ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՒԱԾ ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՕՂՈՒԶ ՍԱՎԱՇ ԵՒ ՍԵՐՀԱՏ ՉԵԹԻՆ ԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՇԻՇԼԻ ԱԿՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի դասընթացքին մասնակից փոքրիկները երէկ ապրեցան յատկանշական օր մը։ Պաքըրգիւղի մէջ, Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս, «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճի երդիքին տակ անոնք պիտի իրականացնէին իրենց հերթական պարապմունքը։ Սակայն, երէկուան սովորական օրը իրենց տեսանկիւնէն արտասովոր նշանակութիւն ունեցաւ։ Արդարեւ, իրենց այցելութեան փութացին Թուրքիոյ պասքեթպոլի հաւաքականի երկու համակրելի աստղերը՝ Օղուզ Սավաշ եւ Սերհատ Չեթին, որոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան շիշլիցիներուն կողմէ։ Նորակառոյց դպրոցական համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճին մէջ Օղուզ Սավաշ եւ Սերհատ Չեթին անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրուցեցին շիշլիցի փոքրիկներուն հետ։ Զրոյցը վարեց աւագ մարզիչ Մուրատ Պիւյիւքմեթէ։
Այս հաճելի օրուան ի յիշատակ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք յուշանուէր մը եւ մարզաշապիկ մը յանձնեց Օղուզ Սավաշին։ Նոյնպէս, վարչայիններէն Զարեհ Քարաքաշըն ալ յուշանուէր մը եւ մարզաշապիկ մը յանձնեց Սերհատ Չեթինին։
Պասքեթպոլի հաւաքականի երկու աստղերը այցելութեան եզրափակիչ փուլին մարզադահլիճին մէջ մէկտեղուեցան շիշլիցի պատանիներուն հետ, անոնց հետ միջոց մը պասքեթպոլ խաղացին ու հրաժեշտ առին՝ բոլորին վրայ վառ տպաւորութիւն գործած ըլլալով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024