ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր խոստացաւ աշխոյժ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, որ Շթայնմայէր անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի մօտ գերմանական նախագահութեան շրջանի սկսելուն։ Ան համոզուած է, թէ Գերմանիա ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը կը ստանձնէ բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ, անհրաժեշտ է, որ ԵԱՀԿ դառնայ հարթակ մը՝ երկխօսութիւն եւ վստահութիւն ստեղծելու համար։ Շթայնմայէրի խօսքերով՝ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան Ուքրայնոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի գործունէութիւնը եւ իրավիճակի դիտարկման գծով առաքելութեան ուժեղացումը։ «Մենք նաեւ պիտի մասնակցինք Լեռնային Ղարաբաղի, Մերձտնեստրի եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու լուծման ու պիտի աշխուժացնենք տեղւոյն վրայ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւններուն աշխատանքը», ըսաւ Շթայնմայէր։
1 Յունուար 2016 թուականի դրութեամբ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը Սերպիայէն անցաւ Գերմանիոյ։ Նախնթաց օր, Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի նիստին, որու ընթացքին ներկայացուց գերմանական նախագահութեան ծրագիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին առջեւ ունեցած ելոյթին ընթացքին Շթայնմայէր շեշտեց, որ պէտք է աշխուժացնել Լեռնային Ղարաբաղի լուծման ուղղեալ ջանքերը։ Ներկայիս շփման գծին վրայ առկայ լարուածութեան թուլացումը առաջնահերթ նպատակ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի տեսանկիւնէն։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ Գերմանիա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ պետութիւն, իր ջանքերը պիտի գործադրէ աջակցելու համար Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ հակամարտութեան համար միաւորուած լուծում մը գտնելու նպատակով։ Այս ձգտումները պէտք է աշխուժացնել։ Մենք մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք հայ-ազէրի սահմանին եւ հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ։ Լարուածային թուլացումը կը մնայ առաջնային նպատակ, այս պատճառով մենք կ՚աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ հրադադարի դրութեան խախտման հետաքննութեան դրութիւններ մշակելու հարցին մէջ», ըսաւ ան։
ՈՒՈՐԼԻՔԻ ԼՈՆՏՈՆ ԱՅՑԸ
Իր կարգին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքն ալ վերջին օրերուն Լոնտոն կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկտընի հետ։ Ուորլիք եւ Լիտինկտըն այս առթիւ խորհրդակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը։ Ամերիկացի համանախագահը տեղեկացուց, թէ քննարկումը անցած է յաջող։
Լոնտոնի մէջ Ճէյմս Ուորլիք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները քննարկեց նաեւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրինութիւններու ղեկավար Մայքըլ Թեթհէմի հետ։ Բաց աստի, ան կլոր սեղանի մը մասնակցեցաւ՝ տարածքաշրջանի գծով մասնագէտներու, ակադեմական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու, հասարակական գործիչներու եւ կառավարական շրջանակներէ դէմքերու հետ՝ նոյնպէս քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Հարկ է նշել, որ Ճէյմս Ուորլիքի Լոնտոն այցելութիւնը յաջորդեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մօտ տեղի ունեցած փակ քննարկման։ Հարկ է նշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ այդ դռնփակ քննարկման մասնակցած էր նաեւ Ճէյմս Ուորլիք։
ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս տեղի ունեցած այս հանդիպման զուգահեռ՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջագծով բռնութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Ան կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին՝ որպէսզի արագացուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքաշրջանէն ներս բռնութիւնը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հասած է իր գագաթնակէտին։ Միայն վերջին ամսուան ընթացքին մենք լսած ենք ծանր սպառազինութեան յարձակման եւ հրասայլերու կրակի մասին, ինչ որ հրադադարի բացայայտ խախտում մըն է։ Որպէս դեսպան՝ Ճէյմս Ուորլիք կը նշէ, որ սա սառեցեալ հակամարտութիւն մը չէ, այլ մոռցուած հակամարտութիւն մը, վերահսկողութենէ դուրս գալու մեծ ռիսքով մը։ Ահա թէ ինչու մենք բոլորս ունինք բոլոր դիպուկահարները հեռացնելու, արտասահմանէն աւելի շատ դիտորդներ տեղակայելու կարիք։ Բռնութեան դրսեւորման երեւոյթները պէտք է դատապարտուին», նշեց Էտ Ռոյս, որու համոզմամբ վարչակազմը որքան արագ կարենայ օգնել խաղաղութեան համար, այնքան աւելի արագ ան օգնած պիտի ըլլայ նաեւ վերջ տալու սպանութիւններուն եւ կանխելու պատերազմը։
