ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչ եւ «Ամալ» կուսակցութեան քաղաքական դիւանի ատենապետ Շէյխ Հասան Նասրի՝ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նապիհ Պըրիի եւ «Ամալ» կուսակցութեան բարեմաղթութիւնները:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առընչուած հարցեր: Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Լիբանանը շրջանային հարցերէն հեռու պահելու, նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու եւ կառավարութեան ժողովական կեանքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: