ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան շքեղ երեկոյթով մը ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի երաժիշտ Օննօ Թունչ։ Քաղաքապետարանի հովանաւորութեան տակ գործող «Լէյլա Կէնճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ, Օննօ Թունչի մահուան 20-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազում արուեստագէտներ եւ ծանօթ դէմքեր։
Ձեռնարկի յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ Վարդանանց երգչախումբը՝ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ։ Ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճին մէջ երգչախումբը խոր տպաւորութիւն գործեց երաժշտասէրներուն վրայ։
Իզզէթ Էօզի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ ձեռնարկին յայտագիրը, որու ընթացքին հանդէս եկան նաեւ շարք մը ծանօթ անուններ. ինչպէս՝ Պիւլենտ Օրթաչկիլ, Շելալէ Շեհնազ Սամ, Ահմէտ Սելչուք Իլքան, Այսուն-Ալի Քոճաթեփէ, Ալեքս Թաթարեան եւ այլք։ Ձեռնարկի հրաւիրեալներու կարգին կը գտնուէին նաեւ Հայկարամ Թաթարեան (Հայքօ), Անի Իփէքքայա, Անթա Թորոս, Րաֆֆի Փորթագալ եւ այլք։
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթներով հանդէս եկան Պիւլենտ Քերիմօղլու եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որոնք յարգանքով ոգեկոչեցին Օննօ Թունչը եւ գնահատեցին ձեռնարկին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։ Անոնք փոխանակեցին նաեւ յուշանուէրներ, մինչ քաղաքապետ Քերիմօղլու յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ ծրագրին մասնակցութիւն բերած բոլոր արուեստագէտներուն։