծրագրեր ունի՝ կապուած Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս բանալու, ճամբորդելու եւ նոր լսարաններու իր արուեստը ներկայացնելու հետ: Ան եզակի արուեստագէտներէն է, որ պզտիկ տարիքէն զբաղած է բացառապէս միայն քանդակով եւ մինչեւ հիմա ալ այդ գործն է, որ իբրեւ արհեստավարժ կ՚ուղեկցի իրեն: Կը ստեղծագործէ պրոնզով եւ մարմարեայ քարով: Ստեղծագործութեան մը սկիզբէն մինչեւ վերջ ինք կը ստանձնէ եւ աւարտին կը հասցնէ՝ նախագծումէն մինչեւ ձուլում եւ քանդակում: Գագօ դասաւանդած է նաեւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Ան սիրով պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն:
-Գագօ, Ձեր ընտանիքին մէջ եղա՞ծ են ստեղծագործողներ, եւ ինչպէ՞ս դուն դարձած ես արձանագործ:
-Իմ հայրս արուեստագէտ եղած է հոգիով, նաեւ քանդակով զբաղած է, հօրեղբայրներս նոյնպէս ստեղծագործողներ եղած են, բայց ես եմ մեր ընտանիքին մէջ, որ արհեստավարժ քանդակագործի մասնագիտութիւն ստացած եմ տակաւին առաջին դասարանէն: Յաճախած եմ Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի անուան դպրոցը, որ Երեւանի միակ դպրոցն է՝ արուեստի ուղղութիւն ունեցող: Աւարտելէ ետք արուեստի ուսումնարան գացած եմ, իսկ յետոյ ալ՝ Գեղարուեստի համալսարան եւ մինչեւ հիմա այդ գործին մէջն եմ, երբեք այլ գործով չեմ զբաղած, ինքզինքս կը նկատեմ քանդակագործ, ինչ որ կոչումս է եւ զիս տառապեցնող, ապրեցնող, ստեղծագործելու թեւեր տուող միակ ուղին:
-Ի՞նչ ճանապարհ անցած է քու արուեստդ, մինչեւ որ հասած է այսօրուան վիճակին:
-Ես միշտ ազատօրէն ստեղծագործած եմ, երբեք չեմ դոփած մէկ ուղղութեան կամ մէկ ոճի մէջ: Ինծի համար ժանր գոյութիւն չունի, ժանրը արուեստագէտը կաշկանդող հասկացութիւն մըն է, պիտակ մըն է, որ կը փակցուի արուեստագէտի վրայ եւ մինչեւ կեանքին վերջ ան չի կրնար ազատագրուիլ այդ կաղապարէն։ Ան կ՚ուզէ ընել տարբեր բաներ, բայց այդ ոճին մէջ մնայ, որպէսզի չհիասթափեցնէ իրմէ ակնկալուածը: Բայց այդ մէկը ես ճիշդ չեմ նկատեր, որովհետեւ ազատութեան սահմանափակում է: Արուեստագէտը ազատ է: Ան պէտք է ազատ ստեղծագործէ, ազատ մտածէ, նորութիւններ փնտռէ եւ փորձարկէ իր արուեստին մէջ, որպէսզի յառաջ ընթանայ, հակառակ պարագային ես չեմ զարգանար: Եթէ ոճ մըն ալ կայ իմ պարագայիս, ապա ես զայն անուանած եմ Gago Art, որ իմ գործերուն ծանօթ ամէն մարդ կրնայ նկատել ընդհանուր բան մը, որ կայ այդ ուղղութեան մէջ:
-Ինչպէ՞ս յղացաք Մեսրոպ Մաշտոցի արձանի գաղափարը, կարծեմ ան Սփիւռքի միակ արձանն է, որ հայ դպրութեան հիմնադրին կը պատկանի:
-Մասնակցած եմ Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողի համար յայտարարուած մրցոյթին եւ շահած եմ: Ուրախ եմ, որ Լիբանանի նշանաւոր հայկական դպրոցի բակը դրուած է իմ մտայղացմամբ կերտուած այդ գործը, որուն առջեւ ամէն տարի հայկական այդ դպրոցի շրջանաւարտները կը լուսանկարուին։ Վերջերս ալ լուր մը ստացայ Լիբանանէն, թէ այնպէս պիտի ընեն, որ տեղւոյն բոլոր հայկական դպրոցներու շրջանաւարտները իրենց աւարտական լուսանկարը պիտի առնեն այդ արձանին առջեւ, որպէս երախտագիտութիւն հայ դպրութեան հիմնադրի եւ մեծ երախտաւորի:
