«ԷՍԱԵԱՆ»Ի ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ
Անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ Էսաեան վարժարանը մեր ամենակարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է։ Էսաեան վարժարանը հանդիսացած է իրական կրթական օճախ մը, ինչպէս նաեւ մշակութային անդաստան մը եւ լոյսի կեդրոն մը՝ հայ տունին, հայ ընտանիքին համար։ Այս օճախէն խանդ եւ լոյս կը ստանան բազմաթիւ մանուկ զաւակներ, երիտասարդներ, զարգացումի եւ մտային պաշարի այս ամբարանոցին մէջ։ Մատղաշ հոգիներ կ՚ազնուանան եւ դեռատի միտքեր կը զարգանան հոս, ինչպէս ներկայիս, նոյնպէս անցեալի մէջ մշակուած, զօրացած են սերունդներ։
Մարդկային կեանքին մէջ, կրթութեան եւ դաստիարակութեան շրջանը՝ ապագայ մարդուն կազմաւորման եւ հաստատման համար կարեւոր շրջան մըն է, քանի որ հոն է որ մարդկային հոգեւոր ու մտային շէնքին հիմնադրութիւնը կը կատարուի, եւ եթէ հաստատ է այդ հիմնադրութիւնը՝ ապագան կը լուսաւորուի եւ հոն կը բողբոջի հոգին ու միտքը եւ կ՚ըլլայ բարի ու ճշմարիտ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ «մա՛րդ»ը, որ հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին։
Մշակուած միտքը խորացած, զօրացած, բարձրացած միտքն է, իսկ ազնիւ հոգին՝ կոչումին հաւատիմ, խոնարհ ու համե՛ստը։ Մշակուած միտքը եւ ազնիւ հոգին է, որ գիտակցութիւնը կ՚ունենայ իր բո՛ւն կոչումին եւ անոր անփոխարինելի արժէքին։ Եւ այն կրթական հաստատութիւնը, որ գիտակից է իր պատմական ու պատուական պատասխանատուութեան, ան կրնա՛յ կերտել ապագայի շէնքը, ան կրնա՛յ կառուցանել լուսաւոր եւ ամուր սերունդներ։ Ուստի «վարժարան»ը շարունակութիւնն է ընտանեկան սիրոյ հնոցին՝ ուր արդէն իր առաջին դաստիարակութիւնը կ՚առնէ մանուկը։ Այս իմաստով, վարժարանը, ընտանիքին աւելի կազմակերպուած, աւելի մասնագիտացած եւ արհեստավարժ դարձած ընկերային միութիւնն է, կերպով մը կը յղկէ, կը կոկէ եւ աւելի եւս օգտագործելիի կը վերածէ ընտանիքին տուած նախնական եւ նաեւ՝ հիմնական դաստիարակութիւնը։ Վարժարանը փայլը կ՚աւելցնէ ընտանեկան կրթութեան։ Եւ այս համոզումով եւ անկեղծ նուիրականութեամբ է որ վարժարանը կը հասնի իր նպատակին, որ է «մարդ հասցնել»՝ ապագան կերտել…։
Ահաւասիկ Էսաեան վարժարանն ալ, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ եւ ներկան կ՚ապացուցանէ՝ իր կոչումին գիտակցութեանը մէջ հասցուցած է սերունդներ, կազմած է ապագաներ եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հաստատամտօրէն։
Երանի՜ Էսաեան վարժարանի հիմնադիրներուն, որոնք հաւաքականութեան հանդէպ իրենց լուսամիտ պատրաստակամութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հիմնեցին վարժարանը։
Յովհաննէս Էսաեան (1841-1900) եւ Մկրտիչ Էսաեան (1843-1921) եղբայրներ հիմնած են վարժարանը՝ որ 1895-էն ի վեր կը շարունակէ իր կրթական ու մշակութեային առաքելութիւնը, ծառայելով սերունդներու։
