ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ պատահած ահաբեկչական յարձակումէն վերջ Թուրքիա կը շարունակէ իրականացնել ազդու գործողութիւններ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը Սուլթանահմէտի դէպքէն ի վեր տուած է ծանր կորուստներ։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտարարեց, թէ ահաբեկչական պայթումի պատահած պահէն սկսեալ Թուրք զինեալ ուժերուն տրուած հրահանգին վրայ, շուրջ երկու օրուան ընթացքին ԻՇԻՊ-ի դիրքերուն վրայ կատարուած է շուրջ հինգ հարիւր յարձակում։ Այս գործողութիւններու արդիւնքին ԻՇԻՊ-ի շարքերէն շուրջ երկու հարիւր ահաբեկիչներ չէզոքացուած են։ Այդ գործողութիւնները ԻՇԻՊ-ի դէմ իրականացուած են թէ՛ Իրաքի եւ թէ Սուրիոյ տարածքէն ներս։
Անգարայի մէջ կազմակերպուած 8-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովին շրջագծով, Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ ունեցած ելոյթին ընթացքին Տավուտօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիոյ դէմ գործուելիք արարքներուն պատիժը պիտի տրուի բազմապատկուած ձեւով։
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թոմաս Տը Մայցիէր, որ Սուլթանահմէտի պայթումէն վերջ այցելած էր Իսթանպուլ՝ յայտնեց, որ յարձակումը իրագործած «կենդանի ռումբ»ին ինքնութիւնը տակաւին չէ յստակացած։