Ես այդ արձանը շինելու ժամանակ ազատ մտածած եմ, փորձած եմ տարբեր բան մը ընել Մեսրոպ Մաշտոցի՝ արդէն գոյութիւն ունեցող արձանի պատկերէն, որպէսզի անոր մէջ շեշտուի միտքի եւ ձեռքի համադրութիւնը, իբրեւ գլուխէն սկիզբ առնուած եւ ձեռքով իրագործուած հրաշք մը, որ եղան հայոց գիրերը: Իմ մօտեցումս կայ այդ արձանի գաղափարին մէջ, ինչ որ կարծեմ լաւ ընդունեցաւ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի այլ համայնքներու մէջ ալ արձանի մասին պատմող նիւթերը արձագանգներ ունեցան: Ան, այո, Սփիւռքի մէջ միակ Մաշտոցն է, այդ ծաւալի եւ այդ մտա-յըղացման մէջ:
-Ինչպէ՞ս կրցար Լիբանանի մէջ հռչակաւոր դառնալ, քանի որ դուն այնտեղ չես ծնած, այդ երկրի արուեստի միջավայրին անծանօթ էիր, երբ Հայաստանէն տեղափոխուեցար հոն:
-Չեմ ըսեր, որ դիւրին էր, պայքարի ճանապարհ անցած եմ, հակառակ անոր, որ եսս երթալով ինքզինքս չեմ ներկայացուցած, այլ իմ գործերս տարածուած են եւ այդ ձեւով ծանօթացած են ինծի: Ես չեմ սիրեր շատ խօսիլ իմ անձիս մասին, գովազդել, երեւի այդ էր պատճառը, որ որոշ մարդիկ, օգտուելով իմ գաղափարներէս, իրենք յառաջ ընթացան՝ ամէն կերպ փորձելով ըստոvւեր ածել իմ վրայ, բայց ես կանխազգացի այդ մէկը եւ որոշեցի հեռանալ: Իսկ միչ այդ, իմ նախագիծերն ալ առնուած են, իմ գործերն ալ ընդօրինակուած են: Այսօր ինծի կ՚ըսեն, թէ լիբանանահայ այս կամ այն մարդու գործերուն մէջ քու ձեռագիրդ կայ: Նոյն այդ մարդոց պէտք է հարցնել, թէ ինչպէ՞ս:
Ես երբեք հռչակաւոր դառնալու համար քայլ մը չառի, իմ նպատակս արուեստի միջոցով մարդոց ինչ-ինչ գաղափարներ տալն է, իրենցմէ առնելը, այդ առումով, ցուցահանդէսը շատ կարեւոր է արուես-տագէտի մը համար: Ցուցահանդէսի ժամանակ ան կը զգայ իր ըրածի եւ արուեստասէրի միջեւ կապ մը, հաղորդակցութիւն մը եւ կը հասկնայ ի վերջոյ, թէ ինչ բանի համար կը ստեղծագործէ: Լիբանանի մէջ իմ անհատական ցուցահանդէսներէն երկուքը օտար ցուցասրահներու մէջ տեղի ունեցած են, մէկը՝ «Սիւրֆաս տիւ լիպր» սրահին մէջ, որ գնեց իմ բոլոր գործերս, յիսունէ աւելի ստեղծագործութիւններս: Մինչեւ հիմա ալ իր հիմնական հաւաքածոյին մէջ կը ցուցադրէ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Համազգայինի հայկական ցուցասրահը իր հիմնական հաւաքածոյին մէջ կը ցուցադրէ իմ գործերէս:
-Երկար տարիներ բացակայած ես Հայաստանէն: Վերադառնալով, ի՞նչ զգացիր, ի՞նչ տուած է քեզի օտար միջավայրը, ի՞նչ բերած ես քեզի հետ:
