ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՓՈՓՈԽ
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը անփոփոխ կը մնայ 1915-ի շուրջ։ Ամերիկացի դեսպանը, որ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է «Սապահ» օրաթերթի Անգարայի ներկայացուցիչ Օքան Միւտերրիսօղլուին, անդրադարձած է նաեւ հայկական հարցին։ Իրեն հարց տրուած է, թէ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա արդեօք կը փոխէ՞ 1915-ի դէպքերու վերաբերեալ դիրքորոշումը՝ իր պաշտօնավարութեան եզրափակիչ շրջանին։ Ի պատասխան Ճոն Պեսս ըսած է հետեւեալը.
«Ես ի վիճակի չեմ ենթադրելու, թէ նախագահը կամ Գոնկրէսը ի՛նչ կրնան ըսել, սակայն մեր քաղաքականութիւնը չէ փոխուած։ 1915-ին ապրուածներուն շուրջ ծաւալուն ձեւով խօսակցութիւնները, մեր համոզմամբ, թէ՛ այս երկրին եւ թէ հարեւան երկիրներու քաղաքացիներուն, նաեւ տարածքաշրջանի շահերուն կը նպաստեն։ Բայց եւ այնպէս, սա միայն պատմութեան վերաբերեալ հարց մը չէ ու կարեւոր կը նկատեմ յիշեցնել, թէ ներկայի եւ ապագայի վերաբերեալ նիւթ մըն է»։