Մենք, հոս կ՚ուզենք Էսաեան վարժարանը անգամ մըն ալ ներկայացնել իր արժանաւոր սաներէն երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի տողերով, որ գրի առնուած է 2005 թուականին՝ Վարժարանի հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձին առիթով։
ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄԸ
Աննիկ Գալփաքճեան
1895 թուականը անմոռանալի թուական մըն է Պոլսոյ հայ կրթական կեանքին համար, քանի որ այդ թուականին, առաջին անգամ, հայ մանուկներու առջեւ բացուեցաւ Էսաեան վարժարանի դռները՝ որոնք բաց կը մնան մինչեւ այսօր, 110 տարիներէ ի վեր։
Նոր շունչ մը, նոր ոգի մը կրթական եւ անշուշտ մշակութային կեանքէն ներս, եւ ուր ի՜նչ դաստիարակներ, ի՜նչ ուսուցիչներ յաւերժացան՝ յաւերժացնելով այս կրթական օճախը։ Էսաեան վարժարանի մէջ հասան արժէքներ՝ որոնք օգտակար տարրեր հանդիսացան մարդկութեան. զարգացան եւ հետեւելով իրենց նուիրական դաստիարակներուն օրինակին, իբրեւ ուսուցիչներ, կրթական մշակներ յաւերժացուցին Էսաեանը, հասցնելով նաեւ նոր սերունդներ։
Ահաւասի՛կ այս է յաւերժութեան մարմ-նացումը, ա՛յս է յաւերժութեան տեսանելիի եւ շօշափելիի դառնալը, եւ այս է գաղափարականին իրագործուիլը։
Այո՛, Էսաեան վարժարանը յաւերժութեան մարմնացումն է, որ 110 տարիներու անխարդախ ու իրական վկայութիւ-նը լիովին կ՚ապացուցանէ եւ կը փաստէ այս անուրանալի իրողութիւնը։
Վստահ եմ, որ Էսաեան վարժարանը, իր 110-ամեակին, անայլայլելի ու ամբիծ հաւատքով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը յաւերժութեան այս ճանապարհին վրայ, համընթաց լեզուին եւ մշակոյթին՝ աւելի եռանդուն եւ ոգեւոր, հետզհետէ արագացնելով իր քայլերը՝ Հայ Գիրերու գիւտին 1600-ամեակին, որպէս մշակոյթին եւ լեզուին հարազատ ու ճշմարիտ ներկայացուցիչներէն մէկը եւ հարկաւորը։
Յաճախ կը կրկնեմ.
Էսայանցի ըլլալը թերեւս բախտ մըն է, բայց Էսաեանցի մնալը՝ պատի՛ւ։
2005
Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան կ՚ըսէ, թէ՝ «Տո՛ւն մըն է վարժարանը, աւելի ընդարձակ տարողութեամբ եւ բովանդակութեամբ. Երամը մանուկներուն, ընտանեկան բոյնին մէջ առաջին դասն առած, թռիչք կ՚առնէ հոն»։
Ուրեմն, երբ ոմանք ընտանիքին համար կ՚ըսեն, թէ՝ տունը առտնին աղօթատեղի մը՝ եկեղեցի մըն է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ ընտանիքը չըլլայ նաեւ առտնին դպրոց մը՝ ուր կը հասնի ապագայ «մարդ»ը ընտանեկան կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ։
Այս մտածումներով է, որ կ՚ողջունենք Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 121-րդ տարեդարձը, եւ կը մաղթենք որ ան նոյն շունչով եւ ոգիով շարունակէ իր նուիրական ու սրբազան առաքելութիւնը՝ հասցնելով հոգիով առողջ ու միտքով զարգացած եւ մշակուած սերունդներ լոյս ապագայի մը մէջ։
Շնորհաւոր ըլլայ Էսաեան վարժարանի 121-րդ տարեդարձը բոլոր էսաեանցիներուն եւ նաեւ կրթասէր ու մշակութասէր ազնիւ հասարակութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 15, 2016, Իսթանպուլ