-Լիբանանը շատ բան տուած է ինծի: Զգացողութիւններու առումով ալ, փորձի առումով ալ: Ես Լիբանան գացած եմ համալսարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, իմ եղբայրս հոն ջութակահար էր, լիբանանահայ համայնքին ծանօթ անուն մը՝ Յովհաննէս Գրիգորեան, որ ցաւօք սրտի, կանուխ հեռացած է կեանքէն: Այդ մէկը առիթ եղաւ, որ այդ երկիրը երթամ, եւ իմ ստեղծագործական հիմնական ընթացքը հոն սկսած եւ շարունակուած է: Երբ եկայ Հայաստան, ես հասկցայ, որ նոյնը մնացած եմ, օտար միջավայրը, մարդկային յարաբերութիւնները, որոնք միշտ մաքուր չեն, ազնիւ չեն, զիս չեն փոխած: Ատիկա շատ մեծ առաւելութիւն է այսօր, քանի որ մարդիկ, հեռանալով իրենց հիմնական միջավայրէն, յաճախ կը հեռանան այդ միջավայրի աւանդոյթներէն, մշակոյթէն, ինչպէս նաեւ իրենք իրենցմէ կը հեռանան: Մեծ յոյսեր ունիմ, որ կրնամ Հայաստանի մէջ շարունակել իմ քանդակագործական աշխատանքս: Ես իմ գործերս հիմնականը հոն ձգած եմ եւ կայ այնպիսի տպաւորութիւն, որ ամէն ինչ նորէն պիտի սկսի: Ճիշդ է, իմ տունս ունիմ իմ գործերով, բայց նոր բանի մը սկսելու, նոր խօսք ըսելու, նոր աշխատանքներով ներկայանալու բուռն փափաքը ունիմ:
-Ովքե՞ր են քանդակի սիրահարները, որոնց կը հետաքրքրէ քու գործերդ եւ առհասարակ, արուեստի այս ժանրը քիչ մը դժուար կը մտնէ մարդոց սիրտերուն մէջ, այնպէ՞ս է:
-Մարդիկ յաճախ նկարը կ՚ընտրեն իրենց տան համ գրասենեակին մէջ կախելու համար, որովհետեւ նկարի մէջ գոյներ կան, աւելի յարմար են գիները, եւ նկարը շատ տեղ չի գրաւեր կարծես, քան՝ քանդակ մը: Բայց կան քանդակի իրապէս սիրահարներ, որոնք կը գերադասեն իրենց տան մէջ ոնենալ արուեստի գործ-քանդակ: Ես կը ճանչնամ շատ մարդիկ, որոնք տարիներով կը հաւաքեն քանդակներ, իրենց տան կամ աշխատավայրին մէջ: Անշուշտ, կայ ընդհանուր խաւ մը, որ կը գնահատէ երկուքը՝ հաւասարապէս, բայց քանդակը աւելի ծաւալային ստեղծագործութիւն է, ան յատուկ պայմաններ կը պահանջէ` ցուցադրութեան, ընկալման համար: Եթէ մարդը գունագեղութիւն կը նախընտրէ, ան բնականաբար կ՚երթայ դէպի գեղանկարը եւ գեղանկար կը գնէ: Բայց ես մարդոց խորհուրդ կու տամ՝ երբեք չխաբուիլ գոյներէն, շատ յաճախ պաղ, անգոյն թուացող մետաղի միջոցաւ շատ աւելին կարելի է ըսել, հասկցնել, քան՝ ըսենք գրաւիչ գոյներով նկարով մը: Կեանքի մէջ նոյնպէս այդպէս է. մարդիկ կը փարին այն ամէն ինչին, որ գունագեղ է, շքեղ է, աչքի կը զարնէ եւ ընդունուած է… Բայց անոնց մէջ միշտ չէ, որ ներքին իմաստ մը կ՚ըլլայ: Ես կը փնտռեմ ներքին իմաստ, ատիկա է, որ մնայուն է, եւ առանց ներքին խորքի եւ ներքին իմաստի, արտաքինը անիմաստ կը դառնայ եւ կը խամրի: Ես կը հաւատամ հոգիի եւ մարմնի ներդաշնակութեան եւ այդ ներքին իմաստն ալ կը դնեմ իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ: Կը փափաքիմ նաեւ օր մը պոլսահայ արուեստասէրը ծանօթանայ իմ գործերուս։ Լսած եմ, որ հոն ալ կան արուեստասէր, բարձր ճաշակ ունեցող եւ գեղեցիկն ու կերտուածքը գնահատող մարդիկ: Առիթով մը կ՚արժէ անպայման Պոլիս երթալ եւ հոն ցուցադրուիլ: Մանաւանդ, որ իմ գործերս համամարդկային նիւթեր եւ համամարդկային գաղափարներ կ՚արտայայտեն, ուրեմն կրնան նաեւ ոչ-հայերն ալ հետաքրքրել: Արուեստը գնահատող, արուեստի համար ճամբաներ բացող մարդը ազգութիւն, քաղաքական ու կրօնական ոչ մէկ դաւանանք ունի, ան ամէն երկրի մէջ ալ նոյնն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