Հարկ է նշել, որ Էտ Ռոյս եւ գոնկրէսական Էլեըթ Էնկէլ միջոց մը առաջ առաջարկած էին երեք յստակ քայլեր, որոնք կրնան նպաստել տարածքաշրջանէ ներս բոլորին համար համապարփակ ու տեւական խաղաղութեան հաստատման։ Անոնց ներկայացուցած նամակին եւս ութսուն գոնկրէսականներ միացած էին իրենց ստորագրութիւններով։ Ռոյսի եւ Էնկէլի առաջարկները կը նախատեսեն՝ շփման գծին վրայ չտեղակայել դիպուկահարներ, ԵԱՀԿ-ի կողմէ վերահսկուող զարգացած կրակորսիչ համակարգեր եւ ձայնային սարքաւորումներ տեղակայել՝ յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համեր եւ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներ տեղակայել՝ շփման գծին վրայ հրադադարի խախտումներու դէպքերը աւելի լաւ վերահսկելու համար։
ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ
Դիւանագիտական հարթութեան վրայ ապրուած այս բոլոր իրադարձութիւններով հանդերձ, հայ-ազէրի սահմանին վրայ բռնութեան դէպքերը կը շարունակուին անընդհատ։ Նախորդ գիշեր հայ-ազէրի զօրքերու շփման գծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէն կատարուեցան յարձակումներ։ Արցախի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զօրքերը իրականացուցին նաեւ ներթափանցման փորձ։ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կանխեցին այս հետախուզական յարձակումը, առանց կորուստներ տալու։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու մատուցած տուեալներով, երկու ազէրի զինուորներ զոհ գացած են այս բախումներուն։
Առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, թէ 2016 թուականի դրութեամբ բանակցային գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի ներկայացուած հիմնական առաջարկն է՝ սահմանային դէպքերու հետաքննութեան դրութեան ստեղծումը։ Փոխ-նախարարը մեկնաբանեց նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս հանդիպումները կը կրեն զուտ ձեւական բնոյթ։ Շաւարշ Քոչարեանի խօսքերով, սա արդէն բաւարար է հասկնալու վերաբերմունքը թէ՛ համանախագահներուն եւ թէ կարգաւորման սկզբունքներուն նկատմամբ։ Այս իսկ պատճառով կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց չ՚արձանագրուիր տարիներէ ի վեր, որքան որ ալ միջնորդները ջանան նման հանդիպումներ կազմակերպել հնարաւորինս յաճախակիօրէն։ Գիտակցելով, որ կողմերէն մէկը՝ Ատրպէյճան, ըստ էութեան, բանակցութիւններու քօղին ներքեւ կը շարունակէ ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, առաջարկները կեդրոնացած են այն սկզբունքին վրայ, որ սահմանին եւ շփման գծին վրայ դէպքերու հետաքննութեան դրութիւններ անհրաժեշտ են՝ համապատասխան սարքաւորումներու գոյութեամբ։ «Սա կը նշանակէ, որ միջնորդները անհանգստացած են ու կը փորձեն նոր ուղիներ առաջարկել։ Եթէ մենք յաջողութեան չհասնինք, վաղ թէ ուշ այլ մօտեցում մը պիտի հասուննայ՝ կամ Ատրպէյճանին հարկադրելու եւ կամ ալ ուղղակի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման համար գործընթաց մը ստեղծելու ուղղութեամբ», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։
Միւս կողմէ, «Կովկաս» կաճառի տնօրէն Ալեքսանտր Իսկանտարեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի համար վերածուած է երկրորդական խնդրի մը։ Ներկայ դրութեամբ այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի տնտեսական ճգնաժամը։ Ըստ քաղաքական վերլուծաբանին, թէեւ հակամարտութեան կարգաւորումը առաջնային չէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ Պաքուի մէջ կը հասկնան պատերազմի վերսկսման սպառնալիքի լուրջ միջոց մը ըլլալը ու կ՚օգտուին այդ մէկէն։ Իսկանտարեան ըսաւ. «Ատրպէյճան այս պահուն Ղարաբաղի ժամանակը չունի։ Հակամարտութեան կարգաւորումը Պաքուի համար այլեւս առաջնային խնդիր մը չէ։ Սակայն զուգահեռաբար, պատերազմական սպառնալիքը լուրջ միջոց մըն է եւ Ալիեւ կ՚օգտուի այդ մէկէն։ Ի հարկէ, սահմանին վրայ լարուածութիւնը չի դադրեցուիր ու նոյնիսկ չի թուլանար։ Ռազմական հռետորաբանութիւնն ալ պիտի շարունակուի աւելի բարձր մակարդակով, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է հասկնալ, որ սա կը յանգեցնէ երկրի դրամներու նուազման։ Ակնյայտ է միակ բան մը՝ Ատրպէյճան պիտի չդիմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու»։ Ան համոզուած է, թէ նաւթի գիներու անկման մթնոլորտին մէջ Արեւմուտքը կրնայ ճնշել Ատրպէյճանի վրայ, ուր կրնայ տեղի ունենալ ընկերային պայթում մը։
Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեանն ալ յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ պէտք է ըլլայ Պաքուի մէջ այլ ուժերու իշխանութեան գլուխ գալու հաւանականութեան։